Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Նոյեմբեր 11, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցական
Ընտանիքներու Քարտուղարներու Տարեկան Համագումարին

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ 30 հոկտեմբերէն 3 նոյեմբեր 2023, Պոսէի էքիւմենիք հիմնարկին եւ Ժընեւի էքիւմենիք կեդրոնին մէջ: Այս ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ` Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեանը:

Իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ հայր Հրանդ առաւելաբար կեդրոնացաւ Արցախի հարցին` դիտել տալով, որ Արցախի ցեղային զտման վտանքին առնչուած միջազգային մամուլի արձագանգները եւ արտայայտուած պոռթկումները անբաւարար էին: Ան ընդգծեց, որ հակառակ բանաւոր դատապարտումներուն` միջազգային պատկան մարմինները որեւէ մէկ քայլ չառին դադրեցնելու համար մարդկային իրաւունքներու խախտումները:

Ան նաեւ նշեց, որ անընդունելի է պատճառաբանել, թէ տեղի ունեցող այլ պատերազմները «յոգնեցուցած էին» հաւաքականութիւնը, երբ ամբողջ Արցախի բնիկ ժողովուրդը 3 հոկտեմբեր 2023-ին արմատախիլ եղաւ իր հայրենիքէն: Աւելի՛ն. ատկէ քանի մը օր ետք բռնկած Կազայի պատերազմին նման «յոգնածութեան» խնդիր մը սեղանի վրայ չդրուեցաւ, այլ ստացաւ մամուլի պատշաճ արձագանգ: Այնուհետեւ հայր սուրբը դատապարտեց միջազգային լրատուամիջոցներու լռութիւնը նաեւ այլ պատերազմներու ու մարդկային իրաւունքներու խախտումներու, ինչպէս ափրիկեան շատ մը երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտերուն, Սուրիոյ պատերազմի 12-րդ տարուան եւ Լիբանանի չորս տարուան ահաւոր տագնապներուն: Ան ըսաւ, որ ինչպէս բոլոր բարի կամեցութեան տէր մարդիկ կը դաւանին, նման բռնութիւններու մէջ ապրող բոլոր մարդոց նեցուկ կանգնելով միայն կարելի է հասնիլ խաղաղութեան եւ արդարութեան:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը, որ ներկայ էր համաժողովին, ԵՀԽ-ի ամբողջական նեցուկը արտայայտեց արցախահայութեան եւ անոր արդար դատին: Ի դէպ, ան Հայաստան կը գտնուէր, երբ սկիզբ առաւ Արցախի ցեղային զտման վերջին փուլը եւ ընկերային ցանցերու իր անձնական հաշիւէն ուղղակիօրէն սփռած էր իրմէ քանի մը քիլոմեթր անդին տեղի ունեցած ռմբակոծումները:  Այդ սփռումը օգտագործուած էր միջազգային կարգ մը լրատու գործակալութիւններու կողմէն:

Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած 120 հազար արցախահայութեան իրավիճակին մասին եւ ընդգծեց անոնց նուազագոյն իրաւունքները: Ան մերժեց Ազրպէյճանի հաստատումները, որ իբր թէ վերջինս կ՛ողջունէ հայերուն Ազրպէյճանի քաղաքացիներ դառնալը, կեղծիք մը, որուն ոչ մէկ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւն լրջօրէն կ՛անդրադառնայ, մինչ, զուգահեռաբար, Ալիեւի վարչակարգը կը սպառնայ պատերազմի նոր ճակատներ բանալ Հայաստանի դէմ:

Համագումարներու անդամները հետաքրքրուեցան ցեղասպան երկու համակարգերու շուքին տակ ապրող Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի ժողովուրդի տառապանքներուն եւ դժուարութիւններուն մասին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է որպէս եկեղեցիներ լաւագոյն կերպով բարձրաձայնել այս հարցը, հայր սուրբը կարեւորեց Հայաստանի մէջ, ի մասնաւորի` Սիւնիքի մէջ, դեսպանատուներ եւ հիւպատոսարաններ բանալը: Ան նշեց վերջերս Քանատական դեսպանատան բացումը, ինչպէս նաեւ` Եւրոպական Միութեան առաքելութեան Հայաստան հաստատուիլը, որ ինքնին ազդու խորհրդանշական յայտարարութիւն մըն է  ի պաշտպանութիւն տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ` Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքներու: Վերջապէս, ժողովը առաջնահերթութիւն տուաւ նաեւ բռնի տեղահանուածներուն օգնութիւն մատակարարելը. ժողովականները վստահեցուցին իրենց յանձնառութիւնը այս գծով:

Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը Մասնակցեցաւ
Միջկրօնական Համագումարի

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանը, յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, 6-7 նոյեմբեր 2023-ին մասնակցեցաւ Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական համագումարին:

Այս համագումարը կազմակերպուած էր Վատիկանի, ԱՄԷ-ի եւ Իսլամ բանասէրներու միութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ: Համագումարին նպատակն էր քննարկում կատարել Ապու Տապիի մէջ կայանալիք կենսոլորտին նուիրուած միջպետական հանդիպումին մասին` միջկրօնական տեսանկիւնէն դիտուած:

Համագումարին ներկայ գտնուած կրօնապետները հակիրճ ելոյթներ ունեցան, իսկ աւարտին համագումարը հանդէս եկաւ ընդհանուր յայտարարութեամբ:

Յայտնենք, որ Մեսրոպ սրբազանը այս առիթով հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը կրօնապետներու հետ:

 

Նախորդը

Փտածութեան Կղզեակը` Ազրպէյճան

Յաջորդը

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի. Նպատա՛կը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?