Գաղութային

ԶՈՄ-ԶՈԳ.  Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

ԶՈՄ-ԶՈԳ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

Կեանքը կը կերտենք մեր որոշումներով, եւ երբեմն այդ որոշումները կը կերտեն մեզ: Եթէ մենք ուրիշ որոշումներ տուած ըլլայինք, մեր ներկան շատ տարբեր կ՛ըլլար: Բոլորս շփոթութեան կը մատնուինք եւ կը կասկածինք մեր նախկին ու ներկայ որոշումներուն, կը փորձենք երազել, թէ որքա՜ն տարբեր կրնար ըլլալ մեր ապագան: Այնուամենայնիւ, մեր կարեւորագոյն որոշումներէն մէկը ասպարէզ ընտրելու որոշումն է: Այս որոշումը թէեւ դպրոցական հասակին է,...

ՀՅԴ «Իշխան» Կոմիտէ.  Մանուկներու Յատուկ Ձեռնարկ` Նոր Սիսի Շրջանի Մանուկներուն Եւ Պատանիներուն

ՀՅԴ «Իշխան» Կոմիտէ. Մանուկներու Յատուկ Ձեռնարկ` Նոր Սիսի Շրջանի Մանուկներուն Եւ Պատանիներուն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին, շաբաթ, 30 դեկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին  Նոր Սիսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ  «Աթայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան առիթով Կաղանդի հաւաք մը` շրջանի 3-12 տարեկան մանուկներու յատուկ: Հաւաքին ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Արազ Չերչեան, որ լուսարձակի տակ առաւ երկրին դժուար կացութիւնը ընդհանրապէս եւ շրջանին դիմագրաւած դժուարութիւնները` յատկապէս, ընդգծելով, որ եկեղեցին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական  Այցելութեամբ Ժամանեց Ապու Տապի

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Ժամանեց Ապու Տապի

Կիրակի, 21 յունուար 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Ապու Տապի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Տասը օրուան այս այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ Ապու Տապին, Տուպայը եւ Շարժան: Այս ընթացքին, վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, թեմական ու համայնքային զանազան մարմիններու ու կառոյցներու եւ միջեկեղեցական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու հետ: Ապու Տապիի օդակայանին մէջ վեհափառ հայրապետին պաշտօնական դիմաւորութեան ներկայ էին Արաբական Միացեալ...

Երեսփոխանական Գրասենեակ.  Յունուարէն Հոկտեմբեր 2021 Առողջապահական Օժանդակութիւն 844 Միլիոն Լիբ. Ոսկի, 642 Պարագայի

236 Ընտանիքներ Ստացան Ս. Ծնունդի Առիթով Օժանդակութեան Ծրարներ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, շարունակելով օժանդակութեան իր ծրագիրները, Երեսփոխանական գրասենեակը խիստ կարիքաւոր 236 ընտանիքներու բաժնեց սննդեղէնի ծրարներ` իբրեւ մասնակցութիւն մեր ժողովուրդի նուազ բարեկեցիկ պարագաներու դժուարութիւնները թեթեւցնելու ճիգին: Ընթացիկ աշխատանքները եւ մեր ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու աշխատանքը կը շարունակէ մնալ ներկայի մեր առաջնահերթութիւնը: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ գումարուած «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի երկօրեայ նիստերը (19-20 յունուար 2024) հասան իրենց աւարտին: Առկայ հարթակը, որ մինչ այժմ ունեցած է առցանց եօթը նիստեր, ներառած էր հայկական առումով ընդլայնուած աշխարհագրութիւն. արդարեւ, Հայաստանէն, Արցախէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, հարաւային Ամերիկայէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն եւ Լիբանանէն պատմաբաններ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ երկօրեայ նիստերով քննարկեցին «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները» նիւթին...

Շնորհահանդէս` Դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանի Եռահատորին

Շնորհահանդէս` Դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանի Եռահատորին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 19 յունուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանի եռահատորին շնորհահանդէսը: Ներկայ էին լիբանանահայ հոգեւոր, քաղաքական, կուսակցական եւ միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Վերլուծման եւ իրազեկման հարթակի անդամները եւ հոծ բազմութիւն մը: «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին անունով բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան, գլխաւոր բանախօսն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի  Եւ Քաթարի Դեսպանները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Եւ Քաթարի Դեսպանները

Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին յաջորդաբար այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ Քաթարի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպանուհի Ֆարահ Պըրրի: Դեսպան Աթաբէկեանի հետ կայացած հանդիպման խօսակցութեան առանցքը դարձան հայրենիքը դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները եւ ընդհանրապէս շրջանը յուզող հարցերը: Վեհափառ հայրապետը եւ դեսպանուհի Պըրրի անդրադարձան անցնող շաբթուան ընթացքին վեհափառ հայրապետին Քաթար կատարած այցելութեան եւ վարչապետին...

Անթիլիասի Մէջ Ընթացք Առաւ «Հայկական Աշխարհը Եւ Տարածաշրջանային Վերջին Իրադարձութիւնները» Թեմայով Խորհրդաժողովը

Անթիլիասի Մէջ Ընթացք Առաւ «Հայկական Աշխարհը Եւ Տարածաշրջանային Վերջին Իրադարձութիւնները» Թեմայով Խորհրդաժողովը

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին, ուրբաթ, 19 յունուար 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Վերլուծման եւ իրազեկման հարթակին (ՎԻՀ) «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները» խորագիրով խորհրդաժողովը: Երկօրեայ խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Ազրպէյճանի ոչնչացման քաղաքականութիւնը դիմակայելու, արցախահայութեան եւ ռազմագերիներու ու առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան տունդարձի, տարածաշրջանային քաղաքական իրադարձութիւններու եւ Արցախի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման առնչուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Աֆրամ Բ.  Պատրիարքին Միջեւ Հանդիպում` Անթիլիասի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Միջեւ Հանդիպում` Անթիլիասի Մէջ

Հինգշաբթի, 18 յունուար 2024-ին,  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը կայացաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպումին պատրիարքին կողքին ներկայ էին Պէյրութի առաջնորդ Դանիէլ արք. Քուրիէն եւ պատրիարքի օգնական Ժոզեֆ եպս. Պալին. իսկ վեհափառ հայրապետին կողքին` մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեանը եւ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանը: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու...

Հաղորդագրութիւն

Շնորհակալիք

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի մնայուն բարեկամներ` տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սոնիա Քուճաքեան, այս տարի եւս ճեմարանին նուիրեցին 50.000 ամ. տոլար` յատուկ ծրագիրի մը իրականացման նպատակով, իսկ 10.000 տոլար` անձնակազմին եւ ուսուցչական կազմին իբրեւ կաղանդի նուէր: Տէր եւ տիկին Գուճաքեանները իրենց սրտաբուխ նուէրներով մեզի կը պարգեւեն ուժ եւ քաջութիւն, որուն համար երախտապարտ ենք: ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ....

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Վարդան Քհնյ. Մարտիրոսեանի Աւագութեան Շնորհում

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Վարդան Քհնյ. Մարտիրոսեանի Աւագութեան Շնորհում

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 14 յունուար 2024-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան առաւօտեան ժամը 9:30-ին այցելեց Հայաշէն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա թափօրը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Յովհաննէս Մկրտիչի ծնողքի կեանքին մասին, թէ ինչպէ՛ս Երուսաղէմի մէջ կ՛ապրէր Զաքարիա...

Անթիլիաս Կը Ժամանեն Հայաստանէն, Արցախէն Եւ Սփիւռքէն Փորձագիտական Մարդուժի Ներկայացուցիչներ

Անթիլիաս Կը Ժամանեն Հայաստանէն, Արցախէն Եւ Սփիւռքէն Փորձագիտական Մարդուժի Ներկայացուցիչներ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին, ուրբաթ, 19 եւ շաբաթ, 20 յունուար 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները» նիւթով խորհրդաժողով: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետին հրաւէրով Անթիլիաս կը ժամանեն Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն եւ Զուիցերիայէն պատմագէտներ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Վերլուծման եւ իրազեկման հարթակը (ՎԻՀ), որ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պապական Նուիրակը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պապական Նուիրակը

Երկուշաբթի, 15 յունուար 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսին: Եպիսկոպոսը Ֆրանչիսկոս պապին եւ Վատիկանի միջեկեղեցական բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Քոխին կողմէ երկու նամակներ յանձնեց վեհափառ հայրապետին: Վեհափառ հայրապետին եւ պապական նուիրակին միջեւ կայացած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներ փոխանակելու Լիբանանի կացութեան եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան առնչուած վերջին զարգացումներուն մասին:

Ծանօթացման Հանդիպում-Ընդունելութիւն` ՀՅԴ «Աղբալեան» Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ

Ծանօթացման Հանդիպում-Ընդունելութիւն` ՀՅԴ «Աղբալեան» Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին, չորեքշաբթի, 10 յունուարի երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք-ընդունելութիւն` շրջանի պատկան մարմիններու, շրջանին մէջ բնակող ներկայ ու նախկին նախարարներու, երեսփոխաններու, ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, շրջանի թաղապետներու, տարբեր բնագաւառներու մասնագէտներու եւ գործիչներու, գործատէրերու եւ հոգեւորականներու յատուկ: Հանդիպումին սկիզբը ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը, որուն մէջ շուրջ 90-ի հասնող ներկայ հիւրերը ծանօթացան «Աղբալեան» կոմիտէին եւ ուղեկից...

Ս. Ծննդեան Համերգ` Ազգային Ազատ Հոսանքին Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ

Ս. Ծննդեան Համերգ` Ազգային Ազատ Հոսանքին Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ

Կազմակերպութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երեքշաբթի, 9 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան միացեալ համերգ: Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, կաթողիկէ հայոց Պէյրութի թեմի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ ծ. վրդ. Մուրատեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,...

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնը Տօնական Օրերը Անցուց Խանդավառութեամբ Եւ Օրհնաբեր Նախաձեռնութիւններով

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնը Տօնական Օրերը Անցուց Խանդավառութեամբ Եւ Օրհնաբեր Նախաձեռնութիւններով

Յատուկ խնամքի կարօտ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով ունեցան յիշատակելի օրեր` արժանանալով թէ՛ հոգեւոր պետերու, թէ՛ միութիւններու, եւ թէ անհատ բարեկամներու գոհունակութիւն ու ուրախութիւն սփռող գուրգուրանքի: Այցելութիւն` Արամ Ա. Վեհափառ Հօր Երեքշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց յատուկ խնամքի կարօտ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները, կեդրոնի տնօրէն, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի...

Վեհափառ Հայրապետին Ունեցած Հանդիպումները Քաթարի Մէջ

Վեհափառ Հայրապետին Ունեցած Հանդիպումները Քաթարի Մէջ

Պետական հրաւէրով կարճատեւ այցելութեամբ Տոհա (Քաթար) իր կեցութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց դեսպանատուներուն կատարած աշխատանքներուն: Այս այցելութիւնները առիթ հանդիսացան անդրադարձ կատարելու տուեալ երկրին առնչուած հարցերուն: Ապա, ընդառաջելով Անգլիոյ մէջ Քաթարի դեսպան Ֆահըտ Պըն Աթիէի հրաւէրին, վեհափառ հայրապետը անոր ճաշի հիւրը եղաւ: Յայտնենք, որ դեսպանը միշտ օգտակար հանդիսացած է հայ համայնքին:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քաթարի Վարչապետին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քաթարի Վարչապետին Հետ

Չորեքշաբթի, 10 յունուար 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը վարչապետարանին մէջ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի վարչապետ Մոհամատ Պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանիի հետ` ներկայութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի, Քաթարի մէջ Լիբանանի հիւպատոս Շանթ Վարդանեանի, թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեանի, Ս. Աթոռիս Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանի եւ...

«Ոսկեբերան Արզումանեան» Կրթական Հիմնադրամ  2022-2023 Տարեշրջան

Հաղորդագրութիւն

Այսու կը տեղեկացնենք, որ «Ոսկեբերան Արզումանեան կրթական ֆոնտ»-ը զանազան դիմումներ ստացաւ լիբանանահայ աշակերտներէ, որոնք հայկական վարժարաններ կը յաճախեն, ունին փայլուն նիշեր եւ տնտեսական ոչ բարւոք վիճակի մէջ կը գտնուին: Մարմինը արդէն իսկ կատարած է իր ընտրութիւնը եւ փայլուն աշակերտներուն յատկացուցած է կրթաթոշակները, որոնք իրենց գումարները ստացած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով: Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին: «ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ» ԿՐԹԱԿԱՆ ՖՈՆՏԻ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Քաթար` Պետութեան Հրաւէրով

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Քաթար` Պետութեան Հրաւէրով

Երեքշաբթի, 9 յունուար 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Տոհա (Քաթար)` պետութեան հրաւէրով: Եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ Քաթարի հայ գաղութին հետ: Յիշեալ այցելութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային...

Page 74 of 365 1 … 73 74 75 … 365

Արխիւներ