Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիաս Կը Ժամանեն Հայաստանէն, Արցախէն Եւ Սփիւռքէն Փորձագիտական Մարդուժի Ներկայացուցիչներ

January 17, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին, ուրբաթ, 19 եւ շաբաթ, 20 յունուար 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները» նիւթով խորհրդաժողով: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետին հրաւէրով Անթիլիաս կը ժամանեն Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն եւ Զուիցերիայէն պատմագէտներ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Վերլուծման եւ իրազեկման հարթակը (ՎԻՀ), որ յաջորդաբար ունեցած է 7 առցանց նիստեր, քննարկելու համար հայկական աշխարհի առնչուածութիւնը աշխարհաքաղաքական նորագոյն իրադարձութիւններուն, պիտի գումարէ առկայ խորհրդակցութիւններ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ:

ՎԻՀ-ի մասնակիցներն են` Հայաստանէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, դոկտ. Արմէն Մարուքեան, Արցախէն` դոկտ. Վահրամ Բալայեան, Միացեալ Նահանգներէն` դոկտ. Հրայր Պալեան, Հարաւային Ամերիկայէն` դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Ֆրանսայէն` Տիգրան Եկաւեան, Զուիցերիայէն` դոկտ. Վիգէն Չթըրեան, Լիբանանէն` դոկտ. Նորա Պայրագտարեան եւ Շահան Գանտահարեան: Խորհրդակցութիւններուն քարտուղարութիւնը ստանձնած է Ահարոն Շխրտըմեան:

Օրակարգին ներառուած են Ազրպէյճանի պատմութեան նենգափոխումները դիմակայելու, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի եւ անվտանգութեան երաշխաւորման իրաւական ուղիները որոնելու, տարածաշրջանային քաղաքական իրադարձութիւններու առնչութիւնները նախատեսելու, ռազմագերիներու եւ առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակման աշխատանքներու մասին ուղղութիւններ ճշդելու եւ Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար միջազգային ատեաններու յանձնառութիւնը ապահովելու առաջադրանքները:

Մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճգնաժամային փուլերէն մէկուն մէջ, հայրենիքի եւ սփիւռքի մասնագիտական այս համախմբումը երկօրեայ նիստերով պիտի քննարկէ համահայկական օրակարգերու մշակման համար ուղենիշներ ճշդող հրատապ խնդիրներ:

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Զգուշացնէ Պաքուն. «Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Որեւէ Խախտում Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Պաշտպանողականներ Եւ Մեղադրանքներ` Քաղաքական Մրցապայքարի Շրջագիծին Մէջ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.