Այսու կը տեղեկացնենք, որ «Ոսկեբերան Արզումանեան կրթական ֆոնտ»-ը զանազան դիմումներ ստացաւ լիբանանահայ աշակերտներէ, որոնք հայկական վարժարաններ կը յաճախեն, ունին փայլուն նիշեր եւ տնտեսական ոչ բարւոք վիճակի մէջ կը գտնուին: Մարմինը արդէն իսկ կատարած է իր ընտրութիւնը եւ փայլուն աշակերտներուն յատկացուցած է կրթաթոշակները, որոնք իրենց գումարները ստացած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով:
Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին:
«ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ»
ԿՐԹԱԿԱՆ ՖՈՆՏԻ ՅԱՆՁԱՆՁՈՂ ՄԱՐՄԻՆ