Հինգշաբթի, 18 յունուար 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը կայացաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպումին պատրիարքին կողքին ներկայ էին Պէյրութի առաջնորդ Դանիէլ արք. Քուրիէն եւ պատրիարքի օգնական Ժոզեֆ եպս. Պալին. իսկ վեհափառ հայրապետին կողքին` մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեանը եւ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանը:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու երկու եկեղեցիներու գործակցութեան, շարք մը միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող հանդիպումներու ու ծրագիրներու եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ տագնապներու առնչուած հարցեր:
Ապա, պատրիարքն ու ներկաները ճաշի հիւրը եղան վեհափառ հայրապետին:


