Գաղութային

Կազմակերպութեամբ Ազգային Ազատ Հոսանքին  Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին.  Ս. Ծննդեան Միացեալ Համերգ` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կազմակերպութեամբ Ազգային Ազատ Հոսանքին Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին. Ս. Ծննդեան Միացեալ Համերգ` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կազմակերպութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երեքշաբթի, 9 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան միացեալ համերգ: Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, կաթողիկէ հայոց Պէյրութի թեմի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ ծ. վրդ. Մուրատեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,...

Հաղորդագրութիւն  (Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հաղորդագրութիւնը` Թափօններու Թաղման Վայրին Մասին)

Հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կողմէ հրապարակուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Հիմնուելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կողմէ հրապարակուած բոլոր հաղորդագրութիւններուն եւ պաշտօնական նամակագրութեան վրայ, որոնք կը վերաբերէին Պէյրութի գետին պատճառած ողողումներուն եւ անոր պատճառներուն, քաղաքապետարանին համար կարեւոր է հանրութիւնը տեղեակ պահել հետեւեալին մասին. 1.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը նախարարութիւններն ու վարչութիւնները տեղեակ պահած է գետին դէմ գործուած ապօրինութիւններուն, զայն նեղցնող արգելքներուն, ինչպէս նաեւ անոր մէջ կուտակուած...

«Ազդակ»-ի Մատենաշարը Ամբողջացնելու Առաքելութեամբ

«Ազդակ»-ի Մատենաշարը Ամբողջացնելու Առաքելութեամբ

Ուրախութեամբ կ՛ուզենք տեղեկացնել, որ «Ազդակ»¬ի խմբագրութեան կոչին ընդառաջելով, մեր ընթերցողներէն Կարօ Պայթարեան թերթի գրադարանին նուիրեց «Ազդակ» մատենաշարի հրատարակած եւ այժմ անգտանելի գիրքերէն` Համաստեղի «Գիւղը» եւ Վազգէն Շուշանեանի «Մահուան առագաստը»: Այլ ընթերցողէ մըն ալ ստացանք Ժիւլ Մարիի «Խորհրդաւոր տունը» եւ Թէոտոր Տոստոեւսկիի «Ոճիր եւ պատիժ»¬ը: Նուիրատուներուն մեր շնորհակալութիւնը յայտնելէ ետք, կրկին կը յիշեցնենք մեր ընթերցողներուն, որ եթէ իրենց մօտ ունին յատկապէս...

Սուրբ Ծննդեան Պատարագին  Արամ Ա. Կաթողիկոս Պատգամեց.  «Դառնանք Քրիստոսի` Իբրեւ Անհատ Եւ Իբրեւ Ազգ,  Եւ Հաւատքի Զօրութեամբ Ըսենք` «Եկո՛ւր, Տէ՛ր Յիսուս»

Սուրբ Ծննդեան Պատարագին Արամ Ա. Կաթողիկոս Պատգամեց. «Դառնանք Քրիստոսի` Իբրեւ Անհատ Եւ Իբրեւ Ազգ, Եւ Հաւատքի Զօրութեամբ Ըսենք` «Եկո՛ւր, Տէ՛ր Յիսուս»

Շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին հայ եկեղեցին նշեց Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան, աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները: Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. Ծննդեան պատարագը մատոյց Արամ Ա. սրբազնագոյն հայրապետը: Վեհափառ հայրապետին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին   Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Շահան արք. Սարգիսեան: Ս. պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան շարքին ներկայ...

Ս. Ծննդեան Ս. Պատարագին.   «Աստուած Կը Կամենայ, Որ Մենք, Մեր Եկեղեցւոյ  Աւանդին Համաձայն, Մեր Հաւատքը Ապրինք  Մեր Հայրերուն Կուտակած Աւանդներով»  Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Ծննդեան Ս. Պատարագին. «Աստուած Կը Կամենայ, Որ Մենք, Մեր Եկեղեցւոյ Աւանդին Համաձայն, Մեր Հաւատքը Ապրինք Մեր Հայրերուն Կուտակած Աւանդներով» Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ սրբազանը բացատրեց, որ Աստուածայայտնութիւն կը կոչենք այս առիթը, որովհետեւ աստուածութեան երեք դէմքերը Յիսուսի մկրտութեան ժամանակ միատեղ յայտնուեցան: Ան մէջբերում կատարեց Յովհաննու աւետարանի 6-րդ գլուխէն, ուր ըսուած է. «Որովհետեւ Աստուած...

Հայկական Ս. Ծնունդին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Հայկական Ս. Ծնունդին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, հայկական Ս. Ծնունդին առիթով, ընկերային ցանցերուն վրայ արաբերէնով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ այն քրիստոնեաներուն, որոնք արեւելեան ծէսին կը հետեւին, մանաւանդ հարազատներուս` հայ առաքելական եւ հայ աւետարանական համայնքներուն մէջ»: Իսկ հայերէնով Յ. Բագրատունի գրեց. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Ծնունդը աւետի՛ս հայկականութեան վերածնունդի»:

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին.   Համազգայինի 95-Ամեակի Լիբանանի Հանդիսութեան Եզրափակիչ Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին. Համազգայինի 95-Ամեակի Լիբանանի Հանդիսութեան Եզրափակիչ Ձեռնարկ

Ուրբաթ, 29 դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 95-ամեակի Լիբանանի հանդիսութեան եզրափակիչ ձեռնարկը: Ներկայ էին` հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները, նախկին ու ներկայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, պետական պաշտօնեաներ, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու բարձրագոյն եւ Լիբանանի մարմիններու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմը,...

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին՝ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին՝ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ուրբաթ, 5 յունուար 2024-ին, Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ անոր հետ: Բնականաբար, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի հետ անմիջական կապ ունեցող հարցեր եւ յատկապէս Կազայի պատերազմին հետեւանքներն ու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը: Միքաթի կարեւորութեամբ շեշտեց Լիբանանի հայութեան դրական դերակատարութիւնը երկրին դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն լուծման գծով, եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց որեւէ...

«Արգիլուած Է Անձնատուր Ըլլալ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Արգիլուած Է Անձնատուր Ըլլալ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի 2 յունուար 2024-ին «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցաւ ունեցաւ Նոր տարուան իր առաջին հարցազրոյցը, զոր վարեց Հալա Հատտատ: Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Յ. Բագրատունի ողջունեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս անոնք, որոնք տեղահանուած են հարաւային սահմանագիծի իրենց բնակարաններէն եւ փոխադրուած Լիբանանի մէջ այլ վայրեր կամ լքած երկիրը եւ մեկնած դէպի այլ երկիրներ: Անցնող...

Արամ Ա. Կաթողիկոս  Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Հինգշաբթի, 4 յունուար 2024-ի առաւօտեան, Անթիլիասի իր գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նոր նշանակուած դեսպան Հերվէ Մակրոն: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Իսրայէլի կողմէ Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան առնչուած հարցեր, որոնց շուրջ տեղի ունեցաւ տեսակէտներու փոխանակում: Նկատի ունենալով, որ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ամանորի Պատգամը.  Համահայկական Նոր Ռազմավարութեամբ Եւ Ամուր Յանձնառութեամբ Դիմաւորենք Նոր Տարին

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ամանորի Պատգամը. Համահայկական Նոր Ռազմավարութեամբ Եւ Ամուր Յանձնառութեամբ Դիմաւորենք Նոր Տարին

Շուտով 2023 տարին կը դառնայ անցեալ ու մեր կեանքի հորիզոնին դիմաց կը բացուի Նոր տարին: Արդարեւ, ահաւոր յուսահատութեամբ ու խոր յուսախաբութեամբ լեցուն եղաւ անցնող տարին մեր ազգի կեանքին մէջ: Կ՛ապրինք աննախատեսելի վտանգներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Կը խարխափենք անորոշութեան մէջ: Մեր պատմութեան անցեալի ու ներկայի դառն փորձառութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ հարկ է վստահիլ մեր սեփական ուժին ու գործել` մղուած...

«Արգիլուած Է Անձնատուր Ըլլալ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Արգիլուած Է Անձնատուր Ըլլալ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրէ ետք «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր վարեց Հալա Հատտատ: Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ տեղական, շրջանային, միջազգային եւ հայկական իրադարձութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ այս դարաշրջանը գահավիժումի դարաշրջան է ամէն իմաստով, յատկապէս` մարդկային արժէքներու առումով: Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հաւանականութեան` յայտնելով,...

Լէյլաւանի Տօնածառի Լուսաւորում Եւ Տօնախմբութիւն

Լէյլաւանի Տօնածառի Լուսաւորում Եւ Տօնախմբութիւն

Երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2023-ին, ժամը 4:45-ին սկիզբ առաւ Լէյլաւանի Կաղանդի խրախճանքը: Լէյլաւանի վարչութեան անունով խօսք առաւ Անի Տուտաքլեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ յոյսով պիտի դիմաւորենք Նոր տարին, Լէյլաւանի տօնածառը պիտի լուսաւորենք, որպէսզի հեռանան մութն ու տագնապները, եւ մեր երեխաները ապրին խաղաղ պայմաններու մէջ: Ապա խօսք առաւ «Է. Ակնունի» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան: Ան բարի գալուստ...

Կաղանդի Տօնակատարութիւն Զահլէի Մէջ

Կաղանդի Տօնակատարութիւն Զահլէի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Զահլէի մասնաճիւղի վարչութեան եւ գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 30 դեկտեմբեր 2023-ին Կաղանդ պապան այցելեց Զահլէի «Հայ կեդրոն», ուր համախմբուած էին շրջանի փոքրիկները, որոնք խանդավառ ժամանակ անցուցին: Անոնք երգեցին, պարեցին, մասնակցեցան կազմակերպուած խաղերուն եւ ըմբոշխնեցին ուրախ տօնական մթնոլորտը: Ձեռնարկի վերջին բաժինով ՀՄԸՄ-ի սկաուտները ձեռային աշխատանքով զարդարեցին տօնածառը եւ նուիրեցին Արցախի փոքրիկներուն` մաղթելով, որ Արցախ վերստին ազատագրուի, եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արժանթինի  Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արժանթինի Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Հինգշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Արժանթինի նոր նշանակուած դեսպան Մարիա Վըրճինիան: Նկատի ունենալով, որ դեսպանի առաջին այցելութիւնն է կաթողիկոսարան, վեհափառ հայրապետը համապարփակ կերպով պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը: Հանդիպման քննարկումները ընդհանրապէս կեդրոնացան Լիբանանի քաղաքական կացութեան, շուտափոյթ նախագահական ընտրութեան կարեւորութեան, համայնքներու միջեւ համախոհութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ առաւել երկխօսութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութեան վրայ:...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Եւ ԼԵՄ-ի Նախաձեռնութիւնը` Ընդդէմ Թրքական Մշակութային Քարոզչութեան

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Եւ ԼԵՄ-ի Նախաձեռնութիւնը` Ընդդէմ Թրքական Մշակութային Քարոզչութեան

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի անդամները ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2023-ին  նախաձեռնութեամբ մը փորձեցին լուսարձակի տակ առնել Թուրքիոյ կողմէ ի գործ դրուած մշակութային ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս անոր ոճրային քաղաքականութիւնը: Արդարեւ, Թուրքիոյ դեսպանատան եւ «Yunus Emre» թրքական մշակութային կեդրոնին հովանաւորութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցած թուրք երգիչ եւ դաշնակահար Levent Gündüz եւ Metin Kiper-ի ելոյթին ԼԵՄ-ականներ եւ ԶՈՄ-ականներ, որոնք...

Բագրատունի Ընդունեց Եգիպտոսի Դեսպանութեան Ներկայացուցիչը

Բագրատունի Ընդունեց Եգիպտոսի Դեսպանութեան Ներկայացուցիչը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եգիպտոսի դեսպանատան դիւանագիտական կազմի փոխնախագահ դոկտ. Հանի Ապտըլրահման Խըտըրը: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին, եգիպտացի դիւանագէտը մօտէն ծանօթացաւ Լիբանանի հայութեան դերակատարութեան, ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական սկզբունքներուն ինչպէս նաեւ ներկայ տագնապէն դուրս գալու առաջադրանքներուն: Քննարկումի նիւթ դարձան Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, շրջապատի պետութեանց դիրքորոշումները, շրջանային միջպետական...

Անթիլիասի Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Հոգելոյս Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի  Թաղման Կարգը

Անթիլիասի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հոգելոյս Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի Թաղման Կարգը

17 դեկտեմբեր 2023-ին, Մոնրէալի (Քանատա) մէջ ի տէր հանգաւ Սուրէն արք. Գաթարոյեան, մեր ժողովուրդի զաւակներուն երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելէ ետք: Սուրէն արք. Գաթարոյեանի Տան կարգն ու վերջին օծումը կատարուեցաւ Մոնրէալի Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ, 21 դեկտեմբեր 2023-ին, օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ նախագահութեամբ ու ձեռամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի: Այս առիթով ընթերցուեցաւ վեհափառ հայրապետին ցաւակցագիրը, ուր...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին յիշատակը նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 24 դեկտեմբեր 2023-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ս. պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, մինչ ս. սեղանի սպասարկութիւնը կատարեց դպրեվանքի սարկաւագաց դասը: Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը կեդրոնացաւ Ս....

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Առիթով Հանդիսաւոր Ժամասացութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Առիթով Հանդիսաւոր Ժամասացութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի սարկաւագներուն, երկուշաբթի, 25 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց  եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ժամասացութիւն: Սրբազան հայրը իր քարոզին սկիզբը սրտագին ողջունեց թեմի սարկաւագները, կիսասարկաւագները, դպիր-դպրուհիները, նաեւ` բոլոր անոնք, որոնք իրենց կարողութեան չափով կը ծառայեն մեր եկեղեցիներուն: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Ս....

Page 75 of 365 1 … 74 75 76 … 365

Արխիւներ