Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանօթացման Հանդիպում-Ընդունելութիւն` ՀՅԴ «Աղբալեան» Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ

Յունուար 17, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին, չորեքշաբթի, 10 յունուարի երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք-ընդունելութիւն` շրջանի պատկան մարմիններու, շրջանին մէջ բնակող ներկայ ու նախկին նախարարներու, երեսփոխաններու, ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, շրջանի թաղապետներու, տարբեր բնագաւառներու մասնագէտներու եւ գործիչներու, գործատէրերու եւ հոգեւորականներու յատուկ:

Հանդիպումին սկիզբը ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը, որուն մէջ շուրջ 90-ի հասնող ներկայ հիւրերը ծանօթացան «Աղբալեան» կոմիտէին եւ ուղեկից միութիւններուն նախորդ տարուան բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ ծրագիրներուն:

«Աղբալեան» կոմիտէին անունով հիւրերը ողջունեց եւ անոնց ներկայութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան, որ ըսաւ, թէ այդ մտերմիկ հանդիպումը կազմակերպուած է մեկնելով այն իրականութենէն, որ Լիբանանի հայկական մարդուժը պէտք է համախմբել ու կազմակերպել, իսկ այդ մէկը ընելու առաջին քայլը ծանօթացումն է:

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառը 2024 տարին յայտարարեց «Հայ մարդուժի տարի»: Մարդուժ մը, որուն ներկայիս կարիքը կայ Հայաստանի եւ յատկապէս սփիւռքի մէջ: Պատմութիւնը եկաւ մեզի փաստելու, որ երբ մեր ազգը իր մարդուժին կը վստահի, յաջողութիւններով ու յաղթանակներով կը պսակուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք ցիրուցան եղած ազգը կրցաւ ինքզինք կազմակերպել, գոյատեւել եւ բարգաւաճիլ մարդուժի համախմբման շնորհիւ: Նոյնն էր պարագան նաեւ Հայաստանի, որ անկախացաւ Խորհրդային Միութեան լուծէն: Յակոբ Տէր Ղուկասեան շարունակեց, որ նոյն շունչով եւ կորովով սփիւռքի այդ մարդուժը նեցուկ կանգնեցաւ Արցախի ազատագրական առաջին կայծերուն, վերածեց զայն կրակի եւ մասնակից դարձաւ անոր անկախութեան ու հանրապետութեան ստեղծման:

«Այս նոյն մարդուժն է, որ շարունակեց ներդրումներ կատարել ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ` Արցախի ազատ, անկախ հանրապետութեան: Այդ ներդրումները եղան նիւթական, բարոյական կամ նոյնիսկ` «Դէպի Երկիր» կարգախօսի իրականացմամբ», ըսաւ ան` դիտել տալով, որ 44-օրեայ պատերազմը, յանձնուողական մօտեցումներն ու արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնը իր մայր հողէն, ինչպէս նաեւ օտար պետութիւններու կեցուածքները յուսալքեցին հայութիւնը:

Խօսելով «Աղբալեան» կոմիտէի այդ նախաձեռնութեան մասին` Յակոբ Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ անոր նպատակն է իրարու մօտեցնել շրջանի մարդուժը, որպէսզի միասնաբար կարելի ըլլայ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանի հայ գաղութին, որովհետեւ կոմիտէն կը հաւատայ, որ հայկական մարդուժի համախմբումով եւ լարումով պիտի կարենայ օժանդակել ո՛չ միայն շրջանի հայութեան, այլ ընդհանրապէս լիբանանահայութեան, բարելաւել անոր առօրեան եւ տարբեր ծրագիրներ իրականութեան վերածել:

Ապա իրենց սրտաբուխ խօսքերը արտասանեցին, կոմիտէին եւ ուղեկից կազմակերպութիւններու տարած աշխատանքն ու հայութեան կեանքին մէջ անոնք կարեւորութիւն, միասնական ոգիով եւ ներուժով գործելու կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Իշխան Եղիայեան եւ Սարգիս  Ա. քհնյ. Սարգիսեան:

Ապա ներկաները առիթ ունեցան մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրուցել իրարու հետ, մտահոգութիւններ բաժնեկցիլ եւ առաջարկներ ներկայացնել:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ճամբու Ուրախ Եւ Տխուր Նոթեր. 6 Յունուար Յամի Տեառն 2024

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?