Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնը Տօնական Օրերը Անցուց Խանդավառութեամբ Եւ Օրհնաբեր Նախաձեռնութիւններով

January 13, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յատուկ խնամքի կարօտ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով ունեցան յիշատակելի օրեր` արժանանալով թէ՛ հոգեւոր պետերու, թէ՛ միութիւններու, եւ թէ անհատ բարեկամներու գոհունակութիւն ու ուրախութիւն սփռող գուրգուրանքի:

Այցելութիւն`
Արամ Ա. Վեհափառ Հօր

Երեքշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց յատուկ խնամքի կարօտ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները, կեդրոնի տնօրէն, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի եւ վարչութեան անդամ Յասմիկ Պզտիկեանի ընկերակցութեամբ:

Մայրավանք ժամանելով` աշակերտները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հակիրճ աղօթքի պահ ունեցան եւ ստացան Ս. հաղորդութիւն: Ապա, կաթողիկոսարանի պարտէզին մէջ անոնք մտերմիկ հանդիպում ունեցան վեհափառ հայրապետին հետ, որուն  ներկայացուցին իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները:

Տնօրէն Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան իր երախտագիտութեան խօսքին մէջ վեր առաւ վեհափառ հօր հայրական գուրգուրանքը «Զուարթնոց» կեդրոնին նկատմամբ` շեշտելով,  որ այս ընդունելութիւնը յիշատակելի պիտի մնայ ոչ միայն աշակերտներուն, այլ նաեւ ծնողներուն մօտ: Ապա աշակերտները բարձրացան կաթողիկոսարանի սեղանատունը, ուր կաթողիկոսին ներկայութեան ունեցան մտերմիկ հանդիպում:

Վեհափառն ու փոքրիկները միասնաբար հատեցին Նոր տարուան կարկանդակը, եւ այս առիթով, յանուն «Զուարթնոց»-ի մեծ ընտանիքին, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան կաթողիկոսին յանձնեց յուշանուէր մը:

Աւարտին Արամ Ա. իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ի տես կեդրոնին տարած յոյժ կարեւոր աշխատանքին ու փոքրիկներուն նկատմամբ դրսեւորուած խնամքին ու հոգատարութեան, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ երկնային օրհնութիւններով լեցնէ կեդրոնը, պահպանէ անոր բնակիչները, տնօրէնութիւնը, բժշկական կազմը, մասնագէտ ուսուցիչները եւ պաշտօնէութիւնը եւ Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւններով յաջողութիւն, ուժ եւ կորով մաղթեց «Զուարթնոց» հաստատութեան յառաջիկայ տարուան աշխատանքներուն:

Հայ Կաթողիկէ Տէրը Այցելեց
«
Զուարթնոց» Կեդրոն

Հինգշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2023-ին Հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքը այցելութիւն տուաւ «Զուարթնոց» կեդրոն եւ ընդունուեցաւ կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, ինչպէս նաեւ վարչութեան անդամներ Անի Գալուստի եւ Թամար Տէր Պետրոսեանի կողմէ:

Կեդրոնի տնօրէնը երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հոգեւոր տիրոջ` մաղթելով քաջառողջութիւն, յաջողութիւն եւ համբերութիւն: Ան շեշտեց, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. զանազան առիթներու տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին մնայուն կերպով հետաքրքրուած է «Զուարթնոց»-ի աշխտանքներով եւ իր խորհուրդներով քաջալերած եւ միշտ զօրակցած է կեդրոնի առաքելութեան:

Նկատի ունենալով, որ պատրիարքը առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ կեդրոն, ան շրջեցաւ «Զուարթնոց»-ի տարբեր բաժանմունքները, այցելեց դասարանները, ապա` շրջապատուած աշակերտներով, անոնց հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց մը: Հոգեւոր տէրը բարձրօրէն գնահատեց Լիբանանի հայութեան համար յոյժ կարեւոր այս կեդրոնը, անոր տնօրէնը, վարչութիւնը, պատասխանատուները` միաժամանակ կոչ ուղղելով` հաւաքաբար սատարելու անոր գործունէութեան եւ զօրավիգ կանգնելու տարուած աշխատանքներու զարգացման:

Պատրիարքն ու փոքրիկները միասնաբար հատեցին Նոր տարուան կարկանդակը, եւ այս առիթով, յանուն «Զուարթնոց»-ի մեծ ընտանիքին, Վ. Օհանեան հոգեւոր տիրոջ յանձնեց յուշանուէր մը:

Այցելութիւն Վերապատուելի
Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի

Ուրբաթ, 29 դեկտեմբեր 2023-ին «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները, ուսուցիչները կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ վարչութեան անդամ Փոլին Սաղըրեան այցելեցին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնատեղի եւ տեսակցեցան ՄԱՀԱԵՄ-ի տեղապահի վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին հետ:

Ան գնահատեց կեդրոնի առաքելութիւնն ու անձնակազմը, անոնց մաղթեց բարեբեր Նոր տարի մը: Իր կարգին` Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան խորապէս գնահատեց Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ համայնքի նեցուկը «Զուարթնոց»-ի սկզբնական շրջանէն մինչեւ օրս եւ յանուն «Զուարթնոց»-ի մեծ ընտանիքին, վերապատուելիին տուաւ յուշանուէր մը:

Իսկ «Զուարթնոց»-ի աշակերտները իրենց երգերով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելէ ետք տուն վերադարձան յուշանուէրներով:

 

Նախորդը

Ձիւնանուշիկի Մը Զգացումները

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Քայրի Ըրվինկ 44 Կէտ Նշանակեց. Անթեթոքումփօ Եւ Փորթիս Անակնկալի Բերին Սելթիքսը

RelatedPosts

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Ձեռագրական Հաւաքածոներու Վերականգնման  Աշխատանքներու Մեկնարկում
Գաղութային

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագրական Հաւաքածոներու Վերականգնման Աշխատանքներու Մեկնարկում

October 20, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.