Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՈՄ-ԶՈԳ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

January 24, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեանքը կը կերտենք մեր որոշումներով, եւ երբեմն այդ որոշումները կը կերտեն մեզ: Եթէ մենք ուրիշ որոշումներ տուած ըլլայինք, մեր ներկան շատ տարբեր կ՛ըլլար: Բոլորս շփոթութեան կը մատնուինք եւ կը կասկածինք մեր նախկին ու ներկայ որոշումներուն, կը փորձենք երազել, թէ որքա՜ն տարբեր կրնար ըլլալ մեր ապագան: Այնուամենայնիւ, մեր կարեւորագոյն որոշումներէն մէկը ասպարէզ ընտրելու որոշումն է: Այս որոշումը թէեւ դպրոցական հասակին է, որ կու տանք, սակայն անիկա մեզի կ՛ընկերակցի ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Զաւարեան ուսանողական միութեան «Զաւարեան» ուսանողական գրասենեակը հետամուտ է, որ հայ երիտասարդը ինքնավստահ ըլլայ իր կեանքի եւ յատկապէս ապագայ ասպարէզի ընտրութեան որոշումին նկատմամբ: Ուստի, կազմակերպեց արեւելումի ձեռնարկ մը` հայկական վարժարաններու աշակերտութեան համար, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 19 յունուար 2024-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Այս արեւելումին կամաւոր եւ սիրայօժար կերպով մասնակցեցան երեսունութ մասնագէտներ, որոնք չորս ժամուան տեւողութեամբ պատասխանեցին հայ աշակերտներուն լուսաբանական հարցումներուն եւ փորձեցին յստակացնել այն, ինչ որ մշուշոտ մնացած էր անոնց մտքին մէջ:

Սոյն արեւելումին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Ազգային Միացեալ վարժարանի, Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի, Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի եւ Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի երկրորդական կարգի շուրջ երեք հարիւր աշակերտներ:

Կեանքի անորոշութիւնները բոլորս կը մտահոգեն: Զաւարեան ուսանողական միութեան հիմնական նպատակն էր հայ աշակերտներուն կասկածը թօթափել իրենց մտքերէն` մնալով միշտ անոնց կողքին:

Նախորդը

ՀՅԴ «Իշխան» Կոմիտէ. Մանուկներու Յատուկ Ձեռնարկ` Նոր Սիսի Շրջանի Մանուկներուն Եւ Պատանիներուն

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. «Գունաւոր» Մեղադրանքներու Հանդէս (ՀՅԴ 133-Ամեակ)- Գ.

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան  Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն

October 10, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով  Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն

October 10, 2026
Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ
Գաղութային

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.