Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Վարդան Քհնյ. Մարտիրոսեանի Աւագութեան Շնորհում

Յունուար 18, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 14 յունուար 2024-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան առաւօտեան ժամը 9:30-ին այցելեց Հայաշէն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա թափօրը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Յովհաննէս Մկրտիչի ծնողքի կեանքին մասին, թէ ինչպէ՛ս Երուսաղէմի մէջ կ՛ապրէր Զաքարիա անունով քահանայ մը, որ իր կնոջ` Եղիսաբեթին հետ հասած էր ծերութեան տարիքին, սակայն չէր կրցած զաւակ ունենալ որովհետեւ իր կինը ամուլ էր, սակայն օր մը երբ Զաքարիա տաճարին մէջ պաշտամունք կը կատարէր Տիրոջ հրեշտակը երեւեցաւ եւ անոր ըսաւ, որ զաւակ մը պիտի ունենայ եւ զայն կոչէ Յովհաննէս, որ ոչ միայն իրեն ուրախութեան պատճառ պիտի ըլլայ այլեւ` շատեր անոր ծնունդով պիտի ուրախանան: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Յովհաննէս իր բարեպաշտ ծնողքին հոգատարութեամբ մեծնալէ ետք անապատ քաշուեցաւ եւ երեսուն տարեկանը բոլորելէ ետք ասպարէզ ելաւ` բազմութիւնները ապաշխարութեան հրաւիրելով: «Իր կենցաղը բոլորովին անսովոր էր: Արդարեւ, ան ո՛չ իր ուտելիքով եւ ո՛չ ալ հագուստով կը պատշաճէր իր ժամանակին ու միջավայրի պայմաններուն: Բայց անոր պատգամը ազդու էր, որովհետեւ ինքզինք չի քարոզեր, այլ շշմեցուցիչ անկեղծութեամբ մարդոց մեղքերն ու անօրէնութիւնները թուելով` Աստուծոյ ահեղ դատաստանին կրակը կը յիշեցնէր եւ մարդիկը ապաշխարութեան կը հրաւիրէր», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը բացատրեց, որ այսօր ալ ծանօթացնելու համար զաւակը նախ կ՛ակնարկենք ծնողին, որոնց դրոշմը կը ճառագայթէ զաւակներուն վրայ, աւելցնելով, որ Աստուած պատահականութեան չէ ձգած մեր զաւակներուն կեանքը, այլ զանոնք հաստատած է ընտանեկան պայմաններու մէջ, որպէսզի ծնողաց դաստիարակութեամբ մեծնան եւ իրենց շնորհքները ճառագայթեն շրջապատին վրայ:

Առաջնորդը դիտել տուաւ, որ Աստուած մեր տրամադրութեան տակ ամէն տեսակի անհրաժեշտ միջոցներ դրած է, եւ հարց տուաւ, թէ կրնա՞նք Աստուծոյ տուածը ճիշդ գործածել: Սրբազանը ըսաւ` Աստուած ոչ միայն զաւակներ կը շնորհէ, այլեւ ամէն տան մէջ օրհնութիւններ զետեղած է, ամէն մարդու շնորհք մը ու ձիրքեր տուած է, որոնք պէտք է ոչ միայն օգտագործուին, այլ զարգանան ու աճին մարդկային մեր կեանքի վերելքին ու յառաջդիմութեան համար, եւ անոնք, եթէ ճիշդ օգտագործուին, անոնց վրայ կրնայ նաեւ աւելնալ աստուածային օրհնութիւնը, որ պարգեւն է հաւատքի կեանքին:

Սրբազանը շեշտեց, որ այսօր մեր ուշադրութիւնը դէպի մեր զաւակները ուղղելը հրամայական անհրաժեշտութիւն է ու պահանջ բոլորիս համար, եւ իբրեւ ծնողներ ու չափահասներ` պէտք է գիտակից եւ ամուր մնանք մեր նուիրական դերին մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդը չկորսնցնէ իր հաւատքը եւ այլասերելով` օտարացման ճամբան չբռնէ:

Ան նշեց, որ Յովհաննու Կարապետի յիշատակութեան այս առիթը հոգեւոր պատրաստութեան հրաւէր է այս եկեղեցւոյ զաւակներուն համար, աւելցնելով, որ Աստուծմէ կը յուսանք, սակայն կը խուսափինք Աստուծոյ կեանքէն եւ իր տուած պարտականութիւններէն: «Անապատի վերածուած է մեր ալ կեանքը. այլ խօսքով, մեր կեանքը սնուցանող նոր արժէքներ կերտելու ու կենարար նոր աշխատանք տանելու տրամադրութիւն չէ մնացած մեր ժողովուրդին մէջ», հաստատեց Շահէ արք. Փանոսեան եւ յորդորեց ներկաները` անդրադառնալու, որ պէտք է բարոյականն ու աստուածայինը առաջնորդեն մեր ձգտումները, որպէսզի աշխարհի ապականող ու մահաբեր ազդեցութիւններուն դէմ, մենք կարենանք  քրիստոնէավայել կեցուածք ցոյց տալ եւ մեր օրինակով գալիք սերունդներուն ամրութեան համար աւանդ ստեղծել:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ «Պէաթրիս Պչաքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Թաղականութեան ատենապետ Քրիստ Աճեմեան յայտնեց, որ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին` որպէս վահան եւ սրբութիւն, իւրաքանչիւրին համար եղաւ ու կը մնայ խաղաղութիւն տարածող այն սրբավայրը, ուր բոլորս միասնաբար ապրեցանք ու կ՛ապրինք հոգեկան խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ հաւատքի արթնութիւն: Վերյիշելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին այն խօսքը, որ եկեղեցին գեղեցիկ, քարէ շէնքը չէ, այլ` մե՛նք ենք` հաւատացեալներս, ան հաստատեց, որ հայաշէնցիները այս գիտակցութեամբ, նաեւ` գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, իրենց կարելին կ՛ընեն իրենց առաքելութեամբ եւ ներկայութեամբ առաւել եւս պայծառացնելու եւ կանգուն պահելու Հայաստանեայց եկեղեցին: Աճեմեան հաստատեց, որ  եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, նաեւ` շրջանի կոմիտէն, ԼՕԽ-ը, մարմինները, բարերարները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, միասնաբար ձեռք-ձեռքի եւ սիրտ-սիրտի շէնցուցին, բարեզարդեցին եւ պայծառացուցին Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին` հաւատալով անոր զօրութեան, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութեան` իւրաքանչիւրի կեանքէն ներս, եւ մինչեւ օրս կը շարունակեն նոյն նուիրուածութեամբ: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ սրբազան հօր հետեւողականութիւնը եւ խոհեմ թելադրանքները օգնեցին, որ թաղականութեան կազմը առաւել եւս գիտակից կերպով կատարէ իր առաքելութիւնը, կազմակերպուածութեամբ պահէ ու գործադրէ հին դարերէն մեր եկեղեցւոյ մէջ հաստատուած աւանդութիւնները:

Սրբազան հայրը, իր կարգին, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, գնահատեց թաղականութեան կատարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան քհնյ. Մարտիրոսեանի 30-ամեայ ծառայութիւնը, որուն 10 տարին` Ս. ՅովհաննուԿարապետ եկեղեցւոյ մէջ: Ապա կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը «աւագութեան աստիճան կը շնորհէր եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան քհնյ. Մարտիրոսեանին, որուն յանձնեց սրբատառ կոնդակը:

Նախորդը

Մտքեր. 1. Քարոզչութի՞ւն, Թէ՞ Աթոռի Ապահովման Աշխատանք

Յաջորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան 133-Ամեակ. Վաղուց Գործող Խմբերի Միութիւնը

RelatedPosts

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած Խորհրդաժողովին՝ «Հարկ Է Ուսումը Մասնակցութեամբ Ու Ծառայութեամբ Արժեւորել» Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած Խորհրդաժողովին՝ «Հարկ Է Ուսումը Մասնակցութեամբ Ու Ծառայութեամբ Արժեւորել» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հոկտեմբեր 4, 2025
Լուսաբանութիւններ` Վնասներու Չափագրումին Եւ Պետական Հատուցումներուն Մասին
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Հոկտեմբեր 2, 2025
«Ազդակ»-Ի 80-րդ Առցանց Լսարան.  «Հայերը Եւ Ամերիկայի Ու Գերմանիոյ Ցեղային Քաղաքականութիւնը» Նիւթը Ներկայացուց Վարդան Մատթէոսեան
Գաղութային

«Ազդակ»-Ի 80-րդ Առցանց Լսարան. «Հայերը Եւ Ամերիկայի Ու Գերմանիոյ Ցեղային Քաղաքականութիւնը» Նիւթը Ներկայացուց Վարդան Մատթէոսեան

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?