Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի մնայուն բարեկամներ` տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սոնիա Քուճաքեան, այս տարի եւս ճեմարանին նուիրեցին 50.000 ամ. տոլար` յատուկ ծրագիրի մը իրականացման նպատակով, իսկ 10.000 տոլար` անձնակազմին եւ ուսուցչական կազմին իբրեւ կաղանդի նուէր:
Տէր եւ տիկին Գուճաքեանները իրենց սրտաբուխ նուէրներով մեզի կը պարգեւեն ուժ եւ քաջութիւն, որուն համար երախտապարտ ենք:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ


