Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին յաջորդաբար այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ Քաթարի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպանուհի Ֆարահ Պըրրի:
Դեսպան Աթաբէկեանի հետ կայացած հանդիպման խօսակցութեան առանցքը դարձան հայրենիքը դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները եւ ընդհանրապէս շրջանը յուզող հարցերը:
Վեհափառ հայրապետը եւ դեսպանուհի Պըրրի անդրադարձան անցնող շաբթուան ընթացքին վեհափառ հայրապետին Քաթար կատարած այցելութեան եւ վարչապետին հետ ունեցած հանդիպման: Հանդիպման ներկայ էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:


