Անթուան Մուլթաքա. Լիբանանեան Թատրոնի Հսկայ Մը Կնքեց Իր Մահկանացուն 87 Տարեկանին
21 փետրուար 2024-ին մահացաւ լիբանանեան թատերական կեանքին եւ ֆիլմարուեստի աշխարհին մէջ իր դրոշմը ունեցած վաստակաւոր դերասան Անթուան Մուլթաքան: Ան միշտ պիտի յիշուի Օրեսթի, Կալիկուլայի կամ Մաքպեթի թատերական ներկայացումներուն մէջ ստանձնած իր դերերով: Ան ունէր այս առասպելական կերպարներու կազմուածքն ու ձայնը: Նախքան ճերմակ մօրուք ու սպիտակ մազեր ունենալը եւ մէջքը ծռիլը, 1960-ական թուականներուն, Անթուան Մուլթաքա, լուսարձակներու տակ կամ դուրսը, խորհրդաւոր երիտասարդ...




















