Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին չորրորդ փուլի մասնակիցները ծանօթացան հարցազրոյց վարելու օրէնքներուն եւ ձեւերուն:
Ուրբաթ, 8 մարտ 2024-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ խումբին հանդիպումը, որուն ընթացքին «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Քրիստ Խրոյեան ներկայացուց հարցազրոյցը` լուսարձակի տակ առնելով հարցազրոյց մը կատարելու նպատակները, օրէնքները, ձեւերն ու միջոցները, ինչպէս նաեւ կառոյցը:
«Ապագայ լրագրողներ»-ը առաւելագոյն լրջութեամբ եւ հաճոյքով հետեւեցան բացատրութիւններուն` փոխանցուած ցուցմունքներուն եւ այդ բոլոր խրատներուն, որոնք կը մղեն առողջ եւ մասնագիտական հարցազրոյց մը վարելու, արտագրելու ու իր վերջնական ձեւին մէջ պատրաստելու հրատարակութեան:
Ան մատնանշեց բոլոր այն թեքնիքներն ու քայլերը, որոնք հարցազրոյցը հետաքրքրական եւ արժէքաւոր կը դարձնեն: Ք. Խրոյեան իր ներկայացուցած բացատրութիւններուն ընթացքին պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն:
Հանդիպումը ունեցաւ նաեւ գործնական բաժին, որուն ընթացքին «Ապագայ լրագրողներ»-ը տեղւոյն վրայ պատրաստեցին հարցումներ` ի մտի ունենալէ ետք նիւթ մը եւ անձնաւորութիւն մը:
Նշենք, որ «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ սերունդին մաս կը կազմեն հայկական վարժարաններէ աշակերտներ:
Ծրագիրին կը մասնակցին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի, Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի եւ Հայկազեան համալսարանի աշակերտներն ու ուսանողները:


