Գաղութային

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքի Օժանդակութեան Ծրագիր

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքի Օժանդակութեան Ծրագիր

Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, երեքշաբթի, 13 փետրուարին, Տեառնընդառաջի տօնին առիթով եւ ընտանիքներուն ճրագը անմար պահելու նպատակով, բաժանմունքը իրագործեց իր օժանդակութեան ծրագիրը: Արդարեւ, Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի` ընտանիքներու այցելութեան ծիրէն ներս, կարգ մը ընտանիքներու բեռը թեթեւցնելու նպատակով, բաժանմունքի պաշտօնէութիւնը, ընկերակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի այցելեց Պուրճ Համուտի, Քաղաքապետարանի շէնքերու, նաեւ Ֆանարի մէջ գտնուող ընտանիքներուն տուները:...

Հաղորդագրութիւն.  «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԽԳ. Հատորի Զոյգ Գիրքերու Շնորհահանդէս` Պէյրութի Եւ Երեւանի Մէջ

Հաղորդագրութիւն. «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԽԳ. Հատորի Զոյգ Գիրքերու Շնորհահանդէս` Պէյրութի Եւ Երեւանի Մէջ

Չորեքշաբթի, 14 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը համալսարանի հայագիտական տարեգիրքին, որ երկրորդ տարին ըլլալով լոյս կը տեսնէ երկու գիրքով, մին ընթացիկ տարուան կիսուն, միւսը` աւարտին: 43-րդ հատորի զոյգ գիրքերուն շնորհահանդէսին ներկայ էին հոգեւոր, կրթական, ակադեմական շրջանակներէ անձնաւորութիւններ, գրասէր հայորդիներ: Կեդրոնական սեղանին ցուցադրուած էին համալսարանի հրատարակութիւններէն նմուշներ, իսկ ընթացիկ հատորի գիրքերը տրամադրելի էին փափաքողներուն: Բացման...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Վերջին Օծում Եւ Կարգ Թաղման Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեանի Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին, հինգշաբթի, 22 փետրուար 2024-ի կէսօրին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, եւ կատարուեցան հոգելոյս Եղիշէ ծ. վրդ. Մանճիկեանի վերջին օծման եւ թաղման կարգի արարողութիւնները: Միաբան հայրերու եւ դպրեվանքի սաներու հոգեթով շարականներու երգակցութեամբ եւ լուսարարապետ սրբազան հօր` Կոմիտաս արք. Օհանեանի ձեռամբ, Հայ եկեղեցւոյ սրբալոյս միւռոնը վերջին անգամ ըլլալով...

Կիներու Հզօրացման Ծրագիրի Մասնակից 47 Հայ Կիներու Վկայականաց Բաշխում

Կիներու Հզօրացման Ծրագիրի Մասնակից 47 Հայ Կիներու Վկայականաց Բաշխում

Նախաքրիստոնէական, ապա քրիստոնէական շրջանին եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդի պարագային, կինը կը նկատուի ընտանիքին հիմքը: Քրիստոնէութեան մուտքով կնոջ պաշտամունքը արտայայտուած է Աստուածամօր կերպարով: Հետաքրքրական է միջնադարուն գիտնական, գրող եւ քահանայ Մխիթար Գօշի գրած «Դատաստանագիրք»¬ը, որուն մէջ նկարագրուած է ընտանիքի մէջ տղամարդոց ու կիներու դերը, եւ փաստուած է կնոջ կրթութիւն ստանալու անհրաժեշտութիւնը: 19-րդ դարուն Հայ եկեղեցին փորձեց Մխիթար Գօշի գաղափարը` կիներու կրթութիւնը,...

Մեր Կորուստները.  Կեանքէն Հեռացաւ Դպրապետ, Խմբավար, Մանկավարժ,  Աշուղական Երգերու Մեկնաբան Գէորգ Սրկ. Պէպէճեան

Մեր Կորուստները. Կեանքէն Հեռացաւ Դպրապետ, Խմբավար, Մանկավարժ, Աշուղական Երգերու Մեկնաբան Գէորգ Սրկ. Պէպէճեան

Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով եւ աւելի քան երեք ամիս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցի յատուկ խնամքի բաժանմունքին մէջ մնալէ ետք երկուշաբթի, 26 փետրուար 2024-ին իր հոգին աւանդեց մեներգիչ, դպրապետ, խմբավար եւ հայ աշուղական ու ժողովրդական երգերու մեկնաբան Գէորգ սրկ. Պէպէճեան: Ան ծնած է 1949-ին, Հալէպ: Իր երաժշտական սէրը ժառանգած է իր մօրեղբօրմէն. մինչեւ 1968 թուական ծառայած է Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Երկուշաբթի, 26 փետրուար 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը: Դեսպանը վեհափառ հայրապետին զեկուցեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի տագնապին շուրջ ընթացող հանդիպումներուն ու քննարկումներուն մասին, յատկապէս նախագահական ընտրութեան եւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային հարցերուն, ինչպէս նաեւ Կազայի պատերազմին գծով: Ապա, ընդհանուր արժեւորումի ենթարկուեցաւ Լիբանանի ներքին կացութիւնը եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը  Քննարկեց Շրջանային, Լիբանանեան Եւ Համայնքային Խնդիրներ

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Քննարկեց Շրջանային, Լիբանանեան Եւ Համայնքային Խնդիրներ

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հերթական նիստ գումարեցին երկուշաբթի, 26 փետրուար 2024-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։ Օրակարգը կը ներառէր շրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները, հարաւային Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմը եւ լիբանանահայութեան առնչուած խնդիրներ։ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները անդրադարձան Կազայի մէջ տեղի ունեցող զանգուածային ջարդերուն, որոնք կ՛իրականանան միջազգային ընտանիքին լուռ ականատեսութեան եւ կրաւորականութեան դիմաց։ Ընդգծուեցաւ համեմատութիւնը Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանական քաղաքականութեան հետ եւ այդ առումով հաստատուեցաւ Ազրպէյճանի...

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Եւ Մեկուսի  Վարչութիւններու Ատենապետներու Առցանց Ժողով

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Եւ Մեկուսի Վարչութիւններու Ատենապետներու Առցանց Ժողով

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 24 Փետրուար 2024-ի կէսօրէ ետք ժամը 3-ին (Պէյրութի ժամով), տեղի ունեցաւ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու ատենապետներուն առցանց ժողովը, մասնակցութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ 27 շրջաններու ատենապետներու։ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան ժողովին ներկայացուց նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւնները՝ Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովի (Հոկտեմբեր 2023, Ծաղկաձոր, Հայաստան) եւ Կեդրոնական Վարչութեան Ա....

«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ. Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» Հատորի Շնորհահանդէս

«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ. Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» Հատորի Շնորհահանդէս

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, ուրբաթ, 16 փետրուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի  հեղինակած «Հայկական ազգագրական պատկերներ. տեսիլք, կամք եւ յոյս» հատորին շնորհահանդէսը: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Լոռի Գորեսեան, որ դիտել տուաւ, թէ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի այս հատորի հրատարակութիւնը ձեւով մը գործադրութիւնն է «Ազդակ»-ի կողմէ...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ.  Ծանօթացում` Յօդուածագրութեան Կանոններուն

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Ծանօթացում` Յօդուածագրութեան Կանոններուն

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին չորրորդ փուլի մասնակիցները երէկուան հանդիպումին ծանօթացան յօդուածներու եւ յօդուածագրութեան: Ուրբաթ, 23 փետրուար 2024-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ խումբին հանդիպումը, որուն ընթացքին լիբանանահայ ուսուցիչ, հրապարակագիր եւ մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեան մասնակիցներուն ներկայացուց յօդուածագրութիւնը, անոր սկզբունքներն ու կանոնները: «Ապագայ լրագրողներ»-ը մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Կ. Յովհաննիսեանի տուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի Նախագահը Եւ Օթել Տիէօ Հիւանդանոցին Տնօրէնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի Նախագահը Եւ Օթել Տիէօ Հիւանդանոցին Տնօրէնը

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Լիբանանի կարեւորագոյն համալսարաններէն` Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տնօրէն հայր Փիեր Տաքքաշ եւ Օթել Տիէօ հիւանդանոցի տնօրէն Նասիպ Նասեր: Հանդիպումին ներկայ էին Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ վրդ. Աշըգեան եւ բժիշկ Համբիկ Քուրիէ: Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր գործակցութիւն մը ստեղծել Ազգային բուժարանին ու յիշեալ հիւանդանոցին, նաեւ կաթողիկոսարանին, համալսարանին եւ հիւանդանոցին միջեւ: Այս...

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի Առաջին Ընդհանուր Դատախազ Դոկտ. Լուի Մօրէնօ Օքամփոյի Միջեւ

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի Առաջին Ընդհանուր Դատախազ Դոկտ. Լուի Մօրէնօ Օքամփոյի Միջեւ

Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2024-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի առաջին ընդհանուր դատախազ դոկտ. Լուի Մօրէնօ Օքամփոյի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ։ Յայտնենք, որ դոկտ. Օքամփօ միջազգային համբաւ եւ յարգարնք վայելող դատախազ է, որ կը բարձրաձայնէ ազգերու ու ժողովուրդներու բռնաբարուած իրաւունքներու վերահաստատման ու վերատիրացման պահանջատիրութիւնը։ Խօսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ դոկտ. Օքամփօն ընդգծեցին, որ իրաւաքրէական սկզբունքներու եւ միջազգային...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաթարի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաթարի Դեսպանը

Չորեքշաբթի, 21 փետրուար 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աւելի քան մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիին հետ: Հանդիպումին, նախ եւ առաջ, անդրադարձ կատարուեցաւ շուրջ ամիս մը առաջ Քաթարի վարչապետ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանիի հրաւէրին ընդառաջելով` վեհափառ հայրապետին Քաթար այցելութեան եւ յատկապէս վարչապետին հետ քննարկուած նիւթերուն: Ինչպէս ծանօթ է, Քաթարը...

«Ազգասիրութիւնը, Հայրենասիրութիւնն Ու Եկեղեցասիրութիւնը Իրարմէ Անջատելը Փաստօրէն, Տգիտութիւն Է, Եւ, Աւելի՛ն, Ազգային Հերետիկոսութիւն»  Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Ազգասիրութիւնը, Հայրենասիրութիւնն Ու Եկեղեցասիրութիւնը Իրարմէ Անջատելը Փաստօրէն, Տգիտութիւն Է, Եւ, Աւելի՛ն, Ազգային Հերետիկոսութիւն» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում-Զրոյց Ունեցաւ Ուսանող Երիտասարդներու Հետ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, օրհնութեամբ  Արամ Ա. կաթողիկոսին, շաբաթ, 17 փետրուար 2024-ին «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համագումարներու շարքին երրորդն ու վերջինը` «Հայրենիքն ու հայրենասիրութիւնը» խորագիրով: ՀԵՀՈՄ-ի կազմակերպութեամբ սոյն համագումարներու շարքի հովանաւորն է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը: Համագումարին մասնակցեցան լիբանանահայ վարժարաններու, երիտասարդական...

Յ. Բագրատունի Ընդունեց Թալալ Տուէյհին

Յ. Բագրատունի Ընդունեց Թալալ Տուէյհին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց «Հարաքեթ Արտ» շարժումի նախագահ Թալալ Տուէյհին: Հանդիպումին ընթացքին Տուէյհի ներկայացուց շարժման աշխատանքներն ու ժողովրդագրական փոփոխութեան ընդդիմացող անոր կեցուածքները` ընդգծելով լիբանանցիներուն վրայ այդ փոփոխութեան ունենալիք հսկայական վտանգները: Տուէյհի լուսարձակի տակ առաւ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ, մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներու գոյութիւնն...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հրաւէրով Ապրիլին Կը Կայանայ Գիտաժողով` Ազրպէյճանի Գործած Ցեղասպանական Քաղաքականութեան Վերաբերեալ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հրաւէրով Ապրիլին Կը Կայանայ Գիտաժողով` Ազրպէյճանի Գործած Ցեղասպանական Քաղաքականութեան Վերաբերեալ

«Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ը վերջին երկու շաբթուան ընթացքին յաջորդաբար գումարեց առցանց երկու նիստեր (8-րդ եւ 9-րդ), նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Ի հետեւումն 19-20 յունուար 2024-ին Անթիլիասի մէջ կայացած «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի խորհրդակցական հանդիպումներու որոշումներուն, առցանց նիստերուն քննարկուեցան Ապրիլ 24-ի նախօրեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ եւ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ գումարելի գիտաժողովին թեման եւ ընդհանուր ուղղութիւնները: Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն շուրջ...

«Շնորհալի» Երգչախումբը Համերգով Նշեց Իր Հիմնադրութեան 50-Ամեակը

«Շնորհալի» Երգչախումբը Համերգով Նշեց Իր Հիմնադրութեան 50-Ամեակը

Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը իր հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով յոբելենական եզակի համերգ մը տուաւ արուեստասէր ու երաժշտասէր հանրութեան, շաբաթ, 17 փետրուար 2024-ի երեկոյեան, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ, Տըպպայէ, Լիբանան: Յոբելենական համերգը տեղի ունեցաւ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի վրայ Համբիկ Մարտիրոսեանի նուագակցութեամբ: Համերգը նախատեսուած էր կայացնել անցեալ տարի, սակայն Արցախի ցաւալի կացութեան պատճառով յետաձգուած էր: Երջանկայիշատակ...

Գործակցութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի.  Դաշնակցական Երէց Պատանիներու Բանաւոր Արտայայտութեան Մրցում

Գործակցութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի. Դաշնակցական Երէց Պատանիներու Բանաւոր Արտայայտութեան Մրցում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ գործակցութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի, շաբաթ, 17 փետրուար 2024-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատանեկան միութիւններու երէց պատանիներու բանաւոր արտայայտութեան մրցումը, որուն մասնակցեցան 21 պատանիներ: Մրցումի դատական կազմին մաս կը կազմէին «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամներ` Թաթուլ Գարտանաքեան եւ Շաղիկ Յարութիւնեան:...

Դասախօսութիւն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանին Մէջ «Առողջ Միտք` Առողջ Մարմինի Մէջ» Նիւթով

Դասախօսութիւն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանին Մէջ «Առողջ Միտք` Առողջ Մարմինի Մէջ» Նիւթով

2 փետրուարին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ միտք` առողջ մարմինի մէջ» նիւթով դասախօսութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի Է., Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտները: Օրուան բանախօսն էր Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայող Գարին Նաճարեան: Նաճարեան բացատրեց մաքրութեան կարեւորութիւնը, թէ ինչպէ՛ս մաքրութիւնը մեզմէ հեռու կը պահէ մանրէները եւ հիւանդութիւնները: Ան անդրադարձաւ դէմքի, բերանի, ակռաներու, ականջի, մազերու, մարմինի, ձեռքերու,...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Ծանօթացան Լուր Գրելու Սկզբունքներուն

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Ծանօթացան Լուր Գրելու Սկզբունքներուն

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ի եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները ծանօթացան լուր գրելու սկզբունքներուն: Ուրբաթ, 16 փետրուար 2024-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ խումբին հանդիպումը, որուն ընթացքին ծրագիրի պատասխանատու, «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան մասնակիցներուն բացատրեց լուրին, անոր ճշգրտութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ լուրը գրելու ձեւերուն եւ սկզբունքներուն մասին: Հանդիպումին աւարտին «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ...

Page 71 of 365 1 … 70 71 72 … 365

Արխիւներ