Ուսուցչաց տօնին առիթով, 7 եւ 8 մարտ 2024-ին, լիբանանահայ 16 վարժարաններ այցելեցին ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու պատուիրակութիւնները, որոնք Ուսուցչաց տօնին առիթով արտասանեցին հայերէն եւ արաբերէն միացեալ խօսքեր` բարձրօրէն գնահատելով ընդհանրապէս ուսուցիչներուն եւ ի մասնաւորի հայ ուսուցիչներուն դերը սերունդներու կազմաւորման աշխատանքին մէջ: Այս առիթով, ԼԵՄ-ականներ եւ պատանիներ 940 ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն բաժնեցին խորհրդանշական յուշանուէրներ` «Ապագայի կերտիչներ» վերնագիրը կրող գաւաթներ:
16 վարժարաններն էին` Սահակեան-Լ. Մկրտչեան քոլեճ, Թէքէեան վարժարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարան, Ազգային միացեալ վարժարան եւ Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարան: