Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջինքի Աւանդական Նշում` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ

Մարտ 9, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրաւէրով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ Ազգային իշխանութեան, քանի մը տարուան ընդմիջումէն ետք վերականգնեցաւ աւանդութիւնը եւ միջինքի առիթով, չորեքշաբթի, 6 մարտ 2024-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ արեւագալի ժամերգութեան նախագահեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրապետական պատգամը յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Ժամերգութեանց երգեցողութիւնը կատարեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները: Ժամերգութեան ներկայ էին, սրբազան հօր կողքին, Ազգային վարչութեան անդամները, նաեւ` Ազգային Միացեալ վարժարանի եւ Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտները:

Ժամերգութեան աւարտին սրբազան հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր հովանաւորութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի մասնակցութեամբ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս պիտի վերականգնենք մեր ժողովուրդին հաւատքով ամրացած միջինքի նուիրական աւանդութիւնը, որ ակամայ անցնող քանի մը տարիներուն ընդհատուած էր: Սրբազանը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ հակառակ մեր դիմագրաւած բազմատեսակ մարտահրաւէրներուն` լիբանանահայութեան եկեղեցական, ազգային, մշակութային եւ համայնական կեանքը չզիջեցաւ, շեշտելով, որ մեր ժողովուրդը կը շարունակէ սիրով եւ հաւատարմութեամբ պահել իր ուսերուն դրուած նուիրական այս մեծ աւանդը: Սրբազան հայրը գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք կը շարունակեն մեր եկեղեցիներուն եւ կառոյցներուն ճամբով մասնակից դառնալ մեր հոգեւոր եւ ազգային վիճակը պահելու ճիգին, գնահատական խօսք ուղղելով նաեւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ յարակից օժանդակ մարմիններուն, որոնք իրենց սիրով եւ յանձնառութեամբ կանգուն կը պահեն եկեղեցին: «Ձեր ներկայութիւնը յիշեցում մըն է ժողովուրդին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր շնորհազարդ հայրապետով, իր միաբանութեամբ ու իր դպրեվանքով ամէն տեսակի պայմաններու մէջ մեր ժողովուրդին հետ է` մեր կեանքին ամրութիւնը երաշխաւորելու սրբազան առաքելութեամբ», հաստատեց սրբազան հայրը` խօսքը ուղղելով վեհափառին, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ երկար գահակալութիւն պարգեւէ անոր եւ իրմով շէն ու պայծառ պահէ Անթիլիասը եւ անփորձանք կեանք պարգեւէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին: Ապա ան հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը` յղելու իր պատգամը:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքի սկզբնաւորութեան գոհութիւն եւ փառք յայտնեց Աստուծոյ, որ այս տարի եւս առիթ ընծայած է իրեն միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի սաներուն հետ միասին ըլլալ լիբանանահայ զաւակներուն հետ, մասնաւորաբար` Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ ճամբով: Վեհափառը շեշտեց, որ ժողովուրդին հետ ըլլալը եկեղեցւոյ առաքելութեան հիմքը կը կազմէ, աւելցնելով, որ եկեղեցին ինքզինք պէտք է ըլլայ, ինքզինք պէտք է արտայայտէ, ինքզինք պէտք է իրագործէ` որպէս առաքելութիւն եւ ծառայութիւն ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ ժողովուրդի հոգեւոր վերածննդեան ու հաւատքի վերանորոգութեան համար: Հետեւաբար նման առիթներ մեր եկեղեցւոյ համար հրաւէր են, որպէսզի եկեղեցւոյ առաքելութիւնը բարձրագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ կարենանք կատարել: Վեհափառը հայրապետական օրհնութեամբ ողջունեց սրբազան հայրը եւ անոր գլխաւորած Ազգային իշխանութիւնը` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, իրագործումներ իրենց ազգային-եկեղեցական ծառայութեան մէջ: Վեհափառը ըսաւ, որ Մեծ պահոց շրջանը մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ինք կը նկատէ որպէս հաւատքի վերանորոգման եւ հզօրացման շրջան եւ մանաւանդ` հրաւէր: «Կարելի չէ երեւակայել մարդկային կեանք` առանց հաւատքի», շեշտեց վեհափառը աւելցնելով, որ այս երկրի վրայ ապրող ոեւէ անձ, որեւէ կրօնի կամ մշակոյթի պատկանող` հաւատք ունի, որովհետեւ հին դարերէն սկսեալ մարդ արարածը տկար եւ սահմանափակ գոյութիւն ըլլալով` միշտ փորձած է իր անձէն, իր գոյութենէն վեր երեւոյթի մը կապուիլ, հաւատալ եւ իր կեանքին իմաստը այդ գոյութիւնը դարձնել: Վեհափառը բացատրեց, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ հաւատքը տարբեր նկարագիր, տարբեր իմաստ ունի: Մեր հաւատքի աղբիւրը, նպատակը Աստուած ինքն է, այս տիեզերքի ստեղծագործութեան եւ մարդու գոյութեան արարիչը, այլ խօսքով, մենք Աստուծոյ կը հաւատանք, եւ որպէսզի մեր հաւատքը աւելի տոկուն եւ հասկնալի ըլլայ, Աստուած իր միածին որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի մարդուն ցոյց տայ, իր կեանքով եւ առաքելութեամբ, դէպի ճշմարիտ հաւատք առաջնորդող ճամբան: Ան ըսաւ, որ Քրիստոս ցոյց տուաւ հաւատքին հրամայական անհրաժեշտութիւնը մարդու կեանքին մէջ: «Հաւատքն է, որ մարդու կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը դարձնէ բժշկարար ներկայութիւն… Քրիստոնեայ մարդու կեանքին հիմքը, առանցքը կը կազմէ հաւատքը», հաստատեց վեհափառ հայրապետը: Շարունակելով իր խօսքը, Արամ Ա. կաթողիկոս բացատրելով Մեծ պահքի իմաստը` ըսաւ, որ Մեծ պահքի ընթացքին եկեղեցին աղօթքներու, մեղեդիներու, շարականներու եւ սաղմոսներու ճամբով հաւատացեալները կը հրաւիրէ իրենց հաւատքը առ Աստուած վերանորոգելու: Վեհափառը նկատել տուաւ, որ մեր կեանքը այնպիսի երեւոյթներու եւ հոսանքներու դիմաց կը գտնուի, որոնք մեր մէջ հաւատքը կը փորձեն նուազեցնել, նաեւ` մեր կեանքէն հաւատքը հեռացնել, աւելցնելով, որ այսօր մեր առօրեայ կեանքին մէջ մեր հաւատքը տկարացնել փորձող երեւոյթներ յաճախ կը մօտենան մեզի զանազան կերպերով, անուններով, գոյներով, սակայն մենք պէտք է ըլլանք արթուն եւ զգուշ: Ան ըսաւ, որ այսօրուան աշխարհը լեցուն է տեսակ-տեսակ չարերով, չարիքներով եւ մեղքերով, սակայն մենք երբ ունինք զօրեղ հաւատք, այդ բոլոր չարերուն, դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն դիմաց կը մնանք ամուր: «Հաւատքն է, որ մեզի կու տայ ամրութիւն: Հաւատքն է, որ մեր կեանքը կը հզօրացնէ աշխարհի բոլոր չարիքներուն ու տագնապներուն դիմաց», շեշտեց վեհափառը` հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է մեր հաւատքը վերանորոգել եւ զօրացնել, եւ ըսաւ, որ այդ մէկը կարելի է ընել աղօթքի ճամբով, որովհետեւ աղօթքը Աստուած-մարդ, մարդ-Աստուած յարաբերութիւնն է: Վեհափառը դիտել տուաւ, որ երբ կ՛աղօթենք, չաղօթենք պարզապէս կարդալու կամ աղօթելու համար, այլ աղօթենք Աստուծոյ հետ ըլլալու եւ անոր ներկայութիւնը ապրելու համար: «Աստուած մեզի հետ է: Քրիստոս մեզի հետ է: Մեր գոյութեան իմաստ տուող, նպատակ տուող մեր ճամբան է: Հետեւաբար աղօթել` կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ, անոր ներկայութեամբ մեր կեանքը շաղախել, մեր կեանքին դիմաց գտնուող նպատակները եւ ծրագիրները իրագործել: Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր հաւատքը պիտի հզօրացնէ եւ մեր կեանքէն պիտի հեռացնէ ամէն տեսակ չար, չարիք, տագնապ եւ դժուարութիւն», հաստատեց վեհափառը` աւելցնելով, որ մեր կեանքին մէջ շատ դժուարութիւններ կան, հետեւաբար մենք կարիքը ունինք մեր հաւատքի հզօրացման, որպէսզի այդ հաւատքը մեզի համար դառնայ կամքի պրկումի եւ յոյսի հզօրացման աղբիւր:

Վեհափառը շեշտեց, որ պէտք է դառնանք Աստուծոյ, այսինքն մեր հաւատքը վերանորոգենք, եւ յորդորեց ներկաները Մեծ պահքի ընթացքին դառնալ Աստուծոյ` մասնակցելով եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, նաեւ` աղօթելով եւ Իր ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ ապրելով: Ան ըսաւ, որ Մեծ պահքը կը հրաւիրէ մեզ` դառնալու Աստուծոյ, վերանորոգելու եւ հզօրացնելու մեր հաւատքը,  եւ յոյս յայտնեց, որ այս նախանձախնդրութեամբ ու այս գիտակցութեամբ ապրինք Մեծ պահքը եւ անկէ եկող խորհուրդն ու անոր պատգամը:

Արեւագալի ժամերգութեան աւարտին, գլխաւորութեամբ վեհափառ հայրապետին, հոգեւորականաց դաս, Ազգային իշխանութիւն, թաղականութիւն ու դպրեվանեցիներ միասնաբար ունեցան իրենց նախաճաշը, որ պատրաստուած էր Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Արհեստական Բանականութիւնը Գերազանցե՞ց Դաստիարակի Կերպարը (9 Մարտ – Ուսուցչաց Տօն)

Յաջորդը

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով` ԼԵՄ-ականներ Եւ Պատանիներ Խորհրդանշական Յուշանուէրներով Գնահատեցին Լիբանանահայ 16 Վարժարաններու Մէջ Գործող 940 Ուսուցիչներ Եւ Պաշտօնեաներ

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?