Երեքշաբթի, 27 փետրուար 2024-ին Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնը` ստանալու անոր օրհնութիւնը:
Այս առիթով վարչութեան անդամները կաթողիկոսը իրազեկ դարձուցին իրենց կատարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին:
Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, գնահատեց ԼՕԽ-ին տարած նուիրական գործունէութիւնը եւ շեշտեց, յատկապէս` ներկայ տագնապալի ժամանակաշրջանին մէջ, ընկերային ծառայութեան զարկ տալու հրամայականը: Ան ընդգծեց, որ ոչ թէ ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան մաս կը կազմէ, այլ եկեղեցւոյ առաքելութիւնն իսկ է: Հետեւաբար, իբրեւ լիբանանահայ համայնք, եկեղեցի, կազմակերպութիւններ, միութիւններ կոչուած են միասնաբար ընկերային ծառայութեան ծրագիրներ մշակելու, զանոնք համադրելու, իրարու հետ գործակցելու եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամէն տեսակ կարիքներուն հասնելու: Այնուհետեւ վեհափառը անգամ մը եւս գնահատեց ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին ժրաջան աշխատանքը եւ ծառայական նորանոր նուաճումներով լի գործունէութիւն մաղթեց: