Տարեցները մեր ընկերութեան մէջ առանցքային դեր կը խաղան. անոնք խորհրդանիշն են աստուածային օրհնութեան, մարմնաւորումն են աւանդութիւններու, ազգային արժէքներու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած անգիր աւանդներու:
Անոնց ներկայութիւնը կը խթանէ սերունդներու միջեւ կապերը, իսկ մեր մէջ կ՛արմատացնէ կարեկցանքի փոխըմբռնումը: Իրենց անհատական ներդրումներէն անկախ` անոնք մեզի կը յիշեցնեն ժամանակի ընթացքին եւ սիրելիներու հետ պահեր փայփայելու կարեւորութիւնը: Մէկ խօսքով, անոնց ներկայութիւնը կը հարստացնէ հասարակութեան կառուցուածքը:
Այս առումով, «Ճինիշեան» յիշատակի հաստատութիւնը հայ անտէր տարեցներու անմիջական պէտքերը հոգալու միտումով երեքշաբթի, 20 փետրուար 2024-ին համանուն հաստատութեան մէջ «Տարեց մը որդեգրել»-ու ծրագրին բացումը կատարեց: Սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի փոխանորդ Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան, հայ աւետարանական համայնքէն վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Նիւ Եորքի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Էլիզա Մինասեան, «Ճինիշեան»-ի Հայաստանի եւ Սուրիոյ տնօրէնները, «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի խորհրդատու մարմինը եւ անձնակազմը, բարեսիրական միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:
Սոյն ծրագրին վրայ լոյս սփռելու համար բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան: Ան յայտնեց, որ «Ճինիշեան»-ը 58 տարիներու ծառայութեամբ դարձած է հայ ժողովուրդի տառապեալ զաւակներուն յոյսի եւ լոյսի փարոս: Ամէն շրջանի իր ծրագիրը մշակած է ժողովուրդի պէտքերուն համաձայն: «Ճինիշեան»-ի ծրագիրները կ՛ուղղուին դէպի բարգաւաճում, սակայն տարեցներու այս ծրագիրը հիմնական է, որովհետեւ ամէն օր ականատես ենք անոնց ապրելակերպին եւ դժուարութիւններուն: Այս ծրագիրը նաեւ համայնքային ներդրում է Վարդան Ճինիշեանի հիմնադրած այս հաստատութեան:
Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան նշեց, որ ծրագրին մաս կը կազմեն 110 հայ կարիքաւոր տարեցներ: Բարեխիղճ հայորդիներ տարեկան 250 ամ. տոլարի ներդրումով կրնան որդեգրել տարեց մը, եւ այս գումարը հաստատութեան ընկերային բաժանմունքը ամսական 20 տոլարի դրութեամբ պիտի յատկացնէ որդեգրեալ տարեցին:
Այնուհետեւ սրտի խօսք արտասանեց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Նիւ Եորքի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Էլիզա Մինասեան: Ան ըսաւ, որ տարեցներու ծրագիրը կարելի չէ ընդհատել, որովհետեւ համայնքին կարիքը շատ մեծ է: Ան յայտնեց, որ պատիւ է մեզի համար տարեցներուն օգտակար դառնալը: Էլիզա Մինասեան յայտնեց նաեւ այն, որ տուողը ինքզինք պատուուած կը զգայ, որովհետեւ տարեցները օրհնութիւն են:
Հայ աւետարանական համայնքէն վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան իր խօսքին մէջ մէջբերեց «Սաղմոսաց» գիրքէն համար մը` «Ո՜վ իմ անձս, օրհնէ Տէրը եւ անոր բոլոր բարերարութիւնը մի՛ մոռնար», եւ յայտնեց, որ Աստուած հոգատար եւ բարերար է, բայց բարերար է մարդոց եւ հաստատութեանց միջոցով, որոնց կարգին` «Ճինիշեան» հաստատութիւնը, որ տարբեր ծառայութիւններ ունի եւ նոր ծառայութեան կը նախաձեռնէ, որն է` «Տարեց մը որդեգրել»-ու ծրագիրը: Վերապատուելին իր խօսքին վերջին բաժինով ըսաւ, որ ջանքը միշտ աշխատանքի մարտահրաւէր է, բայց աշխատանքն ալ կ՛ենթադրէ անձին քաջասիրտ ըլլալը, որովհետեւ նիւթական պարտաւորութեան դիմաց կը դնէ: «Տարեց մը որդեգրել»-ու ծրագիրը «Ճինիշեան»-էն եւ մեզմէ կը պահանջէ աջակցութիւն, զօրակցութիւն եւ ջանք:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` ներկաները իրազեկ դարձնելու համար տարեցներուն տուներու վիճակին ու անոնց օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ մեր հաստատութիւնները պետութեան աշխատանքն է, որ կը կատարեն, ինչ որ է այլ երկիրներու պարագային: Մեր հայկական հաստատութիւններու առանցքը կը կազմեն ծառայութիւնը` մեծին, փոքրին, տնանկին, աղքատին, հիւանդին…
Ան օրհնեց «Տարեց մը որդեգրել»-ու ծրագիրը եւ յաջողութիւն մաղթեց: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ տարեցներու օրհնութիւնները մեզի կը հասնին իբրեւ աղօթք: Իր խօսքի աւարտին Շահէ արքեպիսկոպոս մատնանշեց, որ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայութիւնը մեր կեանքը առաւել կը դիւրացնեն, կ՛իմաստաւորեն եւ դժուարութիւնները կը հարթեն:


