Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ուրբաթ, 22 մարտ 2024-ին այցելեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին: Քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը յուզող զանազան հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ անոնց լուծումին համար անհրաժեշտ նկատուող միացեալ ջանքերու ներդրումի հրամայականին: Հոգեւոր տէրը իր խօսակիցներուն ներկայացուց նաեւ համագործակցութեան շուրջ իր տեսլականը` կոչ ուղղելով քրիստոնէական, ազգային եւ միասնական...




















