Միասնականութեան առաջնորդող «Ու մունք… մենք ենք» կարգախօսով, մեծաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ աւելի քան հազար հայորդիներու ներկայութեամբ, գեղարուեստի միաւորներու ու խումբերու մշակութային բարձրորակ ներկայացումով, բեմական կատարումներուն 230 մասնակիցներով եւ վերապրելու կամք ու շունչ փոխանցող մեծաշուք հանդիսութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը արժանավայել կերպով նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը, որ կազմակերպչական, բեմական եւ գեղարուեստական առումով բարձրորակ էր, այլազան եւ խորհրդաւոր:
Առ այդ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանի եւ ՄԱՀԱԵՄ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանին, չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած «Ու մունք… մենք ենք» ձեռնարկը, որուն ներկայ էին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, ներկայ եւ նախկին պետական երեսփոխաններ ու նախարարներ, միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ մեծաթիւ հայորդիներ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Նայիրի Ադամեան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած մեր նախնիները հիմնեցին դպրոցներ, մարմնակրթական միութիւններ եւ մշակութային միութիւններ, որպէսզի խաւարամտութեան, ոճիրի, սպանութեան եւ բնաջնջումի ծրագիրները ձախողին, եւ այդ բոլորը ըրին` հաւատալով, որ խաւարին կարելի է յաղթել միայն լոյսով: Ան ըսաւ, որ այս շրջագիծին մէջ պէտք է դիտել Համազգայինի «Լոյսով` լոյսին» նշանաբանը: Ադամեան աւելցուց, որ այսօրուան հանդիսութեան Համազգայինի խումբերուն անդամները վկաներն են այն փաստին, որ Ցեղասպանութեան կարելի է յաղթել մշակոյթով եւ կրթութեամբ` լոյսով:
Օրուան պատգամը յղեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեան: Ան ըսաւ, որ բարդ իրավիճակին մէջ կ՛ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը, որովհետեւ Հայաստանի անկախացումէն աւելի քան երեսուն տարի ու Արցախի ազատագրումէն ու ապա հայաթափումէն ետք ազգովին կ’ապրինք ճակատագրական ու անորոշութեամբ բնութագրուած օրեր, գոյութենական վտանգի տակ է Հայաստանի հողի մնացած տարածքը, բարձր են հակահայկական տրամադրութիւնները, եւ մեր շուրջ ընթացող աշխարհաքաղաքական զարգացումները մեր ազգը մնայուն կերպով կ՛առաջնորդեն դէպի նոր զիջումներ ու նուաստացումներ:
Յարութիւնեան աւելցուց. «Արցախի կորուստով հայ ժողովուրդը կորսնցուց հարուստ մշակութային ժառանգութիւն, վանական համալիրներ, եկեղեցիներ, 5000-է աւելի պատմամշակութային կոթողներ, յուշարձաններ ու խաչքարեր, կորսնցուց այն հողը, հայրենի հողը, որուն ազատագրութեան ու պահպանութեան համար իր զաւակները զոհած է տարիներ շարունակ»:
Պատգամախօսը յայտնեց, որ «Ու մունք… մենք ենք»-ը լոզունգէ մը անդին` մեր ժողովուրդի դառն ու պարզած իրականութիւնն է, ծննդավայրը ստիպողաբար թողած ու տարագրութեան ճամբան բռնած մեր նախահայրերու նոյն ճակատագիրն է, որովհետեւ մէկ ազգի զաւակներն ենք հայկականութեամբ լեցուած, հայրենի հողի կարօտով եւ վերադարձի տենչով, որովհետեւ շարունակեցինք կառչած մնալ մեր սկզբունքներուն, հայու անզիջող տեսակին, որովհետեւ հայ լեզուի ու մշակոյթի ճամբով պահեցինք մեր ինքնութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը, սերունդներու գոյատեւումն ու զարգացումը, որովհետեւ պիտի պահենք Արցախի դրօշը, հոգեմտաւոր արժէքներն ու աւադոյթները:
Շանթ Յարութիւնեան հաստատեց, որ Համազգայինի գեղարուեստական խումբերու այս ելոյթը մշակութային շարունակուող ցեղասպանութեան դէմ ամէնէն ցայտուն պատասխանն է մեր թշնամներուն, համաթուրանական հին ու նոր երազներուն:
«Լոյսով` լոյսին» նորաստեղծ նշանաբանը անպայմանօրէն ուղի պիտի հարթէ իւրաքանչիւր հայու գիտութեան, կրթութեան ու մշակոյթի նոր վերելքներու ու սլացքներու` զարգացած հայ հասարակութիւն մը պատրաստելու նպատակով», հաստատեց բանախօսը եւ աւելցուց. «Պիտի պատրաստուին զարգացած սերունդներ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան շարունակելու նախնիներուն ուղին եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու` իրենց ետին ձգելով անտարբերութիւնն ու կեանքը միայն ժամանակակից վայելքներու մէջ տեսնելու երեւոյթները:
Զոյգ խօսքերէն ետք ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Ընկերակցութեամբ «Գայեանէ» պարի դպրոցին, Շողիկ Թորոսեան երգեց «Աւէ Մարիա»-ն, որմէ ետք «Արեգ» թատերական դպրոցը ներկայացուց «Մէկ հայ ձգել» պատկերը, «Գուսան» երգչախումբը երգեց «Մի գեղեցիկ գիշեր»-ը, եւ ապա տեղի ունեցաւ ջութակահարներու համոյթի եւ «Քնար» պարախումբի «Վարդագոյն աղջիկներու պար» ելոյթը:
«Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը երգեց «Մայր Հայաստան»-ը, իսկ «Արեգ»-ի աշակերտները ներկայացուցին «Արիւնոտ թթխմոր»-ը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ` «Գուսան»-ի «Ի զէն» կատարումով, «Քնար»-ի «Գաղթ» պարային ներկայացումով, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նուագախումբի «Ազգ փառապանծ» կատարումով եւ «Կարկաչ» երգչախումբի «Ազատ Հայաստան» երգով:
Ապա հերթաբար «Արեգ» թատերական դպրոցը ներկայացուց «Մենք»-ը, «Քնար» պարախումբը` «Արցախ» պարը, իսկ «Գուսան» երգչախումբը` «Զարթի՛ր, որդեակ»-ը:
Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Բ. Կանաչեան»-ի նուագախումբի «Սարդարապատ» նուագով: