Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Ներկայացուցիչները Իրենց Կեցուածքները Ներկայացուցին ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Լիբանանի Մէջ Ներկայացուցիչ Էտուարտ Պէյկպետըրին

April 26, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 8:45-ին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն պատուիրակութիւն մը այցելեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Լիբանանի կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցչութեան հետ` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Էտուարտ Պէյկպէտըրի:

Հանդիպումի սկզբնաւորութեան Պէյկպետըր բարի գալուստ մաղթեց պատանիներուն ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կեդրոնատեղիին մէջ` շեշտելով, որ կառոյցին դռները միշտ բաց են: Ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն ողբերգութիւններէն է, եւ ապագայ սերունդը պէտք է իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնէ, որպէսզի ցեղասպանութիւնները չկրկնուին: Ան մեծապէս գնահատեց հայերուն դերը ընկերութիւններուն մէջ` հաստատելով, որ հայերը ո՛ւր որ ալ գտնուած են, մասնակից դարձած են հաւաքականութիւններու բարգաւաճման եւ քաղաքակրթութիւններու զարգացման:

Մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն անունով խօսք առաւ Լիմ Լիպարեան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան նշումը ողբերգութեան յիշատակումէն անդին` առիթ է արդարութեան հաստատման, իրաւազրկուած ժողովուրդի դատի հետապնդման եւ ինքնութեան պահպանման: Ան ըսաւ, որ մենք մեր ձայնը կը բարձրացնենք` պահանջելով ցեղասպանութեան ճանաչում եւ նոր Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլում:

Լիմ Լիպարեան ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը պաշտպանէ երեխաներուն իրաւունքները եւ բարեկեցութիւնը, որ սերտօրէն կը համընկնի ապագայ վայրագութիւններու կանխարգիլման, որովհետեւ այսօր բոլորս մօտիկ անցեալին Արցախի երեխաներու դէմ գործադրուած ոճիրները եւ այսօր Կազայի երեխաներու սարսափելի պատկերները դատապարտելու եւ ընթացքը կասեցնելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուինք»:

Այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ Շաղիկ Չամիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչին` ընդունելութեան համար:

Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ մօտէն ծանօթանալու ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գործունէութեան եւ քննելու յառաջիկային երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները:

Նախորդը

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Նախագահութեամբ Ս. Պատարագ` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.