Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրանուշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» (2008-2018) Եռահատորի Շնորհահանդէս

Ապրիլ 20, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինին, «Թէքէեան» ու «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւններուն եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ին, երկուշաբթի, 15 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փրոֆ. Հրանուշ Յակոբեանի «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին (2008-2018)»  եռահատորին շնորհահանդէսը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցաւ փրոֆ. Հրանուշ Յակոբեանի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած տեսերիզ մը:

Հանդիսութեան առաջին խօսք առնողը եղաւ Համբիկ Մարտիրոսեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ գիրքին իւրայատկութիւնը, որուն հեղինակը իր փորձառութեան հիման վրայ ծնունդ տուած է այս հատորներուն: Ան նշեց, որ իր տասնամեայ նախարարական  պաշտօնավարութեան ընթացքին Հ. Յակոբեան յաջողութեամբ հայրենիքը մօտեցուց սփիւռքին եւ              սփիւռքը մօտեցուց Հայաստանին` հիմնելով ամուր կամուրջ մը: Ան դիտել տուաւ, որ Հ. Յակոբեան իր տարբեր տիտղոսները միշտ ալ ծառայեցուց հայութեան, սփիւռքին, Արցախին եւ Հայաստանին:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Սեդա Խտըշեան, որ հաստատեց, թէ 2008-2018 տարիներու սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` իբրեւ մասնագէտ իրաւաբան եւ համալսարանի իրաւաբանութեան դասախօս, մեծ ներդրում ունեցած է նորանկախ պետութեան նոր օրէնքներու բանաձեւումին եւ սահմանումին մէջ` դառնալով 100-է աւելի օրէնքներու հեղինակ: Ան դիտել տուաւ, որ նախկին նախարարը յաջողած է ամբողջ սփիւռքը գրաւել, սիրաշահիլ, սփիւռքի զանգուածներուն մէջ կրցած է տեսնել հայրենիքի կարօտով բաբախուն սրտերը եւ տասը տարի հեզասահ, հանգիստ ու անկաշկանդ, հարազատ ու թափանցիկ գործելով, կամրջած է  երկու անջրպետները` ըմբռնելով հոգեբանական խորունկ իրողութիւնը, որ տարիներով ընկճած էր հայը, եւ որ` ընդհանրապէս կը վրիպէր պետական այլ պաշտօնեաներու ուշադրութենէն:

Անդրադառնալով «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին (2008-2018)» եռահատորին` Խտըշեան ըսաւ, որ իւրաքանչիւրը կ՛ընդգրկէ տասնամեայ բեղուն ու ծաւալուն գործունէութեան ընթացքին, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, տարբեր առիթներով հեղինակին արտասանած  խօսքերը, ելոյթներն ու նամակները, որոնց մէջ կ՛արտացոլան սփիւռքի նախարարութեան ռազմավարական ծրագիրները, կապերու ամրապնդման միջոցներն ու հնարքները: Ան ըսաւ, որ Հ. Յակոբեան լաւապէս կը դիտարկէ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու մէջ քաղաքական, ազգային, պատմական, հոգեւոր  եւ մշակութային բոլոր հանգամանքները` անդրադառնալով Հայաստանի պետութեան քաղաքական վարքագծին եւ սփիւռքի ներուժի օգտագործման` յանուն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու հզօրացման: Խտըշեան հաստատեց, որ հեղինակը լաւապէս կը ճանչնայ` սփիւռքի հոգեբանութիւնը,  ցաւը, կարիքները, թափած ճիգերն ու զոհողութիւնները, եւ այդ ճանաչողութիւնը զինք կը դարձնէ աւելի գիտակից, աւելի յանձնառու Հայաստանի պետութեան  դերին ու պատասխանատուութեան նկատմամբ` ի  նպաստ ազգապահպանման համար կատարուած  աշխատանքներուն, հայրենադատութեան ծրագիրներու մշակման, ապահովելու անոր  գործակցութիւնը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Պարոյր Աղպաշեան, որ ըսաւ, թէ Հրանուշ Յակոբեանը տասը տարի դարձաւ ու մնաց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան վէմն ու բեմը` միշտ վերանորոգելի, վերակերտելի ու վերաստեղծելի անսպառ ու հաղորդական նախաձեռնութիւններով, իսկ այսօր ան իր տասը տարուան փորձագիտութիւնն ու վարչագիտութիւնը, մտագիտութիւնն ու տեսագիտութիւնը երեք պատկառելի հատորներով հանրութեան սեղանին դրած է` իբրեւ սրտագին նուէր մը իր ժողովուրդին, յատկապէս` սփիւռքահայուն: Աղպաշեան ըսաւ, որ այդ հատորները մեծ կարեւորութիւն ու նշանակութիւն կրնան ունենալ սփիւռքագիտութեան բնագաւառին մէջ` ճանաչողութեան ու ծանօթութեան առումներով, եւ աւելցուց, թէ անոնց մէջ հեղինակը ամբողջականութեամբ եւ լիարժէքութեամբ կրցած է վերլուծել սփիւռք հասկացողութեան եւ անոր հետ առնչուող  իւրաքանչիւր երեւոյթ ու գոյավիճակ, նաեւ` պատմագէտի ու գիտնականի հմտութեամբ եւ իրազեկութեամբ կատարել անոնց սահմանումն ու բնութագրումը, քննարկումն ու վերլուծումը:

Ապա խօսք առաւ Տիգրան Ճինպաշեան, որ ըսաւ, թէ հատորները կը խօսին հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան մասին, եւ անոնք տասնամեակի մը ընթացքին խօսուածին ու կատարուածին տարեգրութիւնը չեն միայն, այլ հայ ժողովուրդի, ազգի միասնութիւնը գործնականացնող յանձնառու աշխատանքի մը նկարագրութիւնն են: Ճինպաշեան շեշտեց, որ անոնք թանկագին աւանդ են այն անհրաժեշտ համագործակցութեան, որ անխուսափելիօրէն պիտի կայանայ` շնորհիւ բոլորին համախմբումին, ամբողջական հայրենիքի ու ամբողջական ազգի գաղափարին շուրջ:

Աւարտին սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ փրոֆ. Հրանուշ Յակոբեան, որ իր սէրը, գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց Լիբանանի նման իրեն հարազատ տեղ մը իր հատորներուն շնորհահանդէսի կազմակերպման համար` իր փորձառութենէն մեկնած հաստատելով, որ պէտք է սփիւռքը ճանչնանք, սիրենք, անոր վստահինք, անոր հետ գործակցինք, մօտեցնենք հայրենիքին: Ան նկատել տուաւ, որ հատորները մեզ կը փոխադրեն Հիւսիսային Ամերիկայէն Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիայէն Չինաստան, Եւրոպայէն Ռուսիա, Միջին Արեւելքէն Մերձաւոր Արեւելք եւ ամէնուր, որովհետեւ  աշխարհի 120 երկիրներու մէջ հայեր կան, եւ անոնք աշխարհասփիւռ դարձան Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով: Ան նկատել տուաւ, որ իրեն համար իր ամէնէն արժէքաւոր գիրքը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախապատրաստական աշխատանքներուն նուիրուածն է, ուր ամփոփուած են մեր ցաւը, վիշտը, վերածնունդը, հպարտութիւնը: Յակոբեան դիտել տուաւ, որ 100-ամեակի ծիրին մէջ բոլոր սփիւռքեան համահայկական կառոյցներու ղեկավարներու, համայնքներու, միութիւններու եւ կուսակցութիւններու կողքին, 61 յանձնախումբեր ստեղծուած էին աշխարհի տարածքին, սակայն Լիբանանինը յատուկ էր` իր կազմակերպած մեծաթիւ եւ որակաւոր ձեռնարկներով, ցոյցերով: Ան յիշեց, որ աշխարհի տարածքին ցեղասպանութեան նուիրուած 2-րդ թանգարանը ստեղծուեցաւ Լիբանանի մէջ եւ շնորհակալական խօսքը ուղղեց Ալեքքօ Պեզիկեանի եւ անոր նորոգ հանգուցեալ կնոջ, որոնց ջանքերով եւ վեհափառ հայրապետի հովանիին ներքեւ կառուցուեցաւ այդ թանգարանը:

Յակոբեան ըսաւ, որ հայկական սփիւռքը ունի առանձնայատկութիւններ, որոնցմէ առաջինը այն է, որ ան զոհի կարգավիճակ ունի, Ցեղասպանութենէ եկած է, երկրորդը ամէնէն սփռուած եւ ամէնէն տարածուածն է 120 երկիրներու մէջ, եւ նման սփիւռք աշխարհի տարածքին ոչ ոք ունի, երրորդ` սփիւռքի մէջ կ՛ապրի հայութեան 2/3-ը, իսկ Հայաստանի մէջ 1/3-ը աւելցնելով, որ չկայ երկիր մը, որուն սփիւռքը կը գերազանցէ իր ապրած երկրի բնակչութիւնը: «Փառք ու պատիւ մեր պապերուն եւ հայրերուն, որոնք ուր որ գտնուեցան, կառուցեցին` դպրոց, եկեղեցի, մշակութային վայրեր, մարզական վայրեր, կիներու, երիտասարդաց կազմակերպութիւններ, աւանդական կուսակցութիւններ», շեշտեց Յակոբեան` նկատել տալով, որ հայկական սփիւռքի մէջ կայ 30 հազար հայկական կազմակերպութիւն, աւելի քան 40 համահայկական կառոյցներ, որոնք ունին իրենց մասնաճիւղերը տարբեր երկիրներու մէջ, 1004 ամէնօրեայ եւ միօրեայ հայկական վարժարաններ, 637 մշակութային կեդրոններ` աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, մարզական կեդրոններ, մեծաթիւ երգչախումբեր եւ պարախումբեր, 104 հայագիտական կեդրոններ, 1 հայկական համալսարան` Հայկազեան, Լիբանանի մէջ:

Իր խօսքի վերջին բաժինով ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ եկեղեցւոյ, որ դարեր շարունակ պետականութիւն չունեցող ժողովուրդին  հայ պահեց եւ հայկական եկեղեցիները իրենց դպրոցներով ու ցանցերով մեր կողքին կանգնեցան, երեք կուսակցութիւններուն եւ անոնց ուղեկից միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, որոնք 10 տարիներու ընթացքին գործեցին իրեն հետ, նաեւ սփիւռքահայութիւնն ու յատկապէս երիտասարդութիւնը բերին Հայաստան եւ հայրենիքով լիացած` զանոնք վերադարձուցին սփիւռքահայ գաղութներ: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ ճգնաժամային պատերազմի ժամանակ մենք կրցանք պահել 22 հազար սուրիահայեր եւ իրենց կարիքները հոգալ` հաստատելով, որ անոնք Հայաստան բերին` աշխատասիրութիւն, նուիրում, նախաձեռնութիւն, աշխուժացուցին եւ զարգացուցին տնտեսութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անձնաւորութիւններուն, որոնք օժանդակեցին քարոզչական աշխատանքներու իրականացման եւ շնորհահանդէսի յաջողութեան:

Եզրափակելով իր խօսքը` փրոֆ. Հրանուշ Յակոբեան ըսաւ, որ գիրքերու ուղերձն է` հայրենասիրութիւն, հայրենապաշտութիւն, հայրենատիրութիւն, սփիւռքի ուծացման դէմ պայքար, հայրենիք-սփիւռք միասնութիւն:

Հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Անի Եփրեմեան` ասմունք, եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի նուագախումբը` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Կարօ Աւէսեանի:

Նախորդը

Դպրեվանքի Տեսուչ Հայր Սուրբը Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

«Եուրոփա Լիկ». Լեւերքուզըն – Ռոմա Կիսաւարտականի Կրկնութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?