Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակը

Ապրիլ 26, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով, կիրակի, 21 ապրիլ 2024-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներ, խմբապետական կազմեր, երէց-պարմանուհի փաղանգներ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը համախմբուեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, ուր կատարուեցաւ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին նուիրուած ոգեկոչում:

Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան յուշակոթող ու ծաղկեպսակ զետեղեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ` առ ի յարգանք նահատակներու անթառամ յիշատակին:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետուհի Թալին Փափիրեան: Ան ըսաւ, որ միասնաբար հաւաքուած ենք այս խորհրդանշական վայրին մէջ դարձեալ վերանորոգելու մեր ուխտը` երբեք չմոռնալու Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր սրբադասուած նահատակներուն կտակն ու մանաւանդ ՀՄԸՄ-ականի երդումը, որ կը վճռէ ամէն գնով հաւատարիմ մնալ մեր ազգին ու մեր հայրենիքին, աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը ՀՄԸՄ-ականներուն համար խոնարհումի եւ խոկումի աւանդական առիթ է:

Ան նկատել տուաւ, որ արիւնարբու մոլուցքով սնանած մեր ոխերիմ թշնամին չբաւարարուելով Ցեղասպանութեան տարիներուն Արեւմտահայաստանի մեր պապենական հողամասերու հսկայ բաժինը կուլ տալու, մեր մտաւորականութիւնն ու ղեկավարութիւնը գլխատելու, կիներուն ու աղջիկներուն նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունք ցուցաբերելու եւ արեւմտահայութեան բնակչութեան մէկ կարեւոր հատուածը բնաջնջելու կամ հայրենազրկելու իր վայրագ արարքներով, իր ցեղապաշտ ախորժակները լարած, տասնամեակներ ետք եւս, նոյն վայրագութեամբ եւ այս անգամ իր ձեռքին մէջ խաղալիք դարձած Ազրպէյճանի միջոցով նոր ցեղասպանութիւն իրագործեց Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ, իսկ տակաւին մօտիկ անցեալին յանդգնեցաւ նոյնը ընել Արցախի մէջ, որուն վէրքը մինչեւ այս պահը կ՛արիւնահոսի, այդ սուրբ հողատարածքի խլումով եւ մեր հայրենակիցներու իրենց պապենական հողերէն պարտադրաբար ու բռնի տեղահանութեան պատճառով:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը իրենց նենգ քաղաքականութեամբ եւ ներքին թէ արտաքին դաւաճաններու ստոր զիջումներուն շնորհիւ, Արեւմտահայաստանէն ու մեր դարաւոր այլ հողատարածքներէ ետք տիրացան նաեւ Արցախին եւ այսօր կը փորձեն նաեւ յօշոտել  Հայաստան հայենիքի սահմանամերձ շրջանները, եւ այս բոլորը` համայն աշխարհի կրաւորականութեան, մեծ պետութիւններու անտարբերութեան եւ դժբախտաբար նաեւ, այսպէս, կոչուած «մարդկային խղճին» լռութեան դիմաց:

Ան դիտել տուաւ, որ ինչպէս համայն հայութեան, այնպէս ալ ՀՄԸՄ-ականներուն համար մեծ ցաւ է Արցախը տեսնել հայաթափուած, աւելցնելով, որ մեզի համար անընդունելի է տեսնել հերոս արցախցին` ընկրկած, եւ հաստատեց, որ իբրեւ ՀՄԸՄ-ի անդամներ` կ՛ուխտենք շարունակել մեր հիմնադիրներուն ու մանաւանդ Հայ դատի եւ Արցախի ի խնդիր իրենց կեանքը զոհաբերած մեր նահատակ ՀՄԸՄ-ականներու ուղին` հաւատարիմ ու արի զինուորը ըլլալով մեր պահանջատատիրական պայքարին: Ան հաստատեց, որ հակառակ Թուրքիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն վարած ուրացման քաղաքականութեան` Հայոց ցեղասպանութիւնը մեզի համար կը շարունակէ մնալ պատմական անժխտելի փաստ մը, որուն խոր արմատները խարսխուած են հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան եւ գիտակցութեան մէջ,  աւելցնելով, որ մեզի համար յստակ յանձնառութիւն է, որ կարելի բոլոր միջոցներով պարտինք ձգտիլ  մեր բոլոր իրաւունքներու վերատիրացման, եւ մերժելի է զիջողական որեւէ մօտեցում:

«Մենք ա՛յս տրամաբանութեամբ եւ վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք գործել եւ մեր անզիջող կեցուածքը պիտի փոխանցենք նոր սերունդին` շարունակելով  կառչած մնալ մեր ժառանգութեան եւ հոգեւոր ու մշակութային արժէքներուն», հաստատեց Թալին Փափիրեան եւ եզրափակելով իր խօսքը` ըսաւ, որ հակառակ անցնող տարիներուն մեր ունեցած ցաւալի կորուստներուն, մենք խորապէս կը հաւատանք, որ լոկ ճակատամարտ մը կորսնցուցինք եւ ոչ` պատերազմը: Մեր արդար իրաւունքները խլելով եւ պապենական հողերը բռնագրաւելով` մեր թշնամին պէտք է լաւ իմանայ, որ երբեք ալ պիտի չյաջողի մեր ոգեղէն էութեան մէջ խարսխուած, մեր հոգիներուն մէջ արմատ նետած հայ ինքնութիւնը խորտակել եւ մեր ՀՄԸՄ-ականի հաւատամքը չքացնել:

Ապա ներկաներուն իր պատգամը յղեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք յարգելու մեր նահատակներուն յիշատակը եւ մեր Դատին հանդէպ ունեցած պայքարի ոգին նորոգելու եւ մեր ուխտը վերականգնելու: Ան ըսաւ, որ Արցախի պայքարը շատերու սրտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վէրքը խորացուց` դարձնելով արիւնլուայ սիրտի մը, շեշտելով, որ չենք կրնար մեր նահատակներուն յիշատակը ապրիլ առանց Արցախի եւ անոր սիրոյն համար նահատակուած զինուորներուն: Հայր սուրբը հաստատեց, որ Արցախի պատերազմը անգամ մը եւս փաստեց, որ թուրքը եւ ազերին իրենց տեսակը չեն փոխեր, իր արեան մէջ տակաւին կը պահեն հայատեաց ոգին, աւելցնելով, որ նման պարագայի թոյլատրելի չէ մեզի` իբրեւ հայ ժողովուրդ, մեր տեսակը, մեր ինքնութիւնը եւ մեր իւրայատկութիւնը աղաւաղել: «Հայուն տեսակը չեն ճանչնար յուսահատութիւն: Հայուն տեսակը գիտէ մինչեւ իրենց վերջին շունչը նուիրել իր պայքարին, իր Դատին: Հայուն տեսակը գիտէ հայ մնալ նոյնիսկ օտար հողին վրայ եւ միայն երազել միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստան», հաստատեց Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան` աւելցնելով, որ հայրենիքը սահմաններ չէ, առեւտրական վայր չէ, զբօսաշրջութեան վայր չէ, այլ սրբութիւն է, որ կ՛ապրի ոչ թէ միայն հայրենիքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ սրտին մէջ, այլ` աշխարհասփիւռ սփիւռքի իւրաքանչիւր հայու սրտի մէջ, եւ թոյլ պէտք չէ տանք, որ այդ սրբութիւնը աղաւաղուի, այլ պէտք է զայն պահպանենք եւ, ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին համաձայն, զիրար պէտք է բարձրացնենք նախքան մենք մեր անձերը բարձրացնելը: Շարունակելով իր խօսքը` հայր սուրբը հաստատեց, որ հաւաքուած ենք մեր պայքարի ուխտը վերականգնելու, նաեւ` դարձեալ ըսելու, որ հայը պահանջատէր է եւ պիտի մնայ, նաեւ` ըսելու, որ մեր Դատին համար աշխատող, պայքարող եւ նուիրուող զինուորներ ենք, աւելցնելով, որ միայն այդ ձեւով կրնանք մեր երազը իրականացնել եւ նահատակներուն յիշատակը յարգել ու ապրիլ: Հայր սուրբը կոչ ուղղեց բոլորին` վերանորոգելու իրենց ուխտը եւ մեր գիտակցութեան մէջ պահելու, որ իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ նահատակի արիւն կայ: Ան ըսաւ, որ նոյն օրը Հայ եկեղեցին կը կոչէ «Կարմիր կիրակի», յիշելով, որ եկեղեցին նահատակներով պահուած է, նահատակներով կը գոյատեւէ ու անոնց յիշատակով պիտի շարունակէ գոյատեւել եւ եզրափակելով իր խօսքը` հաստատեց, որ մեր պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ մեր հաւաքական երազը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը, դառնայ իրականութիւն եւ կենդանի:

«Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգի երգեցողութենէն ետք ներկաները մոմեր զետեղեցին, նաեւ ծաղիկներ դրին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Ներկայացուցիչները Իրենց Կեցուածքները Ներկայացուցին ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Լիբանանի Մէջ Ներկայացուցիչ Էտուարտ Պէյկպետըրին

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբերուն Նուիրուած Ս. Պատարագ Եւ Ծաղկեպսակներու Զետեղում

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?