Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համագումար՝ Ի Նպաստ Արցախի Իրաւունքներու Միջազգայնացման

Ապրիլ 25, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի կազմակերպութեամբ, 20-22 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» խորագրով միջազգային համագումարը։ Եռօրեայ նիստերուն մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն շուրջ 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։

Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով համագումարին ներկայ էին նաեւ Միջազգային Քրէական Դատարանի առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ, ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային Ժողովին ստեղծած Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի աշխատանքները համակարգող, նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան։

Համագումարը քննարկեց Արցախի հայաթափման յաջորդած Ազրպէյճանի յանցաւոր քաղաքականութիւնը եւ անոր արձագանգները միջազգային շրջանակներու եւ մամուլին մէջ։ Ուշադրութեան կեդրոնին էին Արցախի ժառանգութեան նկատմամբ իրագործուող մշակութային ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ներուժի համախմբումը եւ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ հնարաւոր քայլերը։ Շեշտուեցան Արցախի ժողովուրդին միջազգային երաշխիքներով հաւաքական վերադարձի իրաւունքի եւ յարակից այլ իրաւունքներու իրացման հիմնաւորումները ու հնարաւորութիւնները։

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը քննարկեց նաեւ Արցախի հայաթափման հետեւանքով Հայաստանի հանրապետութեան սպառնացող գոյութենական վտանգները եւ որոշեց․-

ա) Հրատարակել համագումարի նիւթերու ժողովածուն։

բ) Պատրաստել Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը փաստագրող թղթածրար՝ առ ի օգտագործում իրաւաքաղաքական բոլոր շրջանակներուն, ի նպաստ հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ Արցախին իրաւունքներու վերականգնման աշխատանքներուն մասնաւորապէս։

գ) Հաստատել խորհրդակցական կապեր համահայկական օրակարգերու ձեւաւորման շուրջ վերլուծական եւ իրաւաքաղաքական աշխատանքներ տանող կեդրոններու եւ դերակատարներու հետ։

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը պիտի շարունակէ իր հերթական աշխատանքները՝ օրակարգի վրայ ունենալով Հայրենիքի եւ Սփիւռքի խնդիրները։

Նախորդը

«Մարկօ Պապիկեան» Մրցանքը Երաժշտութեան Աշակերտներուն Յոյսի Եւ Քաջալերանքի Առիթ Է» Հաստատեց Քրիստին Պապիկեան-Ասաֆ

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան. «Ու Մունք… Մենք Ենք» Կարգախօսով Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Յիշատակի Ոգեկոչում Եւ Մշակոյթով Գոյատեւելու Պատգամ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?