Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»

Ապրիլ 19, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը` գումարուած Երեւան, մայիս 2022-ին, 2022-2026 քառամեակի Կեդրոնական վարչութեան վրայ պարտք դրած էր միութիւնը օժտել դրօշակով, նշանաբանով (բնաբանով) եւ քայլերգով:

Դրօշակի ձեւաւորումը իրագործուեցաւ եւ անոր օրհնութիւնը կատարուեցաւ սեպտեմբեր 2023-ին ու այնուհետեւ գործածութեան դրուեցաւ: Ինչ կը վերաբերի միութեան նոր բնաբանին կամ նշանաբանին, Կեդրոնական վարչութիւնը բաւական ժամանակ տրամադրեց եւ դիմեց իր շրջաններուն ու անոնց շարքերէն ներս գործող վաստակաշատ համազգայնական ընկերներու եւ ստացաւ աւելի քան 20 գրաւոր առաջարկներ, որոնք մէկ առ մէկ քննուեցան:

Երկար քննարկումներէ ետք վարչութիւնը ընտրեց անոնցմէ մէկը եւ անոր մասին պատրաստեց հիմնաւոր բացատրական մը, զոր յղեց իր բոլոր շրջաններուն:

Արդարեւ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նոր նշանաբան որդեգրուեցաւ` «Լոյսով` լոյսին»-ը, տրուած ըլլալով, որ լոյսը բառարանային իմաստով կ՛առնչուի կրթութեան եւ գիտութեան հետ: Մշակոյթի բառարանային իմաստը առնչութիւն ունի գիտութեան հետ: Իսկ Համազգայինի պատմութիւնը կը վկայակոչէ, որ երբ միութեան հիմնադիրներ Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան կը վարէին Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան վարժարանը, անոնք ջերմ կողմնակից էին բարձրագոյն վարժարանի մը հիմնադրութեան եւ իրենց խնամքին յանձնուած դպրոցը կը տանէին այդ ուղղութեամբ: Այս մասին Լեւոն Շանթ կ՛առաջարկէր կազմել «Լոյս» անունով կրթական-մշակութային ընկերութիւնը, որ պիտի պահէր միայն մէկ վարժարան` Եգիպտոսի կամ Լիբանանի մէջ: Աւելի ուշ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումով Նիկոլ Աղբալեան 1919-ին նշանակուեցաւ լուսաւորութեան (կրթութեան) նախարար:

Լոյսը նաեւ կը խորհրդանշէ պայծառամտութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը:

Մեկնելով վերոնշեալներէն` «Լոյսով` լոյսին» նշանաբանը կը բացատրուի գիտութեամբ, կրթութեամբ, քաղաքակրթութեամբ եւ մշակոյթով առաջնորդուիլ դէպի աւելի զարգացած, աւելի մշակուած կրթութիւն եւ մշակոյթ:

Իսկ անդրադառնալով բնաբան ընտրելու մասնագիտական ազդակներուն` կարելի է հաստատել, որ նոյն բառը երկու իմաստով գործածելն ու բառի կրկնութիւնը որդեգրելը ազդեցիկ է. կրկնութիւնը ընկալման հիմնական տարրն է: Պարզ եւ դիւրին բառերով կազմուած կարճ բնաբանները աւելի դիպուկ են եւ յիշարժան:  Հնչիւնի առումով, բնաբանը հեշտ հնչելի եւ ականջի հաճելի է եւ կ՛առնչուի կազմակերպութեան գործունէութեան հետ եւ կ՛արտացոլացնէ անոր տեսակը. այս պարագային պէտք է նկատի ունենալ, որ Համազգայինի գլխաւոր հաստատութեան` Ճեմարանի տարբերանշանն ալ ջահն է, որ նոյն իմաստով որդեգրուած է:

Եւ վերջապէս, բնաբանի մեղեդայնութիւնը նկատի առնելով, Համազգային «Լոյսով` լոյսին»-ը նաեւ յանգերու առումով կը պատշաճի:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 Պէյրութ, 12 ապրիլ 2024

Նախորդը

Հնա՞րք, Թէ՞ Թակարդ

Յաջորդը

Պրազիլի Աստղերէն Ռոմարիօ Պիտի Վերադառնայ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 21, 2025
Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ  Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու  15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ
Գաղութային

Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու 15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ

Մայիս 19, 2025
Արտաշատի Պետական Թատրոնի Հիւրախաղերը Պէյրութի Մէջ
Գաղութային

Արտաշատի Պետական Թատրոնի Հիւրախաղերը Պէյրութի Մէջ

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?