Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտաժողովը Շարունակեց Գումարել Իր Յաջորդական Նիստերը Վեհափառ Հայրապետին Գլխաւորութեամբ

April 23, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը` ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» գիտաժողովը իր առաջի օրուան աշխատանքները աւարտեց վեց նիստերով:

Բացման նիստէն ետք հանդէս եկաւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ համապարփակ կերպով անդրադարձաւ Ազրպէյճանի աւելի քան մէկ դարէ ի վեր իր սահմանակից երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն դէմ կատարած պատմամշակութային խեղաթիւրման քաղաքականութեան: Ապա, փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան խօսեցաւ «Մեծ Ազրպէյճան» ծրագրին նպատակով համաթուրքական հայեցակարգի փուլերուն եւ այդ մէկուն իրականացման համար աշխարհաքաղաքական շահերու բերումով տարածաշրջանային դերակատարներուն ազդեցութեան մասին: Դոկտ. Գայիանէ Յովհաննիսեան զեկուցեց Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանին վարած ազգային խտրական քաղաքականութեան եւ հակահայ ժողովրդագրական քաղաքականութեան դրսեւորումներուն մասին` հիմնական նպատակ ունենալով փոխել շրջանին ցեղային պատկերը: Նիստը վարեց փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան:

Երրորդ նիստի ընթացքին փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան` իբրեւ զեկուցաբեր, լուսարձակի տակ առաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջանային նոր աշխարհառազմավարութիւնը, որուն հիմքը կը կազմեն նոր օսմանականութեան եւ փանթուրքիզմի հայեցակարգերը` այս առումով Արցախի հայաթափումը եւ Արցախի ամբողջական կլանումը Ազրպէյճանի կողմէն: Այս նիստին զեկուցեց նաեւ դոկտ. Կարէն Խանլարեան, որ ընդգծեց Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական դերը համաթուրքական ծաւալապաշտութեան խափանման գործընթացին մէջ` մասնաւորապէս թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպան դաշինքին կողմէ պարբերաբար հնչող «Զանգեզուրի միջանցք» հռետորաբանութեան առումով, եւ անդրադարձաւ Իրանի պետական պաշտօնակատարներու դիրքորոշումներուն այս գծով, իսկ Ահարոն Շխրտըմեան ներկայացուց նոր օսմանականութիւնը եւ այս իմաստով տարբեր ոլորտներու մէջ տարուած քաղաքականութիւնները: Սոյն նիստը վարեց փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան:

Չորրորդ նիստի զրուցավարն էր Ահարոն Շխրտըմեան: Ելոյթ ունեցաւ փրոֆ. Արմէն Մարուքեան, որ Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմի քարոզչական-տեղեկատուական ուղղութիւններուն մասին մանրամասնեց եւ դիտել տուաւ, որ Հայաստանն ու սփիւռքի կառոյցները պէտք է վերանային իրենց գործունէութեան նախկին մարտավարութիւնը եւ որդեգրեն պայքարի նոր մեթոտներ: Ապա դոկտ. Նորա Պայրագտարեան համապարփակ կերպով մատնանշեց Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանական արարքի միջազգային օրէնքի տակ քննարկումը` պետական եւ ոչ պետական կարողականութեան ընձեռած հնարաւորութիւններու ծիրին մէջ, եւ կեդրոնացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 2015 թուականին բացած դատին վրայ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով` իբրեւ նախադէպ:

Օրուան վերջին նիստին, դոկտ. Իսկուհի Աւանէսեան ներկայացուց Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնները, միջազգային իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումները եւ պատերազմական յանցագործութիւնները: Փրոֆ. Վահրամ Բալայեան խօսեցաւ սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն մասին եւ Ազրպէյճանի օգտագործած ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող աշխարհագրական դիրքին եւ ուժանիւթային աղբիւրներուն, ու անդրադարձաւ Արցախի բռնի տեղահանման հետեւանքներուն եւ կործանարար գործընթացը կանխելու կարելիութիւններուն: Իսկ Եղիա Թաշճեան ներկայացուց Հարաւային Կովկասի շուրջ յետ 2020-ի աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական իրադարձութիւնները եւ ապագայ մարտահրաւէրները: Նիստը վարեց Տիգրան Եկաւեան:

Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցած զրոյցները աւելիով հարստացուցին ներկայացուած նիւթերը:

 

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ափսոսա՜նք, Բայց Որո՛ւ Հաշուոյն… (Ապրիլեան Խոհեր) (Բ.)

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Պատանեկան Միութիւնների Խորհրդաժողովին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)

September 21, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.