Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Տեղի Ունենալիք Կարեւոր Ձեռնարկներ

- Ուրբաթ, 19 ապրիլ 2024-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Թռչնոց բոյն»-ի հաստատման 100-ամեակին նուիրուած, «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ որբերը» հատորին շնորհահանդէսը եւ քննարկում տեղի պիտի ունենայ «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ, Ժիպէյլ: - Ուրբաթ, 19 ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, պիտի դասախօսէ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր եւ առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ: Նիւթ` «Ցեղասպանութեան հռչակագիրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը...

Արցախի Վ. Փափազեանի Անուան Դրամատիկական Թատրոնի Խումբը Հասաւ Պէյրութ

Արցախի Վ. Փափազեանի Անուան Դրամատիկական Թատրոնի Խումբը Հասաւ Պէյրութ

Երէկ Պէյրութի օդակայան հասաւ Արցախի Վ. Փափազեանի անուան դրամատիկական թատրոնի խումբը, որ հինգշաբթի, 18 եւ ուրբաթ, 19 ապրիլին, կազմակերպութեամբ ՋԱՀ «Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբի, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայայցնէ «Հրէշը լուսնի վրայ» թատերախաղը` երկու գործողութեամբ` բեմադրութեամբ Վահան Խաչատրեանի:  

Պուրճ Համուտի Թաղամասերը Արդիական Ոճով Լուսաւորելու Ծրագիրի Ծիրին Մէջ.  ՄԱԿ-ի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Պուրճ Համուտի Թաղամասերը Արդիական Ոճով Լուսաւորելու Ծրագիրի Ծիրին Մէջ. ՄԱԿ-ի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ` երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2024-ի կէսօրէ առաջ, քաղաքապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Ծրագիրներու զօրակցութեան գրասենեակի («Եու. Էն. Օ. Փի. Էս.») պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ճարտարապետ Ահմետ Տահերի, որուն կ՛ընկերանային «Տի.Թի.Փի.» ընկերութեան ներկայացուցիչներ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Պուրճ Համուտի դաշտին մէջ արեւի ճառագայթով ելեկտրածին ուժանիւթի արտադրութեան կայանի մը կառուցման ծրագիրին վրայ, որ կը միտի շրջակայ թաղամասերու լուսաւորութիւնը ապահովել կենսոլորտային ապահով, տոկուն...

Այցելութիւն Այնթուրայի Հայ Որբ Մանուկներու Դամբարան Եւ Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Այցելութիւն Այնթուրայի Հայ Որբ Մանուկներու Դամբարան Եւ Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Շաբաթ, 13 ապրիլ 2024-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամները կատարեցին դաստիարակչական այցելութիւն մը Այնթուրայի հայ որբ մանուկներու դամբարան, ուր  անոնք ծանօթացան որբանոցի պատմութեան, թրքացման քաղաքականութեան եւ հայ որբերու ապրած տառապանքին:  Ներկայացումը կատարեց ԳՈՀԱՐ գրադարանի պատասխանատու Կարօ Տէրունեան, որ մանրամասն անդրադարձաւ նաեւ որբանոցի յայտնաբերման, կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, դամբարանին եւ անմեղ որբերու յիշատակին յուշարձանի կառուցման: ԼԵՄ-ի խօսքը արտասանեց Արազ Էլէյճեան, որ ներկաներուն բացատրեց այցելութիւններու կարեւորութեան,...

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն Եւ Կիսասարկաւագաց Աստիճանի Տուչութիւն

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն Եւ Կիսասարկաւագաց Աստիճանի Տուչութիւն

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 14 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Ճիւնիի ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Շահէ արք. Փանոսեանի, որմէ ետք թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին կիսասարկաւագաց աստիճան ստացան Նշան Սվաճեան,...

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Կիսասարկաւագական Ձեռնադրութիւն

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Կիսասարկաւագական Ձեռնադրութիւն

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 7 ապրիլ 2024-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ժամանեց եկեղեցւոյ կից գտնուող փողոցը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, ապա առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ ժողովուրդին` թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր առաջնորդը մատուցեց ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը կատարեց կիսասարկաւագական ձեռնադրութիւն: Իր քարոզին մէջ սրբազան...

«Մեր Շուկան» Կը Շարունակէ Իր Շուրջ Համախմբել Լիբանանահայութիւնը

«Մեր Շուկան» Կը Շարունակէ Իր Շուրջ Համախմբել Լիբանանահայութիւնը

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կիրակի, 14 ապրիլին,  առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը «Մասթըր մոլ»-ի մէջ «Մեր շուկան» նախաձեռնութիւնը իններորդ անգամն ըլլալով ներկայացաւ լիբանանահայութեան: Օրուան հանդիսավար` Մարալ Մխսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, որ քանի մը ամիսներու բացակայութենէ ետք «Մեր շուկան» վերստին կը ներկայանայ հանրութեան` առաւել եւս ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտով: Ան նաեւ մերթ ընդ մերթ ներկայացուց կրպակները...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Իշխանի Կարգ»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Բարերար Երջօ Սամուէլեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Իշխանի Կարգ»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Բարերար Երջօ Սամուէլեանը

Ընդառաջելով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի խնդրանքին եւ ի գնահատութիւն երկար տարիներու ազգանուէր ու եկեղեցանուէր գործունէութեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Իշխանի կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց բարերար Երջօ Սամուէլեանը: Այս առիթով հրապարակուած հայրապետական սրբատառ կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը հետեւեալ կերպով բնութագրած է եկեղեցական ու ազգային բնագաւառին մէջ բարերար Սամուէլեանի գործունէութիւնը. «Լիբանանի հայութիւնը Ձեզ ճանչցաւ իբրեւ լուսարձակներէ...

Հաղորդագրութիւն  (Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հաղորդագրութիւնը` Թափօններու Թաղման Վայրին Մասին)

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

Լիբանանի մէջ վերջին օրերուն պատահեցան ոճրային այնպիսի արարքներ, որոնք առաւել եւս շեշտեցին քաղաքացիներու մտահոգութիւնը եւ որոնց ընթացքին արձանագրուեցան անմեղ զոհեր` տեղի տալով տարբեր հակազդեցութիւններու: Այս ծիրին մէջ խումբ մը երիտասարդներ Պուրճ Համուտի բնակչութեան եւ երիտասարդութեան անունով դիմեցին խափանարարական արարքներու` շրջելով Պուրճ  Համուտի թաղամասերուն մէջ, սաստելով եւ սպառնալով: Նմանապէս, ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառութեան մէջ դրուեցան հրահրիչ արտայայտութիւններ, միտելով  անհիմն զրպարտութիւններ ուղղել...

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն Եւ «Մհերը` Ներշնչման Աղբիւր» Գիրքի Շնորհահանդէս

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն Եւ «Մհերը` Ներշնչման Աղբիւր» Գիրքի Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքի 20-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 11 ապրիլին` երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանքին 2022-2023 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը, նաեւ «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքին շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի եւ...

Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի Անուան Պետական Դրամատիկական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ

Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի Անուան Պետական Դրամատիկական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2024-ին, Լիբանան կը ժամանէ Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնը, որ պիտի ներկայացնէ Ռ. Կալինոսքիի «Հրէշը լուսնի վրայ» թատերախաղը, բեմադրութեամբ` Վահան Խաչատրեանի, հինգշաբթի, 18 եւ ուրբաթ, 19 ապրիլին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան (մինչեւ 1989` Մ. Գորկիի անուան) պետական դրամատիկական թատրոնը իր գործունէութեան 88...

ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէի Աշխատանքներէն

ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէի Աշխատանքներէն

- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 22 մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Արագած ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, որուն թեման էր  «Բարեսիրութիւն, կամաւոր աշխատանք, մասնագիտական սպասարկութիւն», իսկ դասախօսը` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան: Դասախօսը անդրադարձաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բարեսիրական գործունէութեան եւ լուսարձակի տակ առաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բաժանմունքներու տարաբնոյթ աշխատանքները: Ան շեշտեց, որ կեդրոնը...

Անթիլիասի Մէջ Պիտի Քննարկուին  Ազրպէյճանի Գործադրած Ցեղասպանական Արարքները Եւ Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքներու Վերականգման Խնդիրները

Անթիլիասի Մէջ Պիտի Քննարկուին Ազրպէյճանի Գործադրած Ցեղասպանական Արարքները Եւ Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքներու Վերականգման Խնդիրները

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»ի աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, 20-22 Ապրիլ 2024-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ համագումար՝ «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» ընդհանուր խորագիրին ներքոյ։ Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիռքեան տարբեր երկիրներէ հրաւիրուած են 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։ Համագումարի թուական նկատի առնուած է Ապրիլը՝...

Մեր Խօսքը

Հաղորդագրութիւն

Հայաստանի ներկայ իշխանութեան օրով կը շարունակուի հայրենիքի մասնատումը: Արցախի Հանրապետութեան անկումէն եւ ամբողջական հայաթափումէն, հայաստանեան գերիշխան տարածքներ ազրպէյճանական ներխուժումէն ետք, այժմ սահմանազատման օրակարգին տակ հայրենի նոր տարածքներ զիջելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն այս իշխանութիւնները: Գոյաբանական վտանգի առջեւ կանգնած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Թշնամին չի խուսափիր իր նկրտումները բացայայտելէ` Սիւնիքի, Տաւուշի եւ Գեղարքունիքի ուղղութիւններով: Մինչ իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց զիջողական քաղաքականութիւնը, խաղաղութեան կեղծ...

Աւելի Քան 350 Հայորդիներ Վայելեցին Հայ Երգն Ու Բարձրորակ Արուեստը Եւ Զօրակցեցան Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Սաներու Ֆոնտին

Աւելի Քան 350 Հայորդիներ Վայելեցին Հայ Երգն Ու Բարձրորակ Արուեստը Եւ Զօրակցեցան Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Սաներու Ֆոնտին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 30 մարտ 2024-ին «Հիլթըն Հապթուր» պանդոկի «Էմիրէյծ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի արուեստագէտներ Նունէ Եսայեան եւ Յովիկ Արշակեան` ընկերակցութեամբ «Տը պոյինկ օրքեսթրա»-ին եւ ներկայութեամբ աւելի քան 350 հայորդիներու, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Թալին Խաչատուրեաններու: Ճաշկերոյթին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական...

Մեծ Խանդավառութեամբ Տեղի Ունեցաւ Համազգայինի Միջդպրոցական Նկարչական Մրցանքը Եւ Մրցանակաբաշխութիւնը

Մեծ Խանդավառութեամբ Տեղի Ունեցաւ Համազգայինի Միջդպրոցական Նկարչական Մրցանքը Եւ Մրցանակաբաշխութիւնը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, հովանաւորութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, շաբաթ, 6 ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրուան ժամը 12:00, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի աւանդութիւն դարձած միջդպրոցական նկարչական մրցանքը, որուն 12 վարժարաններէ մասնակցող աշակերտները ընտրեցին առաջարկուած երեք  նիւթերէն մէկը: Այս տարուան մրցումը նուիրուած էր Արշիլ Կորքի անունով ծանօթ եւ «Նկարիչը եւ Մայրը»...

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Բ. Եւ Գ. Փուլերու  Մասնակիցները Ստացան Իրենց Հաստատագիրները

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Բ. Եւ Գ. Փուլերու Մասնակիցները Ստացան Իրենց Հաստատագիրները

Երկուշաբթի, 8 ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին «Ապագայ լրագրողներ» լրագրողական վարժողական ծրագիրին Բ. եւ Գ. փուլի մասնակիցները ստացան իրենց հաստատագիրները: «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն, «Ապագայ լրագրողներ» ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան իր արտասանած խօսքով արժեւորեց բոլորին աշխատանքն ու հետեւողականութիւնը: «Ձեր ճիգերով պատրաստուած այսօրուան յաւելուածը փաստ է, որ լիբանանահայ երիտասարդը իր խօսքը ունի...

Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակի Եւ «100 Բանաստեղծութիւն» Հատորի Հրատարակութեան Առիթով` Սեւակ Ղազարեանի Եւ Դաւիթ Յակոբեանի Այցելութիւնները Լիբանանահայ Կրթական Հաստատութիւններ

Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակի Եւ «100 Բանաստեղծութիւն» Հատորի Հրատարակութեան Առիթով` Սեւակ Ղազարեանի Եւ Դաւիթ Յակոբեանի Այցելութիւնները Լիբանանահայ Կրթական Հաստատութիւններ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունն ու Գիր եւ գրականութիւն մասնագիտացած մասնաճիւղը Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի եւ «100 բանաստեղծութիւն» հատորի լոյս ընծայման առիթով 21-27 մարտին Լիբանանի մէջ հիւրընկալեցին Պարոյր Սեւակի թոռը եւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի տնօրէն Սեւակ Ղազարեանն ու հայրենի տաղանդաշատ եւ վաստակաշատ բեմադրիչ ու դերասան Դաւիթ Յակոբեանը: Անոնք մասնակից դարձան յոբելենական հանդիսութիւններուն, շնորհահանդէսներուն, այցելեցին  Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին,...

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքին.  «Երջօ-Սամուէլեան-Եռագոյն» Սրահին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փոքրիկներու Ընկերային Հաւաք

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքին. «Երջօ-Սամուէլեան-Եռագոյն» Սրահին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փոքրիկներու Ընկերային Հաւաք

Ս. Զատկուան տօնին առիթով, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, շաբաթ, 30 մարտ 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու ծուխերէն հաւաքուած շուրջ 125 փոքրիկներու ընկերային հաւաք: Ձեռնարկին նաեւ ներկայ էին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան: Հաւաքի...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ.  Այցելութիւն Գոհար Կազմատուն Եւ Գրադարան

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Այցելութիւն Գոհար Կազմատուն Եւ Գրադարան

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին չորրորդ փուլի մասնակիցները ուրբաթ, 5 ապրիլ 2024-ին այցելեցին ԳՈՀԱՐ կազմատուն եւ գրադարան: «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ խումբը դիմաւորուեցաւ ԳՈՀԱՐ գրադարանի պատասխանատու Կարօ Տէրունեանի կողմէ: Կ. Տէրունեան բացատրեց ԳՈՀԱՐ կազմատան աշխատանքները` հին գիրքերը նորոգելու ու որակաւոր եւ գեղեցիկ կողքերով օժտելու իմաստով: Ան շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ԳՈՀԱՐ կազմատունը առանձնայատուկ...

Page 67 of 365 1 … 66 67 68 … 365

Արխիւներ