Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մարկօ Պապիկեան» Մրցանքը Երաժշտութեան Աշակերտներուն Յոյսի Եւ Քաջալերանքի Առիթ Է» Հաստատեց Քրիստին Պապիկեան-Ասաֆ

April 25, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մօտէն ծանօթանալու համար «Մարկօ Պապիկեան» մրցանքին, «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ մրցանքի նախաձեռնող եւ համակարգող Քրիստին Պապիկեան-Ասաֆին հետ` ստանալու համար յաւելեալ մանրամասնութիւններ եւ այս տարուան մրցանքին մասին տեղեկութիւններ:

«ԱԶԴԱԿ»- Առաջին հերթին կը խնդրենք, որ ներկայացնէք Մարկօ Պապիկեանը…

ՔՐԻՍՏԻՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ-ԱՍԱՖ.-  Մօրս առօրեայի կարեւոր մասն էր դասական երաժշտութիւնը, եւ երաժշտական ունկնդրութիւնը իր մեծագոյն հաճոյքներէն մէկն էր: Երաժշտասէր իր կնոջ` Մարկօ Պապիկեանի վաղաժամ մահէն ետք, լուսահոգի Խաչիկ Պապիկեան յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը խրախուսեց դասական երաժշտութիւնը Լիբանանի մէջ: Այս առիթով որոշուեցաւ կազմակերպել երաժշատական մրցանքներ: Այս նպատակին իրագործման համար հաստատուեցաւ «Մարկօ Պապիկեան» երաժշտական հիմնարկը, որ տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպէ «Մարկօ Պապիկեան» երաժշտական մրցանքը:

«Ա.»- Երաժշտական մրցանք կազմակերպելը կ՛ենթադրէ մասնագէտ երաժիշտներու հսկողութիւն եւ համապատասխան կազմակերպական աշխատանքներ…

Ք. Պ.-Ա.: Այո՛, լաւապէս գիտակցելով այսպիսի աշխատանքի մը լրջութեան եւ ծաւալուն ու պատասխանատու աշխատանքին` առաջին օրէն կը գործակցինք Լիբանանի բարձրագոյն երաժշտանոցին եւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին հետ, որոնց հաւաքական ճիգերով եւ կեդրոններու դռները բանալով` կարելի կ՛ըլլայ յաջողութեամբ պսակել մրցանքները: Երկու կառոյցներն ալ անցնող տարիներուն իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած են նշեալ ծրագիրի յաջողութեան համար:

«Ա.»- Ինչպէ՞ս կը կատարէք մրցանքի գործիքին ընտրութիւնը եւ ի՞նչ կարգով կ՛ընթանայ մրցանքը:

Ք. Պ.-Ա.: Բոլոր մանրամասնութիւններուն մասին կը գործակցինք մեր գործընկերներուն հետ: Կը սերտենք պահանջը եւ կը փորձենք մնայուն փոփոխութեան ենթարկել, որպէսզի բոլորին առիթ տրուի: Առայժմ 8 մրցում կազմակերպուած է` դաշնամուրի, ջութակի, վիոլայիի, թաւջութակի, սենեկային երաժշտութեան… Մրցանքը երկու փուլով կ՛ընթանայ, առաջինը տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ, իսկ երկրորդը` Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ: Ապա տեղի կ՛ունենայ երաժշտական ունկնդրութիւն եւ մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւն: Մրցանակակիրները կը ստանան նիւթական պարգեւներ:

«Ա.»- Այս տարուան մրցանքին մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք:

Ք. Պ.-Ա.: Կամքէ անկախ եւ ծանօթ պայմաններուն պատճառով տարիներէ ի վեր մրցանքը դադար առած էր, սակայն այս տարի նկատի առնելով, որ յարաբերաբար կայուն են օրերը, որոշեցինք անպայման կազմակերպել 9-րդ մրցանքը: 6 եւ 20 ապրիլին տեղի ունեցան երկու փուլերը, որոնց ընթացքին մրցանքին մասնակից աշակերտները հերթաբար բեմ բարձրացան` նուագելով պարտադիր ու ընտրովի ստեղծագործութիւններ: Ուրբաթ, 26 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ ունկնդրութիւն-համերգը եւ մրցանակներու տուչութեան արարողութիւնը: Առաջին հանդիսացողը պիտի ստանայ 2000 ամ. տոլար, երկրորդը` 1000 ամ. տոլար, իսկ երրորդը` 750 ամ. տոլար:

«Ա.»- Վերջին խօսք…

Ք Պ-Ա: «Մարկօ Պապիկեան» մրցանքը երաժշտութեան աշակերտներուն յոյսի եւ քաջալերանքի առիթ է: Երաժշտութիւնը հոգիի եւ մտքի խաղաղութեան երաշխիք է, եւ այսօր, աւելի քան երբեք, կարիքն ունինք երաժշտութեան… Մարկօ Պապիկեանին յիշատակը վառ պահելու համար մենք մեր կարելիութիւններու սահմաններու մէջ պիտի շարունակենք կազմակերպել մրցանքները: Շնորհակալութիւն` բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը անցնող տարիներուն եւ ներկայիս իրենց մասնակցութիւնը բերին «Մարկօ Պապիկեան» մրցանքի յաջողութեան:

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Համագումար՝ Ի Նպաստ Արցախի Իրաւունքներու Միջազգայնացման

RelatedPosts

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»
Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

October 7, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.