Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ազգային Բուժարանի Հիմնադրութեան 100-Ամեակի Ճաշկերոյթ

Ապրիլ 19, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 12 ապրիլին, Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինին (ԱՏՕՄ) Հայ ազգային բուժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` հովանաւորութեամբ բուժարանի խնամակալութեան եւ նախագահութեամբ Ճէյն Այանեանին:

Հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական անորոշութեան եւ ապահովական խախուտ պայմաններուն` մեծ էր թիւը ներկաներուն, որոնք հաւատալով իրենց առաքելութեան կարեւորութեան` անվարան ընդառաջած էին Տըպպայէի «Լա Մարինա» ճաշարանին մէջ կազմակերպուած ընկերային հաւաքին:

Օրուան նախագահին կողքին, ներկայ էին նաեւ բարեսիրական զանազան միութիւններու եւ ազգային տարբեր կառոյցներու տիկնանց յանձնախումբերու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ եւ բարեկամներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մուտքին ստացաւ այս առիթով պատրաստուած եւ հայրենաբնակ լիբանանահայ ԱՏՕՄ-ի բարեկամուհիի մը կողմէ պատրաստուած նուէրը:

Օրուան հանդիսավարն էր յանձնախումբի անդամներէն Ռոզին Քելուկեանը, որ իր բարի գալուստի խօսքին մէջ յատուկ կերպով գնահատեց ներկաները, անոնց վճռակամութիւնը եւ հոսանքին դէմ թիավարելու կամքն ու կորովը:

Ապա խօսք առաւ ԱՏՕՄ-ի ատենապետ Թալին Լախեան, որ երախտագիտութիւն յայտնեց օրուան նախագահին` անոր ներկայութեան եւ ձեռնարկի յաջողութեան բերած նպաստին համար: Ան անդրադարձաւ բուժարանի պահպանման եւ գոյատեւման համար ի գործ դրուած հսկայ աշխատանքին եւ առկայ մեծ կարիքներուն:

Անկէ ետք խնամակալութեան ներկայացուցիչներէն Սօսի Փոլատեան, իր կարգին, բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ կարեւոր նկատեց անոնց ներկայութիւնը, յատկապէս` բարոյական աջակցութիւնը այդ ձեռնարկին: «Հայ ազգային բուժարանին նկատմամբ ձեր տածած գուրգուրանքը սրբազան առաքելութեան մը իրագործումն է, հաստատութիւն մը, որ կը թեւակոխէ իր 100-ամեակը, ինչ որ ինքնին յաղթանակ մըն է», ըսաւ ան:

Ս. Փոլատեան անդրադարձաւ այն օգտաշատ ծրագիրներուն, որոնք պիտի իրագործուին մօտիկ ու հեռաւոր ապագային` անոնցմէ յիշելով արեւային վահանակներու զետեղումը, կազդուրման կայանի մը ստեղծումը, Հոթել Տիէօ հիւանդանոցին հետ գործակցութեան համաձայնագիրը, հիւրասենեակներու շինութիւնը պատսպարեալներու այցելուներուն համար եւ 100-ամեակի ծիրին մէջ յուշամատեանի մը պատրաստութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ այս բոլոր ծրագիրները կարելի պիտի չըլլայ կեանքի կոչել առանց բարերարներուն աջակցութեան եւ նման ձեռնարկներու յաջողութեան:

Աւարտին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ օրուան նախագահ Ճէյն Այանեանին, որ սիրայօժար ու լայն սրտով ընդառաջած էր այդ ձեռնարկին նախագահութեան:

Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ մթնոլորտը ջերմացուցին տուտուկահար Յակոբ Քելուկեանը` հայկական մեղմ ու ժողովրդային երաժշտութեամբ, 2 երիտասարդուհիներ` նազպարով, Սալբի Քէօշկերեան` քանոնի վրայ նուագներով:

Անկէ ետք խնամակալութեան ներկայացուցիչ Մարիա Պագալեանի աղօթքով ներկաները հրաւիրուեցան ճաշի:

Հայերէն եւ օտար երգերով մթնոլորտը ճոխացուց Յովիկ Թաֆրանեան, որուն երբեմն միացան նաեւ ներկաները` մենակատարութիւնը վերածելով խմբերգներու:

Աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որուն գլխաւոր նուէրն էր «Եփրեմ» գոհարավաճառատան կողմէ տրամադրուած խաչքար-ապարանջան մը: Ներկաները շահեցան նաեւ այլազան նուէրներ:

Հաճելին ու օգտակարը մէկտեղող այս ճաշկերոյթը կարելի է նոր օղակ մը նկատել Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինի իրագործումներու շարքին մէջ` շրջանակը ընդարձակելու, նոր բարեկամներ ներգրաւելու, քոյր միութիւններուն հետ կամուրջներ հաստատելու եւ միշտ աւելի լաւին ձգտելու առումով:

Բարի՛ երթ Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութեան:

Բարի՛ երթ Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինին:

Դէպի նոր 100-ամեակ:

ԱՏՕՄ-ԱԿԱՆ

Նախորդը

Արագածի «Դրօ» Ակումբին Մէջ. Հրայր Դժոխքի Ծննդեան 160-Ամեակի Եւ Նահատակութեան 120-Ամեակի Յիշատակում

Յաջորդը

Հնա՞րք, Թէ՞ Թակարդ

RelatedPosts

Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ  Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու  15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ
Գաղութային

Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու 15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ

Մայիս 19, 2025
Արտաշատի Պետական Թատրոնի Հիւրախաղերը Պէյրութի Մէջ
Գաղութային

Արտաշատի Պետական Թատրոնի Հիւրախաղերը Պէյրութի Մէջ

Մայիս 19, 2025
‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?