Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Պաշտամունք` Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Առիթով

April 26, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Պէյրութի եկեղեցիներու հովիւներուն, 24 ապրիլի առաւօտեան, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պաշտամունք`  նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին: Օրուան պատգամաբերն էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն պատուելի Ճօ Կարապետեան:

Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ժիրայր Ղազարեան պաշտամունքը սկսաւ 54-րդ սաղմոսի խօսքերով, եւ փոխասացաբար ժողովուրդը առաջնորդեց «Հաւատքի յաղթութիւնը» (Եբր. 11) ընթերցուածով եւ աղօթեց: Ապա վեր. Հրայր Չոլագեան հաւատքի գերակայութիւնը շեշտեց իր աստուածաշնչական ընթերցումով (Հռովմ. 8.31-39), որմէ ետք Հայ աւետ. քոլեճի լարային նուագախումբը մեկնաբանեց «Ատանայի ողբը» եւ «Կիլիկիա»: Վեր. Յովհաննէս Սվաճեան աղօթեց Աստուծոյ, որպէսզի իրականացնէ հայ ազգին բոլոր յոյզերը, խնդրելով, որ ան իր լոյսով լուսաւորէ եւ առաջնորդէ հայ ազգը: Այնուհետեւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտական երգչախումբը, խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի,  դաշնակի ընկերակցութեամբ Շողեր Կրպոյեանի, մեկնաբանեց «Դարեր անցան» եւ «Ով Արարիչ» երգերը:

Օրուան պատգամաբերը` պատ. Ճօ կարապետեան, լուսարձակի տակ առնելով անցեալի եւ ներկայի տխուր իրականութիւնները, հարց տուաւ, թէ ո՞վ օգնութեան պիտի հասնի, եթէ ոչ` Աստուած Ի՛նք: Ան շեշտեց, որ նահատակներուն չորցած ոսկորները կը վկայեն, թէ միայն Աստուած հաւատարմութեամբ կը կենայ մեր կողքին` մնացորդ մը ապրեցնելով եւ անոնց յոյս տալով, թէ Ի՛նք ամէն չարութիւն պիտի դադրեցնէ եւ հատուցէ անխտրաբար: Պատ. Կարապետեան յորդորեց ներկաները` իրենց աչքերը միշտ յարելու դէպի Քրիստոս եւ Անոր լոյսին մէջ քալելու:

Տէրունական աղօթքի երգեցողութենէն ետք ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան  աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի հայ ժողովուրդը խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսի քայլերուն հետեւելով ընթանայ, որմէ ետք առաքելական օրհնութիւնով վերջ գտաւ պաշտամունքը:

Նախորդը

Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ Վարժարաններուն` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Աշակերտական Հաւաք

Յաջորդը

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Նախագահութեամբ Ս. Պատարագ` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.