16 Հոկտեմբերէն 1 Նոյեմբեր Լիբանանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենան «Նաւասարդեան» Մարզախաղեր
Շաբաթ, 22 օգոստոս 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ 16 հոկտեմբերէն մինչեւ 1 նոյեմբեր կայանալիք «Նաւասարդեան» մարզախաղերուն: Մամլոյ ասուլիսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լուսին Գազանճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ասուլիսի մասնակիցներուն` դիտել տալով, թէ այս...




















