Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի Յիշատակի Ոգեկոչում

Օգոստոս 27, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 25 օգոստոս 2024-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ,  կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ արցախեան ազատագրական պայքարի հերոսներէն Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ մատուցուեցաւ հոգեսուրճ:

Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան յիշատակին առիթով խօսք առաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի անդամ Գրիգոր Շիշէճեան:

Ան ամփոփ կերպով ներկայացուց նահատակին  կենսագրականը` յիշելով, թէ ինչպէ՛ս ան պատանի տարիքէն իսկ ունէր դաշնակցական երկաթեայ կարգապահութիւն եւ կը շարունակէր ամէն օր աւելի դաշնակցականանալ: Շիշէճեան յայտնեց, որ Մհեր Ջուլհաճեան դարձաւ իւրաքանչիւր ԼԵՄ-ականի իտէալը եւ ան ԼԵՄ-ի դաստիարակութեան եւ աշխատանքին ապացոյցը հանդիսացաւ Արցախեան գոյամարտին մէջ:

Իր խօսքին մէջ ԼԵՄ-ականը նշեց, «Նուիրեալ ընկեր Մհերը իր նահատակութեամբ մեզի սորվեցուց դաստիարակուելու եւ հետագային դաստիարակելու գերագոյն սկզբունքները: Իբրեւ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի անդամներ, օրինակ ունենալով Մհեր Ջուլհաճեանի զոհաբերութիւնը, կ՛երդուենք ձգտիլ տիպար ԼԵՄ-ականներ ըլլալ»:

Ապա խօսք առաւ Սուրէն քահանայ Արսլանեան, որ` անդրադառնալով Մհեր Ջուլհաճեանի տիպարին, հաստատեց, որ այսօրուան լիբանանահայ երիտասարդները, յատկապէս ԼԵՄ-ականները, առիթը ունին Մհերի եւ Մհերներու շունչով դաստիարակուելու եւ հետագային գաղութին ու հայրենիքին ծառայելու: Ան բարձր գնահատեց այդ նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ կարեւոր է յիշել մեր նահատակները այսօր եւ ընդմիշտ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ աղօթք:

 

Նախորդը

Ընկերային Ցանցերու, Ընկերային Հարցերու, Պետական Կառոյցներու Դերակատարութեան, Ծնողներու Պարտականութիւններուն Եւ Պատանիներու Դաստիրակութեան Մասին Զեկուցում-Զրոյց

Յաջորդը

Հայ Գիրքին Սպառնացող Վտանգը

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?