Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի 100-ամեակին Նուիրուած 2023-2024 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

September 7, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի տարազաւոր բոլոր խումբերը` երէցները, պարմանուհիները, արիներն ու արենուշները, գայլիկներն ու արծուիկները եւ, վերջապէս, մոկլիները հերթաբար ուղղուեցան դէպի բանակավայր, ուր գործադրութեան դրին այն բոլոր գիտելիքները, զորս ամբարած էին  2023-2024  տարեշրջանին ընթացքին:

17-25 օգոստոս 2024-ին Ռաս էլ Մեթնի մէջ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ-ի տարեկան բանակումը սակայն յատուկ էր, որովհետեւ ան յատկացուած էր մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100-ամեակին, որ անցեալի էջը փակելով` դէպի հեռաւոր ապագայ նայող փուլ մը կը բանար:

Տասը օրեր բաւարար էին մասնաճիւղի սկաուտներուն, որպէսզի Ռաս էլ Մեթնի ընդարձակ ու դատարկ բանակավայրը յարդարեն ու հարուստ զարդարանքով գեղեցկացնեն, ընդունին հիւրեր ու դասախօսներ, կազմակերպեն գիշերային խաղեր, խարուկահանդէսներ, արշաւեն, ցեխարշաւ կազմակերպեն ու այլ մարզանքներ ընեն, ամրապնդեն իրենց գիտելիքներն ու զարգացնեն իրենց գործնական հմտութիւնները, չարքաշութեամբ ու կարգապահութեամբ զօրացնեն իրենց շարքերը եւ նոր բնոյթի այլ աշխատանքներով լեցնեն իրենց յայտագիրները:

100-ամեակի բանակումի ամէնէն յիշարժան պահերէն մէկը մասնաճիւղի վեթերան խմբապետներուն ներկայութիւնն էր: Վեթերանները հինգշաբթի, 22 օգոստոսի երեկոյեան բանակավայր ժամանելով, բանակողներուն հետ  իրենց փորձառութիւնները կիսեցին, ինչպէս նաեւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին միացեալ յայտագիրներու եւ խարուկահանդէսի:

Իսկ շաբաթ, 24 օգոստոսի երեկոյեան բանակողներու ծնողներն ու հարազատները բանակավայր մուտք գործեցին անմահութեան եւ յաւերժութեան խորհրդանիշ` դէպի երկինք խոյացող փիւնիկը մարմնաւորող հսկայ «միջնաբերդէն», որուն կողքին կը ճառագայթէր մեր «յոյսն ու ապագան» հանդիսացող մոկլիներու լուսաւոր ձեռայինը, ու ապա հերթաբար ներկաներուն աչքերուն դիմաց կը բացուէին արծուիկներու, գայլիկներու, արենուշներու, արիներու եւ երէցներու ու պարմանուհիներու բծախնդրութեամբ ստեղծագործուած ձեռայինները, որոնք օղակ-օղակ կազմելով` կը հասնէին դէպի բանակավայրի կեդրոնական հատուածին մէջ կոթողուած դրօշակի հսկայ կայմը, որ միացնելով տարազաւոր բոլոր մասնիկները` զանոնք կը դարձնէր մէկ ամբողջութիւն` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղ:

Բանակումի փակման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցան աստիճանատուչութիւն եւ մրցանակաբաշխութիւն: Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին կողմէ խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետը, որ շնորհաւորեց սկաուտները թէ՛ իրենց բանակումը լաւապէս աւարտելուն համար եւ թէ՛ իրենց մասնաճիւղի 100-ամեակին առիթով: Մինչ այդ բացման խօսքերով հանդէս եկան նաեւ մասնաճիւղի միաւորի խմբապետը եւ Սկաուտական խորհուրդի ատենապետը, որոնք յատուկ շեշտադրումով անդրադարձան մասնաճիւղի տարեկան բանակումին եւ հիմնադրութեան 100-ամեակին:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած խարուկահանդէսին ընթացքին սկաուտական խումբերը իրենց մուտքերով ու ներկայացումներով, ըլլան թեմային կապուած կամ զուտ սկաուտական, պատգամեցին, որ իսկապէս մաս կը կազմեն մէ՛կ մասնաճիւղի, մէ՛կ ընտանիքի:

Խարուկահանդէսի աւարտին սկաուտները խաչաձեւեցին իրենց ձեռքերը եւ ցտեսութիւն երգելով` «Դարձեալ զիրար կը հանդիպինք ու կ՛երգենք միաձայն» տողով իրարու խօսք տուին դարձեալ շուտով տեսնուելու…

Նախորդը

Փաշինեանի Մամլոյ Ասուլիսը Փաստեց Անոր Անկարողութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ղեկավարելու

Յաջորդը

Խաչը, Լեռը, Հաւատքը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.