ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սփութնիք Արապիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանը յուզող զանազան հարցերուն, յատկապէս երկրին ապահովական իրավիճակին եւ քաղաքական տագնապին:
Նախագահական ընտրութեան յետաձգման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ թերեւս ներքին լիբանանեան քաղաքական որոշում կայ նախագահական ընտրութիւնը յետաձգելու, «սակայն ներկայիս տիրող իրավիճակը, պատերազմը եւ շրջանային իրադարձութիւնները անտարակոյս իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի քաղաքական կեանքին վրայ: Դժբախտաբար լիբանանեան քաղաքական ուժերը արտօնած են օտար երկիրներուն միջամուխ դառնալու լիբանանեան քաղաքական կեանքին: Անոնք ոչ միայն կ՛արտօնեն միջամտել նախագահական ընտրութեան թղթածրարին, այլեւ` վարչապետի նշանակումին, նախարարներու նշանակումին, երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ այլն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այսօր տիրող իրականութիւնը` տեղական եւ շրջանային առումով, ինքզինք կը պարտադրէ երկրին կացութեան վրայ եւ պատճառ կը դառնայ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը յետաձգելու:
«Բայց եւ այնպէս, եթէ մենք տակաւին գերիշխան երկիր կը նկատենք Լիբանանը, ապա իբրեւ քաղաքական պատասխանատուներ պէտք է նախաձեռնենք հանրապետութեան նախագահը ընտրելու` համաձայն սահմանադրութեան», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը պէտք է ըլլայ քաջ եւ ատակ նախագահ մը, որպէսզի կարենայ երկրին դիմագրաւած բոլոր տագնապները դիմակայել, ցամաքային սահմանազատման առումով թշնամի Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններուն մասնակցիլ, համաձայնութիւններ ստորագրել` եթէ կարիքը զգացուի, ինչպէս նաեւ դիմադրել` եթէ դիմադրութիւնը անհրաժեշտ է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ լիբանանցիներուն միջեւ երկփեղկումի խորացումին եւ արձանագրուած ծայրայեղական կեցուածքներուն լոյսին տակ արդեօք տակաւին կարելի՞ է համաձայնիլ հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ, Յ. Բագրատունի յայտնեց. «Հեռու ամէն տեսակի պիտակաւորումէ, այսօր երկիրը կը գտնուի պատերազմական իրավիճակի մէջ, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ կայ ժողովրդային ու ժողովրդագրական լուրջ իրավիճակ մը: Ոչ ոքի համար ընդունելի է, որ երկրին մէջ պետութենէն բացի այլ կազմակերպութիւններ զինուած ըլլան, եւ ոչ ոք կ՛ընդունի, որ երկիրը բռնագրաւուած ըլլայ: Կան բազմաթիւ երկիրներ Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ, որոնք կը դիմագրաւեն նոյնանման կացութիւններ ու պայմաններ, ունին ազատագրական շարժումներ` իրենց երկիրը ազատագրելու բռնագրաւումէն: Ազատագրական այդ շարժումները կը գործեն բանակին կողքին: Հետեւաբար այս պայմաններուն ներքեւ Դիմադրութիւնը ապազինելու մասին կատարուող յայտարարութիւնները նուազագոյնը կարելի է ոչ իրապաշտ նկատել, հակառակ անոր որ իրենց միտքին մէջ անոնք իրաւունք ունին մտածելու այնպէս, ինչպէս կ՛ուզեն: Դժբախտաբար նաեւ կայ այլ տուեալ մը, որուն շրջագիծին մէջ կարելի է հաստատել, որ լիբանանեան բանակին հզօրացումը արգիլուած է: Օրին պաշտպանութեան նախկին նախարար Էլիաս Մըր Ռուսիոյ հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ Մոսկուա լիբանանեան բանակին պիտի տրամադրէր «Միկ» տիպի օդանաւեր: Այս համաձայնագիրին գործադրութիւնը արգիլուեցաւ: Լիբանանեան բանակին հզօրացումը մնայուն կերպով կը մերժուի, մինչդեռ եթէ բանակը կարգին զինուի եւ հզօրանայ, ապա ան կարողութիւն կ՛ունենայ կատարելապէս պաշտպանել երկրին սահմանները: Այսօրուան իրականութեամբ բանակին կողքին կայ Դիմադրութիւնը, եւ որովհետեւ պատերազմական իրավիճակ կը տիրէ, ապա կեցուածքները պէտք է վերաբանաձեւուին, այլապէս` անոնք կը ծառայեն Իսրայէլի շահերուն: Պատերազմի ընթացքին Դիմադրութեան ուղղուած քննադատութիւնները Իսրայէլի կը ծառայեն, երբեմն նաեւ կը նոյնանան իսրայէլեան կողմին օգտագործած բառամթերքին հետ»:
Դիմադրութեան կողմէ Իսրայէլի դէմ զինուորական գործողութիւնները համակարգելու իմաստով Դիմադրութեան կարողութիւններուն եւ ընթացքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կը տիրէ պատերազմական վիճակ, որուն մէջ ներքաշուած են տարբեր երկիրներ, ինչպէս` Իրանը, Իրաքը, Սուրիան, Եմէնը եւ ուրիշներ:
Ան աւելցուց, որ գետնի վրայ ընթացող պատերազմին զուգահեռ, տնտեսական եւ հոգեբանական պատերազմները նաեւ իրենց կշիռը ունին: «Եթէ 2006-ի յուլիսեան պատերազմը վերյիշենք, ապա մեզի համար յստակ պիտի դառնայ, որ այդ պատերազմը աւարտեցաւ զինուորական գործողութիւնները կասեցնելու մասին համաձայնագիրով: Ո՞վ կը մտածէր, որ տասը տարի ետք պիտի ըլլար ուժ մը, որ արհեստագիտական եւ ռազմական արդիական սարքերով, զինուած նաեւ բռնատէրին դէմ պայքարելու ու դիմադրելու գաղափարաբանական զէնքով, պիտի կարենար դիմադրել Իսրայէլին` հարուածելով անոր խորքը, անօդաչու թռչող «Հոտհոտ» հետախուզական սարքը ուղարկելով Իսրայէլ, թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծելով իսրայէլեան լրտեսական սարքերն ու զինուորական կեդրոնները: Հոս պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Իսրայէլը կը վայելէ ռազմական հզօր ուժ եւ կարողութիւններ, որովհետեւ կ՛արժանանայ համաշխարհային բացարձակ զօրակցութեան, եւ երանի Եւրոպան, Միացեալ Նահանգներն ու աշխարհը Պաղեստինեան դատին հանդէպ ցուցաբերեն Իսրայէլի նկատմամբ իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան հինգ առ հարիւրը: Այս իրականութեան դիմաց պէտք է ընդունիլ, որ Դիմադրութիւնը հզօր ուժ է Իսրայէլի դէմ եւ անիկա Լիբանանի համար հարստութիւն է: Կը մաղթէի, որ Լիբանանը իբրեւ պետութիւն ունենար այս ուժը, եւ երկրին վարչապետն ու պաշտպանութեան նախարարը մատ թափահարէին Իսրայէլի դէմ եւ ճշդէին բախման կանոնները: Ասիկա կ՛ըսեմ իբրեւ երեսփոխան, քաղաքական անձնաւորութիւն եւ դիմադրութեան գաղափարին հաւատացող հայ մարդ ու դաշնակցական, որուն նախահայրերը 1890-էն ի վեր, եւ նորանոր սերունդները` ցայսօր, դաստիարակուած են ու տոգորուած դիմադրութեան գաղափարով: Հետեւաբար կարեւոր կը նկատեմ իւրաքանչիւր փամփուշտ կամ հրթիռ, որ թիրախ կը դարձնէ բռնագրաւող կողմը` որեւէ երկրի պարագային», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Քաղաքական առումով Լիբանանի դիմագրաւած այս անկիւնադարձային փուլին ընթացքին քաղաքական տարբեր ուժերու տեսակէտներուն միջեւ մերձեցում մը յառաջացնելու կամ հետզհետէ խորացող ուղղահայեաց երկփեղկումին մէջ բեկում մը յառաջացնելու առումով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դերակատարութեան կամ այդ նպատակով նախաձեռնութեան մը մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանեան մակարդակի վրայ կան քաղաքական ուժեր, որոնք իբրեւ ներկայութիւն եւ թիւ ՀՅԴ-էն աւելի մեծ ծաւալ ունին եւ արդէն իսկ 3 կամ 4 նախաձեռնութիւն առաջադրեցին, սակայն այդ ջանքերը անպատասխան մնացին:
«Համոզուած եմ, որ պատերազմական այս կացութեան մէջ ներքին քաղաքական նախաձեռնութիւնները ապարդիւն դուրս պիտի գան: Թերեւս անոնք կրնան մեղմացնել քաղաքական փայտեայ բառամթերքը, սակայն ոչ աւելի: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն քաղաքական անձնաւորութիւններու, ղեկավարներու թէ երեսփոխանական պլոքներու անդամներու հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին կ՛անդրադառնայ այս հարցին եւ կը շեշտէ, որ այս պայմաններուն մէջ հերոսութիւնները անհրաժեշտ չեն, ընդհակառակն` պէտք է մտածել, որ այսօր կատարուած յայտարարութիւն մը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մօտիկ եւ հեռու ապագային, եւ ինչպէ՛ս կրնայ ազդել ժողովուրդին վրայ», ըսաւ ան:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը հաստատեց նաեւ, որ ժողովուրդը սարսափահար դարձնելու արշաւ մը կայ, որ կը կատարուի տարբեր երկիրներուն կողմէ Լիբանանի մէջ գտնուող իրենց քաղաքացիներուն ուղղութեամբ` յորդորելով զանոնք լքել երկիրը: «Համոզուած եմ, որ լիբանանցիները սարսափեցնելու նպատակը զանոնք տկարացնելն է: Ճիշդ է, որ դժուար կացութեան մէջ կը գտնուինք, սակայն անպայման պիտի հասնինք լուծումի: Որեւէ պատերազմ վերջ ունի, ինչքան ալ երկարատեւ եւ քանդիչ ըլլայ ան», աւելցուց Յ. Բագրատունի:
Ան ցաւ յայտնեց նաեւ այն միջազգային արշաւին համար, որ գործադրուեցաւ սիոնական լոպիին կողմէ, եւ որուն դերակատարները եղան տարբեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններն ու Լիբանանի մէջ անոնց դեսպանատուները` պատճառելով լիբանանեան զբօսաշրջութեան դէմ հսկայ հարուած մը: «Նախորդ երեք շաբաթներուն ընթացքին ծայր առած այդ արշաւը պատճառ դարձաւ, որ Լիբանանի մէջ աճ արձանագրող զբօսաշրջական մարզը ստանայ ծանր հարուած մը: Ատիկա իր կարգին սիոնական գոյացութեան կողմէ ծրագրուած հոգեբանական պատերազմ էր, որ դժբախտաբար յաջողեցաւ», նշեց ան:
Լիբանանի քաղաքական տագնապը մեղմացնելու նպատակով եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներուն ունենալիք դերակատարութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ի վերջոյ եկեղեցին կազմուած է հաւատացեալներէ, եւ հաւատացեալները բաղկացած են քաղաքական տարբեր տեսակէտներ ներկայացնող անհատներէ:
Ան աւելցուց, որ հայ եկեղեցին քաղաքական դերակատարութիւն չունի եւ քաղաքական կեցուածքներ չի դրսեւորեր, «մինչդեռ այլ համայնքներու պարագային, եկեղեցին քաղաքական աւելի ազդու եւ լայն դերակատարութիւն ունի: Բոլոր եկեղեցիներուն ճիգն ու ջանքը պէտք է ըլլայ քրիստոնեայ եւ իսլամ քաղաքացիները պահել այս երկրին մէջ, որովհետեւ Լիբանան չի կրնար գոյատեւել առանց իր քրիստոնեայ եւ իսլամ բաղադրիչներուն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման ուղղութեամբ հայ եւ մարոնի եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւն գոյութիւն ունի, սակայն անիկա ցած կրակի վրայ դրուած ճիգ մըն է, «իսկ երկրին քաղաքական տագնապին լուծումը ներկայիս կախեալ է պատերազմէն. այսինքն` եթէ պատահի, որ զինադուլ յայտարարուի, կամ ժամանակաւոր զինադուլ մը, ապա լիբանանցիները պէտք է պատրաստ ծրագիր ունենան լուծելու քաղաքական տագնապը, այլապէս` անկարելի է երկար ժամանակ տրամադրել եւ երազային արդիւնքներու սպասել», յայտնեց ան:
Կազայի դէմ սանձազերծուած իսրայէլեան պատերազմին իբրեւ պատասխան` 8 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր Դիմադրութեան բացած Կազայի օժանդակութեան ճակատին զօրակցութիւն յայտնող լիբանանեան քաղաքական ուժերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ կեցուածքը ողջունելի է եւ հայրենասիրական ու ազգային քայլ կը նկատուի:
Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, որ անիկա կրնայ ազդել հետագային կազմուելիք քաղաքական թէ ընտրական դաշինքներուն վրայ:
Ան վերահաստատեց նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով առանց հանրապետութեան նախագահի գոյատեւելու նախընթացին վտանգը:
«Իբրեւ քաղաքական ուժեր պէտք է իրարու խօսակից ըլլանք` պաշտպանելու եւ պահպանելու համար Լիբանան հայրենիքը: Հայրենիքը միտք է ու հոգի, եւ եթէ բոլորս ընդունինք, որ այս հայրենիքը մեզի է բոլորիս, ապա այն ատեն է, որ կրնանք կերտել զայն», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: