Գաղութային

Բագրատունի. «Արցախը, Հայաստանի Թրքացումը  Լիբանանահայութեան Համար Կեանքի Խնդիր Է»

Բագրատունի. «Արցախը, Հայաստանի Թրքացումը Լիբանանահայութեան Համար Կեանքի Խնդիր Է»

«Սպասումը եւ ձեւակերպումը, թէ պատերազմը պէտք է սկսի, տեղին չէ, որովհետեւ իրականութեան մէջ այդ պատերազմը արդէն սկսած է, կ՛ընթանայ չափուած, սահմանները ճշդուած պատերազմ», հայրենի «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Պատասխանելով անվտանգութեան միտումներու մասին հարցումին` Լիբանանի շուրջ ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի մայր գաղութներէն լիբանանահայ համայնքին շուրջ յատկապէս, Բագրատունի ընդգծեց,...

Գէորգ Թ. Ծ. Վրդ. Նորատունկեան` Հայաստանի,  Վրաստանի, Ռուսիոյ Եւ Արեւելեան  Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ

Գէորգ Թ. Ծ. Վրդ. Նորատունկեան` Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ Եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ

Ֆրանչիսկոս պապը հայր Գէորգ Թ. ծ. վրդ. Նորատունկեանը անուանած է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ: Գերապայծառ Նորատունկեան ծնած է Հալէպ, 1968-ին: Ան 1997-1998 եղած է Զմմառու Ս. Միքայէլ դպրեվանքի փոխտեսուչ, 1998-1999 եղած է Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ, 1999-2001` Հալէպի Ս. Վարդանանց նորըրծայարանի տեսուչ, 2001-2007` Զմմառու կղերի միաբանութեան դպրեվանքի տեսուչ եւ ընդհանուր մատակարար, ինչպէս նաեւ...

«Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Հայ Ընտանիքը Եւ Ազգը» Նիւթով Դասախօսութիւն

«Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Հայ Ընտանիքը Եւ Ազգը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 14 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Արագած ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Հայ առաքելական եկեղեցին, հայ ընտանիքը եւ ազգը» նիւթով: Օրուան նիւթը ներկայացուց Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` որպէս հիմնական բնաբան ունենալով  Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Առանց ընտանիքի` ո՛չ ազգ եւ ո՛չ ալ կրօն կրնայ գոյութիւն ունենալ»: Հայր սուրբը խօսեցաւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՔՈՓ29-ի  Հարցով Պատասխան-Նամակ Մը  Ստացաւ Քանատայի Դեսպանէն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՔՈՓ29-ի Հարցով Պատասխան-Նամակ Մը Ստացաւ Քանատայի Դեսպանէն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ 44 դեսպաններու յղած էր Պաքուի մէջ նոյեմբերին նախատեսուած ՔՈՓ29 խորհրդաժողովին վերաբերեալ նամակ մը` նշելով, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի նշեալ 29-րդ խորհրդաժողովը կը գումարուի երկրի մը մէջ, որ վերջերս սովի մատնած, ռմբակոծած, չհրահրուած յարձակում եւ վախի մթնոլորտ տարածելով Արցախի մէջ ցեղային զտում գործած էր տեղւոյն բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ, կը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը

Երեքշաբթի, 20 օգոստոս 2024-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ, որուն կ՛ընկերանար օգնական եպիսկոպոս Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքին Գրիգոր եպս. Պատիշահ: Հանդիպման վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Ստեփանոս ծ. վրդ....

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի Նշում` Համանուն Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի Նշում` Համանուն Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 18 օգոստոսին  Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը ըսաւ, որ հաւաքուած ենք մեր նախնիներուն օրինակով կատարելու խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը եւ նշելու Աստուածամօր մահուան եւ երկինք տեղափոխուելու առիթը: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այս զոյգ առիթները մեզ...

Սուրբ Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան  Նշում` Պիքֆայայի Մէջ

Սուրբ Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Նշում` Պիքֆայայի Մէջ

Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը Ուխտի օրն է Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին, որ ամէն տարի յատուկ հանդիսաւորութեամբ կը նշուի` ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ: Այս տարի շաբաթ, 17 օգոստոս 2024-ի երեկոյեան, հաւատացեալներ հոծ բազմութեամբ բարձրացած էին Սուրբ Աստուածածին վանք, ուր նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին վրայ ուխտի սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:...

«Վերադարձ Դէպի Արմատներ» Խորագիրով ԼԵՄ-ի Բանակում

«Վերադարձ Դէպի Արմատներ» Խորագիրով ԼԵՄ-ի Բանակում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, կիրակի, 4 օգոստոս 2024-ին տասնեակ մը ԼԵՄ-ականներ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ուղղուեցան Այնճար` ԼԵՄ-ի բանակավայր: Կէսօրին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 2024 տարուան «Վերադարձ դէպի արմատներ» խորագիրը կրող բանակումին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Սուրիոյ երիտասարդական միութեան անդամներ: Արցախի կորուստէն եւ հայ ժողովուրդի աղէտալի ներկայ իրավիճակէն մեկնած` ԼԵՄ-ը իր յունուար 2024-ին գումարուած 29-րդ Պատգամաւորական ժողովին...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՔՈՓ29-ի Հարցով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ձեռնարկած է կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովի` ՔՈՓ29-ի հարցով արշաւի մը, որուն ծիրին մէջ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Սպանիոյ, Չինաստանի, Եւրոպական Միութեան, Իտալիոյ, Զուիցերիոյ, Նետերլանտներու, Յունաստանի, Դանիոյ, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Պուլկարիոյ, Ճափոնի, Շուէտի, Ուրուկուէյի, Չիլիի, Արժանթինի, Քանատայի, Քուէյթի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Մալեզիոյ դեսպաններուն: Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնեց, որ կենսոլորտի...

Աղօրհնէք Եւ Հայրապետական Օրհնութիւն`  Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Աղօրհնէք Եւ Հայրապետական Օրհնութիւն` Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով նաեւ կը նշենք Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրը: Այս առիթով, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը, ամբողջ շաբթուան ընթացքին, կը կազմակերպէ հոգեւոր լսարաններ, որոնց ընթացքին կը կատարուին հոգեւոր խորհրդածութիւններ, աղօթասացութիւններ եւ սաղմոսասացութիւններ: Առ այդ, 12-16 օգոստոս 2024-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Կիլիկեան ուխտի երիտասարդ միաբան հայրեր աւելի քան 200 ուխտաւոր հաւատացեալներու փոխանցեցին...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Համերաշխութեան Նամակ Մը Յղեց Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Հիւսիսային Կիպրոս թրքական ներխուժման երկրորդ փուլի շղթայազերծման 50-ամեակին առիթով զօրակցական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Հաճիթէօտոսիուին: Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ նշեց, որ Թուրքիան այսօր կը շարունակէ իր բռնագրաւումը օրինականացնելու արշաւը, եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը գործօն կերպով կ՛աջակցին այդ արշաւին: Հայ դատի մարմինը դեսպանին...

Հաղորդագրութիւն

Յայտարարութիւն

Յետպատերազմեան լիբանանեան մարզական կեանքը ապրեցաւ շատ մը նորութիւններ. արհեստավարժութեան դրութեան որդեգրումը, մեծաթիւ օտար մարզիկներով ծախսալից խումբերու կազմութիւնը լիբանանեան ակումբներն ու միութիւնները դրին նոր իրականութիւններու դէմ յանդիման: Իբրեւ լիբանանեան մարզական կեանքի ստեղծման ու զարգացման մասնակից միութիւն, ՀՄԸՄ եւս 1990-ական տարիներու կէսերէն քայլ պահեց իրեն պարտադրուած կացութեան հետ եւ, հակառակ միութեան յաջորդական Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովներու որոշումներուն, տեղական պայմաններու ընդառաջ, շարունակեց արհեստավարժ դրութեան...

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան.  Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին Յայտարարուեցան  Կարտինալ Աղաճանեանի Աճիւններուն Լիբանան  Ժամանումի Մանրամասնութիւնները

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան. Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին Յայտարարուեցան Կարտինալ Աղաճանեանի Աճիւններուն Լիբանան Ժամանումի Մանրամասնութիւնները

Երէկ` երեքշաբթի, 13 օգոստոս 2024-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն ներկայ էին լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահ յայտարարեց Լիբանանի խորհրդանիշ, ազգային մեծագոյն անձնաւորութիւններէն, Կաթողիկէ ընդհանրական եկեղեցւոյ կարտինալ, Աստուծոյ ծառայ` երջանկայիշատակ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքի աճիւններուն Լիբանան ժամանումին մանրամասնութիւնները: Գերապայծառ Պատիշահ նշեց, որ հինգշաբթի, 12...

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ- Գ.-  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները Զահլէի Մէջ

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ- Գ.- ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները Զահլէի Մէջ

Հեռակայ շրջաններու հայորդիներու ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութիւնը կարեւոր նկատելով` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը շարունակեց իր ձեռնարկած անվճար ծառայութիւններու արշաւը եւ ուրբաթ, 19 յուլիս 2024-ին այցելեց Զահլէ, ուր Հայ կեդրոնին մէջ կատարեց բժշկական անվճար քննութիւններ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:30: Առողջապահական օրը վայելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբին հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուեցաւ կեդրոնին տնօրէնութեան կողմէ` գործակցաբար ԼՕԽ-ի...

Սփիւռքահայ Երգիչ Մանուէլ Մէնէնկիչեանին Նուիրուած Երգահանդէս

Սփիւռքահայ Երգիչ Մանուէլ Մէնէնկիչեանին Նուիրուած Երգահանդէս

Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, չորեքշաբթի, 7 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ երգիչ Մանուէլ Մէնէնկիչեանին նուիրուած երգահանդէս` ներկայութեամբ մեծ թիւով հանդիսատեսներու, որոնք եկած էին վերյիշելու եւ վերապրելու անցեալի յուշերը եւ ըմբոշխնելու տաղանդաւոր երգիչին երգերը: «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, դիտել տուաւ, որ թատերասրահի վարչութիւնը նախապէս նախաձեռնած...

Կեանքին Հրաժեշտ Տուաւ Սփիւռքահայ Կարկառուն Մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեան

Կեանքին Հրաժեշտ Տուաւ Սփիւռքահայ Կարկառուն Մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեան

Ուրբաթ, 9 օգոստոսին Աթէնքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց բազմավաստակ կրթական մշակ, դասախօս, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, խմբագիր եւ սփիւռքահայ մտաւորականութեան կեդրոնական դէմքերէն Յարութիւն Քիւրքճեան: Քիւրքճեան խմբագիրն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան, գաղափարաբանութեան եւ կառոյցին վերաբերող բազմաթիւ աշխատութիւններու: Յարութիւն Քիւրքճեանի գործին ու վաստակին «Ազդակ» կ՛անդրադառնայ տակաւին:  

Դոկտ. Վարուժան Գեղամեան Այցելեց «Ազդակ»

Դոկտ. Վարուժան Գեղամեան Այցելեց «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի խմբագրատան այցելուներէն էր Երեւանի պետական համալսարանի թրքագիտութեան ամպիոնի աւագ դասախօս դոկտ. Վարուժան Գեղամեան: Տնօրէնութեան եւ խմբագրակազմին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին դոկտ. Գեղամեան խօսեցաւ շրջանի վերջին իրադարձութիւններուն, Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ  հայ-թուրք յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին մասին: Դոկտ. Գեղամեան յայտնեց նաեւ, որ կը հետեւի այս ուղղութիւններուն մասին «Ազդակ»-ի հրապարակումներուն. շեշտեց, որ գիտական եւ հասարակական շրջանակներուն համար խիստ կարեւոր է բազմաթիւ դիտանկիւններէ...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Քննարկեցին Շրջանային Եւ  Լիբանանեան  Վերջին Իրադարձութիւնները

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Քննարկեցին Շրջանային Եւ Լիբանանեան Վերջին Իրադարձութիւնները

Հայ Քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ  Հինգշաբթի, 1 Օգոստոս 2024-ին ՍԴՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։ Ժողովականները բանակի օրուան առիթով վեր առին բանակի գործառոյթները, շեշտելով յատկապէս ներկայ դժուար օրերուն անոր կարեւոր դերակատարութիւնը  երկրի սահմաններու, կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանման առումով։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները այնուհետեւ քննարկեցին տարծաշրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուած մագլցողականութիւնը եւ խոր մտահոգութիւն յայտնեցին  Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ։ Լուսարձակի տակ...

Ճգնաժամի Պարագային Հայահոծ Շրջաններու Հարցերու Քննարկման Հաւաք` «Շաղզոյեան»  Կեդրոնին Մէջ

Ճգնաժամի Պարագային Հայահոծ Շրջաններու Հարցերու Քննարկման Հաւաք` «Շաղզոյեան» Կեդրոնին Մէջ

Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ հայկական համայնքային, բարեսիրական եւ ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու լայն հանդիպում մը` քննարկելու համար երկրի ներկայ կացութեան մէջ հաւանական որեւէ զարգացումի ժամանակ հայահոծ շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման եւ նախապատրաստութեան միջոցները: Երեսփոխան Բագրատունի ներկայացնելէ ետք ներկայ իրավիճակը, ժողովականները միասնաբար ճշդեցին ստիպողական վիճակներու պարագային ձեռք առնուելիք անհրաժեշտ միջոցները` ապահովելու համար մեր ժողովուրդի հիմնական կարիքները`...

Այնճարի Մէջ Լիզպոնի 41-Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգիստ

Այնճարի Մէջ Լիզպոնի 41-Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգիստ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 27 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 41-ամեակը: Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք սկիզբ առաւ ձեռնարկը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նարէ Փիլաւճեան, ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Դուք քուրմերն էիք  այն կուսակցութեան, որուն հիմնադիրները` քրիստափորներ, սիմոններ եւ զօրեաններն էին: Այն կուսակցութեան,...

Page 57 of 364 1 … 56 57 58 … 364

Արխիւներ