Երեքշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի ՄըքՔալըմը:
Հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերով անդրադարձ կատարելու Կազայի պատերազմին, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Հայաստանի ու Քանատայի յարաբերութեան, Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք կենսոլորտի նուիրուած համագումարին եւ Քանատայի հայ համայնքին:
Դեսպանը ընթրիքի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին: