Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճար. «Սփիւռքահայ Թատրերգութիւնը»

September 13, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան

Այս ամրան «Այնճարի մեծարենցեան երեկոյ»-ներ մշակութային  ձեռնարկներուն երրորդը տեղի ունեցաւ կիրակի, 25 օգոստոս 2024-ին, Ղարիպեաններու «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Նիւթն էր «Սփիւռքահայ թատրերգութիւնը», իսկ դասախօսը` դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Հայ աւետարական քոլեճի տնօրէնը:

Հայ թատրերգութիւնը, որ իր վաստակով համեստագոյնն է մեր գրականութեան, յատկապէս 19-20-րդ դարերուն արձանագրած է նկատառելի արդիւնք: 20-րդ դարուն, երբ մեր ժողովուրդի արեւմտահայ զանգուածին տեղահանումով կը գոյանայ արդի սփիւռքը, այնտեղ շարունակուող կամ նոր սկսող գրական փորձերուն մէջ ուշագրաւ տեղ կը գրաւէ թատրերգրութիւնը, որ համեմատաբար շատ քիչ ուսումնասիրուած է:

Այդ պատճառով ալ մելգոնեանցի Արմէն Իւրնէշլեան իր թեկնածուական (PHD) թեզին համար ընտրած էր «Սփիւռքահայ թատրերգութիւնը. աւանդոյթներ եւ նորարարութիւն» նիւթը, ծաւալի սահմանափակութեան պատճառով կեդրոնանալով միայն ազգային հիմնախնդիրներու վրայ: Թեզը յաջողութեամբ պաշտպանուած է Երեւանի մէջ 2011-ի հոկտեմբերին եւ իբրեւ  չուսումնասիրուած նիւթ` արժանացած է մեծ գնահատանքի:

Դոկտ. Իւրնէշլեան շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ, հաղորդական ոճով ունկնդիրներուն ներկայացուց իր նիւթը, զոր բաժնած էր չորս գլուխներու.

1.- Պատմա-հայրենասիրական թատրերգութեան կենսունակութիւնը,
2.- Ցեղասպանութեան նիւթի արծարծումը,
3.- Սփիւռքահայ քաղաքական կեանքի արտացոլումը,
4.- Սփիւռքահայ կեանքի թատերական խճանկար:

Ան նախ խօսեցաւ արեւմտահայ թատրերգութեան արմատներուն մասին` սկսելով մխիթարեաններէն մինչեւ Պոլիս եւ այլուր:

Ապա կեդրոնանալով բուն նիւթին վրայ` նշեց, որ ԺԹ. դարու երկրորդ կէսի պոլսահայ գրական թատերական միջավայրէն մինչեւ 1950-60-ականներու սփիւռքը, պատմական նիւթերով թատրերգութիւններուն թիւը կը հասնի հարիւրներու: Այս հետաքրքրութեան պատճառները նախեւառաջ պէտք է փնտռել թատրոնին վերապահուած դաստիարակչական նշանակութեան եւ անոր հայրենասիրական դերին կարեւորութեան մէջ: Սակայն, նիւթին ու անոր մատուցման եղանակին ծանծաղումին պատճառով, գրեթէ ամբողջովին դադրած է գրուելէ եւ բեմականացուելէ:

1920-ականներէն կը մշակուի հայոց վրայ գործադրուած ցեղասպանութեան նիւթը, որ սկզբնական շրջանին ունեցած է իւրայատուկ խոստովանական բնոյթ, նաեւ` զայրոյթի ու անզօրութեան արտայայտութիւն եւ հոգելլկիչ զգացումներէ լիցքաթափում: Իւրնէշլեան, օրինակներ բերելով, ներկայացուց այս նիւթին ստեղծման անխուսափելիութիւնը` հակառակ բազմաթիւ արգելակիչ ազդակներու, ինչպէս` գեղարուեստական մատուցման եւ «թրքութիւն»-ը հասկնալու դժուարութիւնները եւ այլն: Դասախօսը նկատել տուաւ, որ այդ թատրերգութիւններուն առաւելաբար յաջողած կերպարները կիներն են. ան դիտել տուաւ, որ հետաքրքրականօրէն կարմիր թելի պէս գրեթէ բոլոր գործերէն կ՛անցնի բռնօրէն թրքացած կիներու ի վերջոյ սպանութիւնը, ինչպէս նաեւ` «բարի թուրք»-երու մէջ հայու արեան գոյութիւնը:

Սփիւռքահայ քաղաքական տարակարծութիւնները ուշագրաւ գեղարուեստական արձագանգ ունեցած են թատրերագրական գործերուն մէջ, առաւելաբար խորհրդային վարչակարգին հանդէպ թեր ու դէմ կեցուածքներու ներկայացումով: Ան նշեց, որ թէեւ քաղաքականութիւնը միշտ ալ առատ նիւթ հայթայթած է երգիծական թատրերգութեան, սակայն գրական զգալի արտադրանք չկայ այդ մարզին մէջ` բացառութեամբ Վահան Թէքէեանի «Ակռամանեակ»-էն, Նշան Պէշիկթաշլեանի «Սոսկալի Նազարը»-էն եւ Անդրանիկ Կռանեանի «Միայն լուսնով կայ հայոց  փրկութիւնը»-էն:

Սփիւռքահայ ազգային կեանքը կը յենի բարքերու վրայ: Դրական սովորութիւններ  ու յոռի երեւոյթներ, ձեռքբերումներ ու թերացումներ կը կազմեն սփիւռքահայ առօրեային խճանկարը: Թատերական գրականութեան մէջ յաճախ արծարծուող նիւթերը եղած են` օտարամոլութիւնը, համարկումի դժուարութիւնները, ուծացումը, անտարբեր կամ իտէալիստ անհատներու գործունէութիւնը եւ այլն: Այս նիւթով Իւրնէշլեան կեդրոնացաւ Համաստեղի «Հայաստանի լեռներու սրնգահարը», Մ. Իշխանի «Կիլիկիոյ արքան» եւ Վ. Օշականի «Նոր արմատ» գործերուն վրայ:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանին` անոր շինիչ եւ օգտաշատ դասախօսութեան համար:

 

 

 

Նախորդը

«Հասնել Իշխանափոխ Ութեան` Երկիրը Փրկելու Համար» Գառնիկ Դանիէլեան

Յաջորդը

Մուսա Լեռ – Այնճարի 85-Ամեակին Առիթով…

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.