Նախազգուշական աշխատանքներու շրջագիծին մէջ եւ ծնողք-պատանեկան միութիւններ կապերը ամրապնդելու նպատակով, գործակցութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, շաբաթ, 3 օգոստոս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երէց եւ կրտսեր պատանիներու ու ծնողներու զեկուցում-զրոյց հանդիպում մը, որուն նիւթն էր «Ընկերային ցանցերը (գլխաւորաբար TikTok-ը), ընկերային հարցերը, պետական կառոյցներու դերակատարութիւնը, ծնողներու պարտականութիւները եւ պատանիներուն դաստիարակութիւնը»:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ի ատենապետ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան յայտնեց, որ ծնողական հանդիպումները կարեւոր են, եւ յառաջիկային պարբերական դրութեամբ միութիւնները առանձնաբար թէ հաւաքաբար պիտի ունենան նմանօրինակ հաւաքներ, որպէսզի հաւաքաբար քննեն միջավայրը յուզող եւ պատանիներու զարգացման նպաստող նիւթեր:
Ապա օրուան զեկուցումը ներկայացուց Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութեան ներքին ապահովութեան ուժերու նշեալ բաժանմունքի ներկայացուցիչ-զեկուցաբեր Գէորգ Տեքերմենճեան, որ անդրադարձաւ ընկերային ցանցերու ճամբով փոխանցուած-պատահած ոճիրներու մասին, շեշտելով որ ծնողներուն զգուշութիւնը, նախապատրաստուածութիւնը եւ զաւակներու ճիշդ դաստիարակութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունին` հեռու մնալու եւ կամ կանխելու դէպքերն ու հարցերը:
Տեքերմենճեան յայտնեց, որ Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնեն ընկերային ցանցերու վրայ օրէնքները խախտողները պատասխանատուութեան կանչելու եւ հարկ եղած տնօրինումներու կատարելու համար: Ան ըսաւ, որ որեւէ հարցի պարագային ծնողը պէտք չէ ծածկէ պատահածը, այլ անմիջապէս դիմէ համապատասխան բաժանմունքներուն, որպէսզի նախ գիտնայ կացութիւնը, յետոյ կատարուի ստուգումը, եւ ապա հետապնդուի թղթածրարը: Ընկերային ցանցերը ապահով ձեւով գործածելու վերաբերեալ գործնական ցուցմունքներ տալէ ետք, Տեքերմենճեան կոչ ուղղեց ծնողներուն` մօտէն հետեւելու հեռաձայններու գործածութեան եւ ունենալու փոքրերու յատուկ սահմանափակումներու հեռաձայնային ծրագիրները, որոնք կրնան առաջքը առնել շարք մը խնդիրներու: Այս բոլորին կողքին, զեկուցաբերը ըսաւ, որ պատանիները պէտք է սկիզբէն ծանօթանան վտանգներուն, որպէսզի նմանատիպ կացութիւններու մէջ գիտնան, թէ ինչպէ՛ս պիտի հակազդեն եւ ո՛ւր պիտի դիմեն:
Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ, որ ներկաները հարցումներու ճամբով յայտնեն իրենց տեսակէտները եւ ստանան յաւելեալ լուսաբանութիւններ:


