Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրատարակուեցաւ «Շնորհալի» Երգչախումբի 50-Ամեակին Նուիրուած Յուշամատեանը

August 30, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ «Շնորհալի» երգչախումբի յոբելեանին նուիրուած «50 տարի երաժշտութիւն եւ ինքնութիւն» խորագիրով յուշամատեանը:

Յուշամատեանը համապարփակ ներկայացումն է երգչախումբին երկարամեայ գործունէութեան, որուն ամբողջացման համար խմբագրակազմը դիմած է կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթին, ինչպէս նաեւ` անհատներու ու նախկին անդամներու վկայութեան: Յառաջաբանէն ետք հատորը կը բացուի կաթողիկոսարանի երգչախումբի հիմնադիր հայրապետ երջանկայիշատակ  Խորէն Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակով, որուն կը յաջորդեն Արամ Ա. կաթողիկոսին երկու սրբատառ կոնդակները` երգչախումբի հիմնադրութեան 50-ամեակին եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին մահուան 850-ամեակին առիթով հրապարակուած: Ապա յաջորդաբար կը կարդանք Շնորհալի հայրապետին ամփոփ կենսագրականը, երգչախումբին պատմականը եւ խմբավարներուն կենսագրութիւններն ու սրտի խօսքերը: Գիրքը արտայայտութիւնն է նաեւ երգչախումբին վարչական գործունէութեան, 50-ամեայ ուղեւորութեանց եւ տրուած համերգներուն մասին, ինչպէս նաեւ ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ երգչախումբին ընկերային կեանքը եւ հրապարակուած խտասալիկները: Հատորին մէջ տեղ ունին երգչախումբի հին եւ նոր անդամներու անուանացանկն ու շատերու սրտի խօսքերը, նաեւ` վկայութիւններ, քրոնիկներ եւ երգչախումբին կանոնագիրը:

Շուրջ 230 էջերէ բաղկացած այս պատկերազարդ հատորը, հանրագիտարանի ու վկայագիրի նման, կը յիշեցնէ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին մշակութասէր եւ եկեղեցասէր ոգիի գոյութիւնը եւ մեզ կը հրաւիրէ կառչած մնալու մեր ինքնութեան:

Յուշամատեանի խմբագրական կազմի անդամներն են` Զաւէն վրդ. Նաճարեան (խմբավար եւ փոխխմբագիր), Սեւան Դանիէլեան-Մկրեան (խմբագիր),  Շողիկ Եփրեմեան, դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան,  Խաժակ Պոյաճեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գինովը

Յաջորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Թ.)

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.