Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը Հաճելին Եւ Օգտակարը Համադրող Ողջունելի Ծրագիրով Իր Երդիքին Տակ Համախմբեց 40 Երեխաներ

Օգոստոս 27, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ ընդհանրապէս շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ քաղաքական ոչ կայուն վիճակին, այս տարի եւս ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» անուան կազդուրման կայանի ճամբարը` 24 յուլիսէն 10 օգոստոս 2024-ին Այնճարի մէջ:

Բոլորին ծանօթ է, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական ծրագիրներուն մէջ անմիջական եւ գլխաւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ հայ մանուկները: Թէ՛ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը, թէ՛ ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը կը միտին հայ մանուկներուն հոգին ուրախացնել եւ անոնց ստեղծագործական միտքը զարգացնել:

1951 թուականէն ի վեր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ծրագիրներուն հիմնականներէն նկատուող Կազդուրման կայանի մասնակից 6-12 տարեկան 40 մանուկներ ու պատանիներ այս տարի իրենց պատասխանատուին եւ օգնականներուն հետ երկու շաբաթներու ընթացքին հետեւեցան մշակուած դաստիարակչական, ընկերային եւ ազգային ծրագիրին:

Անոնք ուրախ էին այդ երկրորդ տուն հանդիսացող յարկին տակ, ուր իրենց համար ամէն ինչ ապահովելու մնայուն ճիգ ի գործ դրուեցաւ  պատասխանատուներուն կողմէ:  Այս ծրագիրին գլխաւոր նպատակն է մասնակցող փոքրիկներուն ապահովել հոգեկան ու ֆիզիքական առողջ, հաճելի եւ օգտաշատ կեցութիւն: Յատուկ ծրագիրի մը ընդմէջէն փոքրիկները թէ՛ ստացան բազմաթիւ գիտելիքներ եւ առօրեայ կեանքին համար անհրաժեշտ օրէնքներ` կենցաղային, առողջապահական, անհատական մաքրութեան վերաբերող, եւ թէ՛ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին, ԼՕԽ-ին առնչուած տեղեկութիւններ: Կազմակերպուեցան ժամանցի, խաղի, ձեռային աշխատանքի, մարզանքի, պտոյտներու, բնութեան մէջ տարբեր աշխատանքներ, որոնք նաեւ առիթ եղան ոչ միայն հաճելի ժամեր անցընելու, այլ նաեւ անոնց տաղանդները բացայայտելու, նախասիրութիւններուն համապատասխան գործունէութիւն ունենալու, ինչպէս նաեւ` առողջ միտք ու առողջ մարմին կազմաւորելու:

Մասնակիցներու աշխատանքներուն կարգին էին` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագի մասնակցիլ, Այնճարի բերդը այցելել, խաղավայր ու լողաւազան երթալ, դասախօսութիւններու ու դաստիարակչական ծրագիրներու հետեւիլ, ծանօթանալ անասուններու, թռչուններու, անոնց մասին տեղեկութիւններ ունենալ, զարգացման մրցումներ կատարել: Մանուկներն ու պատանիները ունեցան նաեւ ընթերցանութեան ու քննարկումի պահեր, մշակութային տարբեր գործունէութիւն, խարուկահանդէսի մտերիմ ժամեր եւ այլն:

Այս տարուան ծրագիրով Այնճարի Սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները յատուկ ինքնապաշտպանութեան ցուցմունքներով մարզական աշխատանք կատարեցին փոքրիկներուն հետ:

Մասնակիցները ՀՄԸՄ-ի Այնճարի տարեկից խումբերուն հետ մրցումի խաղեր ունեցան եւ լաւ փորձառութիւն ձեռք ձգեցին:

Կազդուրման կայանի մասնակիցները նաեւ ունեցան այցելութիւններ, հանդիպումներ: Անոնց այցելեցին Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանն ու երէցկինը, որոնք հաճելի զրոյց ունեցան երեխաներուն հետ, որոնք հետաքրքրական հարցումներ ուղղեցին տէր հօր եւ ստացան գոհացուցիչ պատասխաններ:

Յատկանշական օր եղաւ, երբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները այցելեցին Կազդուրման կայան, իրենց օրը անցուցին մանուկներուն ու պատանիներուն հետ, հետեւեցան տարուած աշխատանքին, միասին ճաշեցին եւ զրուցեցին:

Թէեւ սովորութիւն է, որ իւրաքանչիւր Կազդուրման կայանի ծրագիր աւարտի եզրափակից հանդէսով` ծնողներու ու հիւրերու ներկայութեան, սակայն այս տարի բացառաբար,  Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն վիճակին պատճառով այդ հանդիսութիւնը կատարուեցաւ ներքին կարգով: Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, խօսք առաւ Կազդուրման կայանի պատասխանատու Մարիա Պալապանեան , որ ողջունեց մանուկներն ու պատանիները, որոնք 17 օրեր միասին ապրեցան, եղան մէկ ընտանիք, շատ բան սորվեցան, գիտելիքներ ամբարեցին, ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ վայելեցին մտերիմ պահեր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այս ծրագիրի յաջողութեան` յատկապէս յիշելով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, Կազդուրման կայանի յանձնախումբը, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը, Այնճարի քաղաքապետութիւնն ու քաղաքապետը, Այնճարի «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, Ս. Պօղոս ու Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն տիկնանց միութիւնները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Այնճարի պարտիզպաններուն, որոնք իրենց բերքէն բաժին հանեցին եւ առատօրէն լեցուցին սեղանները, ինչպէս նաեւ` մասնակիցները հիւրընկալած ճաշարաններուն, հաստատութիւններուն ու անհատներուն, նաեւ բոլոր նուիրատուներուն ու կամաւորներուն:  Մ. Պալապանեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան ԼՕԽ-ին եւ հետեւեցան աշխատանքներուն:

ԼՕԽ-ի այս ծրագիրին հաւատացող եւ անոր յաջողութեան նպաստող իւրաքանչիւր անհատի, մասնաճիւղերու, յանձնախումբերու, բարերարներու, ԼՕԽ-ի բարեկամներու, օժանդակներու, անձնուէր եւ հոգատար ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն միացեալ աշխատանքով եւ գործակցութեամբ այս տարի եւս, հակառակ բազում դժուարութիւններու ու խոչընդոտներու, կարելի եղաւ 17 օրեր 40 հայ մանուկներու եւ պատանիներու արձակուրդային շրջան մը պարգեւել, որպէսզի անոնք դուրս գան իրենց առօրեայէն եւ վայելեն ամառն ու անոր բարիքները:  ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացողներուն եւ անոր ծրագիրներու ի նպաստ գործող նուիրեալներուն շնորհիւ է, որ միութիւնը միշտ կը զինուի նորանոր կորովով ու վճռակամութեամբ եւ կը ձգտի լաւագոյնը կատարել իր ազգի զաւակներուն:

Վստահաբար Կազդուրման կայաններու ծրագիրները մասնակիցներուն կեանքին մէջ դրական ներդրում պիտի ունենան եւ անոնց կազմաւորման մէջ որոշ չափով դերակատար պիտի ըլլան:

Այս տարուան Կազդուրման կայանն ալ լի էր ուրախ, յուզիչ, տօնական, արձակուրդային, դաստիարակչական հաճելի ու օգտաշատ պահերով, իսկ բաժանումը թէեւ դժուար ու տխուր էր, սակայն կար յոյսը վերստին հանդիպելու եւ ԼՕԽ-ի շուրջ համախմբուելու:

Եզրափակիչ հանդէսին եւ Կազդուրման կայանի աշխատանքներուն կարելի է աւելի մանրամասն ծանօթանալ այս տեսերիզով` https://www.facebook.com/aztagdaily/videos/344994888580097/?mibextid=oFDknk&rdid=bV5Q3whjYVf6VjfZ

 

 

 

 

Նախորդը

«Կեդրոնական Կովկասի Աշխարհաքաղաքականութիւնը». Ի՞նչ Կը Մտածէ Վրացի Մասնագէտը

Յաջորդը

Ընկերային Ցանցերու, Ընկերային Հարցերու, Պետական Կառոյցներու Դերակատարութեան, Ծնողներու Պարտականութիւններուն Եւ Պատանիներու Դաստիրակութեան Մասին Զեկուցում-Զրոյց

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?