Ամանորի Նախօրէին Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն Եւ Ազգային Ծերանոց
Տօնական օրերու առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելութիւններ տուաւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» կեդրոն եւ Ազգային Ծերանոց: «Գարակէօզեան»-ի մէջ հաստատութեան աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ հանդիպում ունենալէ ետք կեդրոնի տնօրէն Սերոբ Օհանեանի հետ, Յ. Բագրատունի շրջեցաւ տարբեր բաժանմունքներ եւ ականատես եղաւ այն աշխատանքներուն, որոնք կը կատարուին, եւ այն վերաբերումի, որուն կ՛արժանանան պարագաները հաստատութեան անձնակազմին...




















