Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբ. Ս. Ծննդեան Տօնին Նուիրուած «Յոյսի Երգեր Համերգը Էշրեֆիէի Տիրամօր Հրաշագործ Մետալի Տաճարին Մէջ

Դեկտեմբեր 23, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Վենսանեան հայրերու Տիրամօր հրաշագործ մետալի սրբազան տաճարին, հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Էշրեֆիէի Տիրամօր հրաշագործ մետալի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած «Յոյսի երգեր» խորագիրով Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի համերգը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանին, մասնակցութեամբ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Քեվըն Եուսոֆի:

Համերգին ներկայ էին Լիբանանի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի ներկայացուցիչը, Լիբանանի հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, ներկայ եւ նախկին հայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար հանդիսատեսներու հոծ բազմութիւն մը:

Բացման խօսքը կատարեց Տարոն Սուսանի, որ ըսաւ, որ Համազգայինի առաքելութիւնը հիմնուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ զարգացման վրայ, իսկ այսօրուան համերգը վկայութիւնն է այդ նուիրուածութեան: Ազգ մը, որ յաղթահարած է բազում փորձութիւններ, այսօր հաւաքուած է դարձեալ վառելու յոյսի ջահը` ապրելու եւ բարգաւաճելու Լիբանանի մէջ:

Ապա «Գուսան» երգչախումբը հանդիսատեսին ներկայացուց Ս. Ծննդեան փունջ մը երգեր:

Համերգի աւարտին խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Շարպել, որ ըսաւ, թէ արուեստը իւրաքանչիւրիս մէջ կը ցանէ յոյսի նշոյլ մը, կը ստեղծէ խաղաղութեան եւ ուրախութեան պահեր: Ան ըսաւ, որ «Գուսան» երգչախումբը, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անապահով եւ անկայուն վիճակին, այսօր մեզի այդ յոյսէն կտոր մը ներկայացուց:

Հանդիսութեան աւարտին Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը յուշանուէրով մը պատուեց համերգը հովանաւորող երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի: Յուշանուէրի փոխանակում տեղի ունեցաւ նաեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ Վենսանեան հայրերու Տիրամօր հրաշագործ մետալի սրբազան տաճարի հոգեւոր հայր Շարպելի հետ:

 

 

Նախորդը

Ուալիտ Ժոմպլաթ Հանդիպում Ունեցաւ Ահմետ Շարհի Հետ

Յաջորդը

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Փուլային Նախապայմանները

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?