Գաղութային

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հանրապետութեան Նախագահը  Պիտի Ընտրէ Հիմնուելով Համախոհական Սկզբունքին Վրայ»  Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հանրապետութեան Նախագահը Պիտի Ընտրէ Հիմնուելով Համախոհական Սկզբունքին Վրայ» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի 3 յունուար 2025-ին, «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ նախորդ տարուան իրադարձութիւններուն` հաստատելով, որ լիբանանցիները իրենց ապրած ցաւերը կիսեցին եւ ուրախութիւնը բազմապատկեցին` իրարու հետ ըլլալով: Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով լիբանանցիները շնորհաւորելէ ետք, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ երկիրը անցնող 5 տարուան ընթացքին տարբեր տեսակի տագնապներ դիմագրաւեց,...

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Հոգեւոր Տէրը

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Հոգեւոր Տէրը

Չորեքշաբթի, 8 յունուար 2025-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Սուրբ Ծննդեան ու Նոր տարուան տօներուն առիթով շնորհաւորական այցելութիւնը Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ: Հանդիպման վեհափառ հայրապետին ու հոգեւոր տիրոջ կողքին ներկայ էին հոգեւոր հայրեր: Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումը առիթ եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի ներքին ու արտաքին կեանքը յուզող հարցերու, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան եւ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած նոր...

«Աստուած Մեզի Հետ. Ա՛յս Է Խորհուրդը  Ու Պատգամը Բեթղեհէմին»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Աստուած Մեզի Հետ. Ա՛յս Է Խորհուրդը Ու Պատգամը Բեթղեհէմին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Աստուծոյ Որդւոյն Սուրբ Ծննդեան Տօնին Առիթով Մատուցուեցաւ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան, աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները հանդիսաւորապէս նշուեցան հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ, ձեռամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երկուշաբթի, 6 յունուար 2025-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Սուրբ խորանին վրայ վեհափառ հայրապետին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Շահան արք. Սարգիսեան: Սուրբ պատարագին...

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ».   «Բանավէճի Ծրագրի» Աշակերտները Կ՛այցելեն «Շաղզոյեան» Կեդրոն Եւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ». «Բանավէճի Ծրագրի» Աշակերտները Կ՛այցելեն «Շաղզոյեան» Կեդրոն Եւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի

9 նոյեմբեր 2024-էն սկսեալ, նախաձեռնութեամբ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Լիբանանի մասնաճիւղին, շաբաթական հերթականութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններու 33 աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» ընդհանուր խորագիրին տակ մշակուած աշակերտական բանավէճի ծրագրին: Ծրագիրին հիմնական առաջադրանքն է մեր համայնքի պատանիները մարզել թեր եւ դէմ կարծիքներ արտայայտելու` անոնց մէջ զարգացնելով բանավէճ վարելու հիմնական հմտութիւններ, առարկութիւններ հիմնաւորելու գիտական մօտեցում, անհամաձայնութիւններ եւ այլ կարծիքներ ընդունելու...

Կամքի Վերընձիւղման Աւետիսը

Կամքի Վերընձիւղման Աւետիսը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Անվերադարձ մեկնեցաւ 2024 տարին` իր արհաւիրքով, պատերազմով, քանդումով, աւերով, նահատակներով եւ գաղթականութեամբ: Առանց ափսոսանքի ղրկեցինք 2024-ը` միաժամանակ յիշելով անոր թողած ցաւն ու կսկիծը, տառապանքը, սարսափը, կորուստը: Բայց նաեւ կը յիշենք ու պարտաւոր ենք յիշել պատերազմի արհաւիրքին դիմաց հաւաքական տոկուն կեցուածքը, մարդկայնական եւ քաղաքացիական զօրակցութիւնը եւ կեանքին փարելու լիբանանցիին վճռականութիւնը: Փայլուն չէին նաեւ Հայաստան հայրենիքի օրերը. ինչքան ալ փորձենք...

Դառնանք Յոյսի Աղբիւրին` Աստուծոյ Ծնեալ Որդւոյն

Դառնանք Յոյսի Աղբիւրին` Աստուծոյ Ծնեալ Որդւոյն

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը Նոր տարուան սեմին եւ աստուածայայտնութեան խորհուրդով օծուն այս օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս: Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալները` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը...

Ի Խնդիր Մարդկային Գոյութեան Նորոգութեան`  Ս. Ծննդեան Լոյսը Ընդունինք Մեր Հոգիներուն Մէջ

«Ինչքա՜ն Մեծ Են Գործերդ, Տէ՛ր, Ինչքա՜ն Խորունկ Են Քու Խորհուրդներդ» (Սաղմոս 92:5 )

Աշխարհէն ներս Աստուծոյ մեծահրաշ յայտնութեան յիշատակն է այսօր: Այս առթիւ, Աւետարանին պատգամը մեզի փոխանցելով, մեր եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուած, աւելի հասկնալի ըլլալու համար, այսօր աշխարհ կ՛իջնէ, որպէսզի իր աստուածային փառքին վերադարձնէ մարդը: Հետեւաբար, գէթ այսօր, պէտք է ուժգնօրէն զգանք, թէ տօնական առիթները միայն կերուխումի համար չեն, այլ հաստատուած են բարձունքներուն սեւեռելու համար մեր հայեացքը ու մեր կեանքն ու...

Մեղքերու Խոստովանութեան Հրամայականը

Մի՛ Վախնար, Փոքրիկ Հօտ

Մինչ հաւատացեալներս Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան աւետիսի տօնը կը նշենք, զուգահեռաբար կը շարունակենք ականատես ըլլալ` համատարած ոճիրներու, պատերազմներու, անարդարութեանց, զրկանքներու, տեղահանութեան, քաղաքական ու տնտեսական սպառնալիքներու եւ անորոշութեան հոսանքներու, Արցախի հողէն հասնելով մինչեւ Միջին Արեւելքի երկիրներ եւ շատ անդին:  Կան յուսադրիչ զարգացումներ հոս ու հոն, սակայն ծանրակշիռը վախազդու երեւոյթներն են, որոնց առջեւ ընկերութիւններ, նաեւ եկեղեցական համայնքներ կը բռնեն նահանջի կամ...

Տօնական Օրերուն Առիթով ԼՕԽ-ը Տարբեր Նախաձեռնութիւններով Ուրախացուց Մանուկներն Ու Երէցները

Տօնական Օրերուն Առիթով ԼՕԽ-ը Տարբեր Նախաձեռնութիւններով Ուրախացուց Մանուկներն Ու Երէցները

Նոր տարին ուրախութեան եւ տօնախմբութեան առիթ է, սակայն մեր իրականութեան մէջ կան պարագաներ, որոնք նուազ կարելիութիւններ ունին այդ տօնը վայելելու եւ տօնական զուարթ մթնոլորտին մէջ ըլլալու: Այդ պատճառով ալ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքը տարբեր նախաձեռնութիւններով փորձեց տօնական մթնոլորտ սփռել իր շուրջ եւ ուշադրութիւն դարձնել յատկապէս անոնց, որոնք ընկերային ու տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ կ՛ապրին: - Շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2024-ին...

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ամանորի Հաւաքը

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ամանորի Հաւաքը

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու կազմակերպչական յանձնախումբին, ներկայութեամբ  Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ- տնօրէն Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի, տեսչական կազմերուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ շուրջ 350 մանուկներու եւ պատանիներու, կիրակի, 29 դեկտեմբերին, կ.ե. ժամը 5:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու Ամանորի հաւաքը: Կիրակնօրեայ վարժարաններու քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացման...

Իւրայատուկ Խրախճանք

Իւրայատուկ Խրախճանք

ԹԱՄԱՐ Ս. Նոր Տարուան սեմին ընտանեկան, միութենական, բարեկամական, գործընկերներով խրախճանքներ հաճելի եւ ուրախ տօնական մթնոլորտ մը կը ստեղծեն բոլորիս մօտ, կ՛ամրապնդեն իրարմով ըլլալու, իրարու հետ նոյն ուրախութիւնը կիսելու, ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուածները յիշելու: Այս տարի բոլորովին անսպասելի կերպով ներկայ եղայ Ազունիէի Հայ Ազգային բուժարանի ամանորեայ խրախճանքին` կազմակերպութեամբ Տիկնանց օժանդակ մարմինին (ԱՏՕՄ): Խոստովանիմ, թէ երկար տարիներէ ի վեր չէի...

Լիբանանի Մէջ Պապական Նուիրակը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Լիբանանի Մէջ Պապական Նուիրակը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Հինգշաբթի, 2 յունուար 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց եւ Նոր տարուան ու Քրիստոսի ծննդեան տօներուն առիթով զինք շնորհաւորեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը: Այս առիթով պապական նուիրակը վեհափառ հայրապետին յանձնեց Ֆրանչիսկոս պապին շնորհաւորական նամակը: Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկուեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, որ պիտի կայանայ յառաջիկայ 9 յունուարին:

Երեսփոխանական Գրասենեակ.  Յունուարէն Հոկտեմբեր 2021 Առողջապահական Օժանդակութիւն 844 Միլիոն Լիբ. Ոսկի, 642 Պարագայի

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակը 2024 Թուականին 6.828.000.000 Լիբանանեան Ոսկիի Օժանդակութիւն Տրամադրեց 2340 Լիբանանահայերու Եւ Ընդառաջեց 5749 Դիմումի

  Նիւթական օժանդակութիւններ 2340 Պարէնային օժանդակութիւններ 912 Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկ 482 Դատական հետապնդում 92 Փաստաբանական խորհրդատուութիւն 49 Ասպարէզային եւ գործի ապահովում 112 Ընդհանուր ապահովութեան սպասարկութիւն 342 Առողջապահութեան նախարարութիւն 96 Ներքին գործոց նախարարութիւն 32 Կրթութեան նախարարութիւն 18 Համալսարաններ 64 Ապահովական կառոյցներ 44 Ընկերային հարցերու նախարարութիւն 19 Զբօսաշրջութեան նախարարութիւն 14 Հիւանդանոցային եւ բժշկական դասաւորումներ 442 Աշխատանքի նախարարութիւն 113 Տնտեսութեան նախարարութիւն 6 Հանրօգուտ...

2025-ի Նոր Տարուան Անդրանիկ Սուրբ Պատարագը  Մատուցուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

2025-ի Նոր Տարուան Անդրանիկ Սուրբ Պատարագը Մատուցուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու ու հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, չորեքշաբթի, 1 յունուար 2025-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ 2025-ի Նոր տարուան անդրանիկ սուրբ եւ անմահ պատարագը. պատարագիչն էր Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան անդամ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեան: Սուրբ պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական հաւաք, որուն ընթացքին Սարգիս վրդ. Աբրահամեան, յանուն...

Թող 2025 Տարին Դառնայ Վերանորոգման Տարի

Թող 2025 Տարին Դառնայ Վերանորոգման Տարի

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նոր Տարուան Պատգամը Ժամանակի արագընթաց թաւալումին եւ մարդկային կեանքի հեւքին մէջ հին տարիէն նոր տարի անցման այս փուլը ընդհանրապէս բնորոշուած է իբրեւ եզակի առիթ ինքնաքննութեան ու հաշուետուութեան: Սա բնական եւ հրամայական անհրաժեշտութիւն մըն է իւրաքանչիւր անհատի, կառոյցի, հաւաքականութեան կամ պետութեան համար: Անցնող տարուան մեր կեանքը լեցուն էր տագնապներով ու վերիվայրումներով: Իրագործումներու կողքին նաեւ ունեցանք ձախողութիւններ, յաջողութեան առընթեր...

«Եկեղեցին Ծառայութեամբ Հաւատարիմ Կը Մնայ Իր Սրբազան Նպատակին» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Եկեղեցին Ծառայութեամբ Հաւատարիմ Կը Մնայ Իր Սրբազան Նպատակին» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանահայ Գաղութի Ընկերային Ծառայութիւն Մատուցող Հաստատութիւնները Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախօրեակին հայրական այցելութիւններով իր օրհնութիւնը կը բաշխէ ազգային-ընկերային ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւններուն:  «Թռչնոց Բոյն» Չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2024-ին Արամ Ա. այցելեց «Թռչնոց բոյն»-ի փոքրիկներուն` խնդակցելով անոնց տօնական ուրախութեան: Այս առիթով փոքրիկները ներկայացուցին իրենց սորված Սուրբ Ծննդեան յատուկ երգերը,...

«Նարեկացի» Գրախանութի Ամանորի Հաւաքը

«Նարեկացի» Գրախանութի Ամանորի Հաւաքը

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի հովանին վայելող «Նարեկացի» գրատան, հինգշաբթի 26 դեկտեմբերին Նոր տարուան առիթով տեղի ունեցաւ Ամանորի հաւաք: Արդարեւ, 300 մանուկներ ու պատանիներ իրենց ծնողներով համախմբուած էին գրատան դիմաց` տօնելու Կաղանդը եւ անցընելու հաճելի պահեր: Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց առաջին հերթին «Նարեկացի» գրատան, որ համախմբած էր 300 փոքրիկները, որոնց անխտիր տրամադրուեցան նուէրներ:...

Յիշենք Մեր Տարեցները

Յիշենք Մեր Տարեցները

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէ մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին, կիրակի,  22 դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Յիշենք մեր տարեցները» խորագիրով  Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով հաւաքոյթ մը: Մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Սագօ Գրիգորեան բարի գալուստի խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-ամեակի առիթով  այս տարուան ամանորեայ տօնակատարութիւնները միայն յատուկ փոքրիկներու...

Լալայի ու Արայի Նոր Տարուան Նուէրը Աշխարհի Բոլոր Փոքրիկներուն

Լալայի ու Արայի Նոր Տարուան Նուէրը Աշխարհի Բոլոր Փոքրիկներուն

Արդէն իսկ հրապարակուած է Համազգայինի մանկավարժական արդիական ծրագիրներու բաժանմունքի վեցերորդ յաւելուածը` «Սորվինք խաղալով»: iOS եւ android հարթակներու վրայէն կարելի է անվճար ներբեռնել: App Store: https://apple.co/4fvVdjL Google Play: https://bit.ly/3ByvKZ6 4 տարեկանէն վեր փոքրիկները այս յաւելուածին միջոցով կ՛ամրապնդեն տարբեր յղացքներ հիմնական չորս բաժանումներով` գծագրում, թուաբանութիւն, ընթերցանութեան նախավարժութիւն եւ յայտնաբերում`45 տարբեր խաղերու ընդմէջէն:

Page 49 of 364 1 … 48 49 50 … 364

Արխիւներ