Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի Անուանակոչութիւն

Դեկտեմբեր 18, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին անուանակոչութեան առիթով, կիրակի, 15 դեկտեմբերին համանուն եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան մատուցեց ս. պատարագ եւ կատարեց մատաղօրհնէք:

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին սրբազան հայրը ժամանեց եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին կողմէ եւ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի:

Իր քարոզին մէջ սրբազանը յայտնեց, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տարեդարձին առիթով «պարծանքով կ՛ոգեկոչենք 4-րդ դարու մեծագոյն հոգեւորականներէն Մծբին քաղաքի երբեմնի հայրապետ Սուրբ Յակոբը» որուն համար Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնը կ՛ըսէ «թէ ան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջ որդին էր եւ Լուսաւորիչ հայրապետին հետ միասին դաստիարակուած` Կեսարիոյ մէջ ու այնուհետեւ, ժամանակ մը ապրելէ ետք Պարսկաստանի պալատական կեանքի պայմաններուն մէջ,  քաշուած էր անապատ` ապրելով  ճգնաւորի խստակեաց կեանք: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ ըստ աւանդութեան, հակառակ իր կամքին, Ս. Յակոբ Մծբինի աթոռին համար եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ եւ իր կարողութիւնները ընծայեց եկեղեցւոյ հզօրացման սրբազան գործին:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդը ըսաւ, որ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Ս. Յակոբ առաւելաբար կը յիշատակուի յառաջացեալ իր տարիքին Արարատ լեռը բարձրանալու իր յանձնառութեան համար, աւելցնելով, որ ըստ աւանդութեան, թէեւ ան չկրցաւ Արարատի գագաթը նուաճել, սակայն անոր լանջերուն, Տիրոջ հրեշտակը անոր յանձնեց Նոյեան տապանէն փայտի բեկոր մը, որպէսզի անով Մծբինի ժողովուրդին պարզէ, թէ արդարեւ Աստուածաշունչի տեղեկութիւնները ճշմարիտ են:

Սրբազանը հաստատեց, որ այս առիթը տեսակ մը ուխտագնացութիւն է այս եկեղեցւոյ զաւակներուն համար, որպէսզի մեր հարազատներուն յիշատակով հաւաքուինք մեր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ եւ մտերմութեան շունչով այս համայնքի անցեալի յուշերը վերակենդանացնենք: Ինչ որ Ս. Յակոբը կը դարձնէ եզակի, դէպի Արարատ լերան գագաթը հասնելու առաջադրանքով իր անդադրում ճիգն է, որուն պատճառով  մեր ժողովուրդը սիրած է այս սուրբը եւ դարերէ ի վեր` զայն պարծանքի առարկայ դարձուցած, որովհետեւ իր կեանքի օրինակին հետ նոյնացած համարած է զայն:

«Սուրբերուն տօները մեր եկեղեցւոյ յիշատակարաններն են, որոնք մեզ կը հրաւիրեն անդրադառնալու, թէ արդարեւ, մեր կեանքէն ներս եղած են դէմքեր, որոնք իրենց օրինակով ջանացած են մեր հաւաքականութեան կամքը ուղղել դէպի վեր` դէպի անթիւ պայքարներով պաշտպանուած նուիրական այն արժէքներն ու սրբութիւնները, որոնք Արարատի նման` եղած են նուիրական», շեշտեց Շահէ արք. Փանոսեան` աւելցնելով, որ Ս. Յակոբի տօնը արժէք ունի, եթէ պատճառ կը հանդիսանայ, որ մեր մէջ բարոյական վիճակ մը քաջալերուի, այլապէս,եթէ այս առիթը ոչինչ պիտի բերէ մեր կեանքին, ոչինչ պիտի փոխէ մեր ըմբռնումներուն մէջ ու մեզ աւելի շքեղ աշխատանքի պիտի չառաջնորդէ, անիմաստ է: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ մեր կեանքը չի կրնար բարձրանալ ու բարգաւաճիլ միայն աղօթքով, Ս. Գիրք կարդալով ու քարոզներ մտիկ ընելով, այլ, անոնց կողքին, պէտք է նաեւ գործենք մեր եկեղեցւոյ, մեր ընկերութեան, մեր ազգին ու մեր հայրենիքին համար` հաւատքով, ամբողջական ճիգով ու յանձնառութեամբ:

Մասնաւորաբար մեր ժամանակներուն, կարիքը ունինք նուիրեալներու, որոնք նուիրական պարտականութիւններ կրնան ստանձնել մեր կեանքէն ներս եւ իրենց հաւատքով ու գործերով Աստուծոյ ուժը կրնան արտայայտել: «Առանց տեսիլք ու նուիրում ունեցող մարդոց, կեանքը չի կրնար աճիլ, զարգանալ ու բարձրանալ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը նկատել տալով, որ այս առիթը մեզի կը թելադրէ անդրադառնալու, թէ կեանքէն ներս բաներ կան, որոնք դիւրին ձեռք չեն բերուիր, եւ անոնց համար պէտք է տքնիլ, նաեւ կան բաներ, որոնք մեր ճիգով պէտք է պաշտպանուին: Հետեւաբար իր յիշատակին դիմաց պէտք է հարց տանք, թէ այսօր ո՞վ մեր շրջապատը ուղղելու համար ճիգ կը թափէ: Քրիստոնէութիւնը ամէն օր նուաստացնող մեր պայմաններուն մէջ մենք ի՞նչ կ՛ընենք եւ ի՞նչ յանձնառութեամբ մեր զաւակները կը դաստիարակենք, որպէսզի մեր կեանքը մնայ կանգուն ու յաղթական:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» Մասնաճիւղի Նահատակներու Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Եւ Ոգեկոչում

Յաջորդը

Ազրպէյճանի «Ժողովրդավարութիւնը»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?