Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Լիբանանեան-Ամերիկեան Ընկերային Ծառայութեան Համագործակցութեան Եւ Ընկերային Ծառայողներու Վերազինման Նուիրուած Ծրագիր

December 20, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՐԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Հանրային կապերու տնօրէն

2024 թուականի դեկտեմբեր 11-ին Հայկազեան համալսարանի Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնը ընթացք տուաւ իր տարեվերջի նախաձեռնութեան` «Լիբանանեան-ամերիկեան ընկերային ծառայողներու աշխատանքի համագործակցութիւն: Լիբանանեան ընկերային ծառայողներու զինում` անբարենպաստ եւ խոցելի մարդոց հետ գործնականութեան նպատակով» խորագիրով: «Մուկար» շէնքի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ սեղմ շրջանակի մէջ կայացած ձեռնարկը, մասնագիտացած ներկայ հասարակութեան կողքին, ապահովեց առցանց լայն  մասնակցութիւն:

Այս երկամեայ համագործակցային ծրագիրը, որ կը կատարուի Սամֆորտ համալսարանի (Պիրմինկհամ, Ալապամա, ԱՄՆ) հետ եւ ֆինանսաւորուած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն, նպատակ ունի զօրացնել Լիբանանի մէջ գործող ընկերային ծառայողներուն մասնագիտական աջակցութիւնը եւ հմտութիւնները` յատկապէս արտակարգ իրավիճակներու մէջ Գործող անձերուն ծառայելու համար: Նախաձեռնութեան մաս կը կազմեն ձեւաւորման գնահատման հարցաթերթիկ մը եւ հետագայ հարցազրոյցներ, որոնք կ՛ուսումնասիրեն Լիբանանի մէջ ընկերային ծառայողներու փորձառութիւնները, դժուարութիւնները եւ կարիքները: Այս Գնահատումներու հիման վրայ կը մշակուին չորս շարունակական կրթութեան ուսումնական դասընթացքներ` կեդրոնանալով գործնական եւ հմտութիւններու զարգացման վրայ: Ծրագիրը կարեւոր կը նկատէ համագործակցութիւնը եւ յարատեւութիւնը` ներգրաւելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններ եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններ:

Նախաձեռնութեան մեկնարկի արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան երկու համալսարաններուն, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, համապատասխան միութիւններու, կազմակերպութիւններու, սենտիքաներու  ներկայացուցիչներ եւ ընկերային ծառայողներ, սկիզբ առաւ Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնի պատասխանատու Քրիսթոֆըր Գճըլեանի բացման խօսքով, որուն մէջ ան ներկայացուց ծրագիրին ընդհանուր տեսութիւնը:

Ձեռնարկին ընթացքին հիմնական զեկոյցները ներկայացուցին նախագիծի համահեղինակներ` դոկտոր Շաղիկ Խուտավերտեանն ու Պետրոս Գազազեանը` Հայկազեան համալսարանէն, ինչպէս նաեւ` դոկտորներ Տէյվիտ Սեսիլն ու Ռեյչլ Հէյկզը` Սամֆորտ համալսարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքէն:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հանրային դիւանագիտութեան բաժամունքի Հասարակական կապերու մասնագէտ Էլի Ֆերնէյնի ներկայացուց իր դիտարկումները` որպէս նախագիծի դրամաշնորհի պաշտօնական ներկայացուցիչ:

Իր կարգին, Լիբանանի ընկերային ծառայողներու սենտիքայի նախագահ դոկտոր Տանիա Պատրանը շեշտեց սենտիքայի յանձնառութիւնը` խթանելու մասնագիտութիւնը շարունակական կրթութեամբ, պահպանելով բարոյական չափանիշները եւ իրագործելով նախաձեռնութիւններ, որոնք կը զօրացնեն ընկերային ծառայողները` արդիւնաւէտօրէն յաղթահարելու նորագոյն մարտահրաւէրները: Ան նաեւ շնորհաւորեց Հայկազեան համալսարանը` Լիբանանի մէջ ընկերային ծառայութեան մասնագիտական մակարդակը բարելաւելու նախաձեռնութեան համար:

Շինիչ քննարկումներէ եւ հարցում-պատասխան նիստէն ետք ձեռնարկը փակուեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանի խօսքով:

Այս ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ:

 

 

Նախորդը

Ուիլսընեան Հայաստան. Գագաթ Մը, Որ Պէտք Է Նուաճել

Յաջորդը

Պատմութիւն Երկարականջ Չորքոտանիի Մասին

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

January 9, 2026
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական  Ընդունելութիւններ
Գաղութային

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

January 9, 2026
Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն
Գաղութային

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.