Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2024-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գիտական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին` յանձին Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գիտական գրադարանին, յանձին Մայա Գրիգորեանի միջեւ: Անոնք համաձայնեցան.
– Խորացում «մշակութային եւ գիտական-կրթական համագործակցութեան»,
– Համադրում «թուային ճարտարարուեստի»,
– Փոխանակում «հրատարակութիւններու թուային պատճէններու»,
– Պատրաստութիւն եւ հրատարակում «մատենագիտութիւններու»:
Վերջին նիւթին վերաբերեալ արդէն գործնական քայլեր առնուած են եւ միասնական ճիգերով կ՛արդիւնաւորուին մինչեւ 2025-ի աւարտը: