Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Ընտանիքը Մեծ Շուքով Նշեց Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Պաշտօնական Վերամուտը

December 14, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2024-ին, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի բակին մէջ տեղի ունեցաւ 2024-2025 տարեշրջանի եւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի սկաուտական պաշտօնական վերամուտը` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, Շրջանային սկաուտական խորհուրդի եւ խմբապետական կազմի, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի նախկին խմբապետներու եւ շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու:

Պաշտօնական վերամուտը սկիզբ առաւ մասնաճիւղային տողանցքով մը` առաջնորդութեամբ արի խումբի անդամներէն բաղկացած նուագախումբին: Մասնաճիւղին անդամները խրոխտ քայլերով եւ կարգապահ շարքերով տողանցեցին Պուրճ Համուտի հրապարակին շրջակայքը: Յատկանշական էր այն պահը, երբ ժողովուրդը խանդավառութեամբ եւ յուսալի աչքերով կը դիտէր անդամներուն տողանցքը:

Տողանցքին յաջորդեց դրօշակի արարողութիւն: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ «Ով հայ արի» քայլերգներուն զուգահեռ, խորհրդանշական ձեռայինին վրայ բարձրացան դրօշակները:

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արտասանեց Մարիա Չոլաքեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, յայտարարեց մասնաճիւղի 90-ամեակի աշխատանքներուն մեկնարկը: «ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի իւրաքանչիւր անդամ քաջ կը գիտակցի միասնական գործելու անհրաժեշտութեան, վստահութեան, անկեղծութեան, փոխադարձ հասկացողութեան, ծառայութեան եւ այլնին: Այս գրաւականներու հաւատքով է, որ մասնաճիւղը յառաջդիմած է յաջողութեամբ եւ, հասած է մինչեւ 90-ամեակ: Գօտեպնդուած այս հաւատքով` հաստատուն քայլերով կը յառաջանանք դէպի մասնաճիւղի 100-ամեակ եւ, ինչո՞ւ ոչ, 100-ամեակներ», շեշտեց ան:

Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ալիք Տէր Պետրոսեան-Մելքոնեան, որ շնորհաւորելէ ետք մասնաճիւղին 90-ամեակը,  անդրադարձաւ Շրջանային խմբապետութեան ծրագրած հետագայ աշխատանքներուն եւ յայտարարեց «Ռալլի տարի»:

Օրուան պատգամը յղեց Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան, որ բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերակատարութիւնը եւ դաստիարակութիւնը  հայ անհատին վրայ` շեշտելով խոստումին բովանդակութեան գործադրութեան կարեւորութիւնը:

Պատգամէն ետք ներկաներուն յայտարարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 90-ամեակին նշանակը եւ լոզունգը: Արարողութիւնը փակուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատա՛կ» քայլերգով:

Դրօշակի արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Անդամները տարբեր տեսակի կատարումներով տպաւորիչ ձեւով ներկայացուցին` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 90-ամեայ փառաւոր պատմութիւնը, մասնաճիւղի նուաճումները եւ տարիներու ընթացքին դիմագրաւուած դժուարութիւնները յաղթահարելու աշխատանքները: Անոնք նաեւ երգով յաւերժացուցին Շուշիի ազատագրման կռիւներու հերոս, մասնաճիւղի նահատակ ՀՄԸՄ-ական Վիգէն Զաքարեանի յիշատակը:

Յայտագիրի աւարտին կարդացուեցաւ խմբապետութեան խօսքը, ուր կ՛ըսուի. «Ահաւասիկ այսօր կը վայելենք ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի փառքը: 90 տարիներ շարունակ այս մասնաճիւղը, մարմնակրթանքի կողքին, իր անդամներուն մէջ սերմանեց մտային զարգացում եւ ազգային դաստիարակութիւն: Ան իր շարքերուն մէջ կրթեց եւ ճիշդ ճամբան ուղղեց սերունդներ: Հասաւ հոն, ուր իր կարիքը կար: Դամբանէն խաւար, մութ եւ դաժան օրերէն` մինչեւ լուսաւոր եւ պայծառ օրեր, ան մի՛շտ մնաց պատնէշի վրայ: ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մէջ հասակ առած ՀՄԸՄ-ականը հանգիստ ու դադար չճանչցաւ: Աշխատեցաւ, ջանք թափեց, թէեւ երբեմն յոգնեցաւ, սակայն երբեք կանգ չառաւ: Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ տիրող այսօրուան կացութիւնը այսօր մեզ կը դնէ նորանոր մարտահրաւէրներու դիմաց: Չե՛նք յանձնուիր, չե՛նք ընկրկիր եւ ո՛չ ալ կը յուսալքուինք: Ամէն մայրամուտ ունի լուսաբաց: Մե՛նք պիտի ըլլանք այդ լուսաբացի կերտիչները` շնորհիւ մեր դաստիարակութեան ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մեծ ընտանիքին մէջ»:

Տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր ջահավառութիւն մը: Մասնաճիւղի  նախկին խմբապետ Րաֆֆի Քէշիշեան, ընկերակցութեամբ մասնաճիւղի խումբ մը վեթերան խմբապետներու, նոր սերունդին փոխանցեց միութեան 90-ամեայ ջահը: Բոցավառեցաւ 8 ջահ, որոնք կը խորհրդանշեն մասնաճիւղի սկաուտական 8 խմբաւորումները: Ջահավառութեան ընթացքին նշուեցաւ «Ուրախ մոկլին, ժրաջան գայլիկ Ա. եւ Բ. վոհմակները, կայտառ արծուիկ երամը, քաջ եւ խանդավառ արի – արենուշ խումբերն եւ ծառայասէր «Վիգէն Զաքարեան»-ն ու «Շուշի» փաղանգները իրարու միանալով` կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն, մէկ մասնաճիւղ եւ մէկ ընտանիք, որ կը խորհրդանշէ սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտը ու կը կոչուի ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ»:

Ջահավառութիւնը աւարտեցաւ հետեւեալ խօսքով. «Եւ այսպէս, մասնաճիւղի 90 տարուան պահուած ու պահպանուած ջահը փոխանցուելով մեզի` միշտ պիտի բոցավառէ մեր բոլորին սրտերն ու հոգիները: Կը խոստանանք հաւատարիմ մնալ ազգին եւ միութեան: Ամբողջ ուժով աշխատիլ հայ ժողովուրդին նպատակներու իրագործման եւ այս յարատեւ տքնաջան աշխատանք խորհրդանշող անմար ջահը փոխանցել մեզի յաջորդող սերունդներուն»:

Նախորդը

Յիսնակ` Պատրաստութեան Եղանակ

Յաջորդը

Առաքինասէր Մծբնայ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.