Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Սիրոյ Սեղան` Ամանորի Առիթով

Դեկտեմբեր 19, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը գտնուինք տօնական օրերու նախօրեակին, որ առիթ է` ազնուացնելու մեր հոգիները,  բարիք բաժնելու, ուրախութիւն ու ծիծաղ սփռելու եւ լոյս տարածելու մեր շուրջը, մանաւանդ` բոլոր անոնց, ծանօթ թէ անծանօթ, որոնք կեանքի դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն իրենց առօրեային մէջ:

Ու հաւատարիմ բարիք, ուրախութիւն ու ծիծաղ սփռելու իր ազնիւ առաքելութեան` «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնարկը չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2024, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ  կազմակերպեց Ամանորի սիրոյ սեղան մը, յատկացուած` հիմնարկին բարգաւաճման ծրագիրին մաս կազմող կիներուն: Ներկայ էին` Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Գրիգոր եպս. Պատիշահ` օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի կաթողիկէ պատրիարքական թեմին եւ վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան` ներկայացուցիչ Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ այլ հիւրերու:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները, «Ճինիշեան» հաստատութեան պատանի-պարմանուհիները եւ հիւրաբար ներկայ գտնուած երգչուհի Լոռի Կիւլիւմեանը:

Ամանորի սիրոյ սեղանի բացումը կատարեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Քրիսթին Ազնաւուր, որ հրաւիրեց Գրիգոր եպս. Պատիշահը` օրհնելու սիրոյ սեղանը:

Ապա խօսք առաւ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ նշեց, թէ հակառակ չնախատեսուած դժուարին պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն` կարելի եղաւ համախմբուիլ սիրոյ այս սեղանին շուրջ:

«Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը միշտ եղած են խորհրդանիշ` սիրոյ, յոյսի, խաղաղութեան, ուրախանալու եւ ուրախացնելու», ըսաւ ան` աւելցելով, որ մեր պարագային, Նոր տարին տարբեր բնոյթ ունի` պայքարելու, դժուարութիւններու մէջէն զօրացած դուրս գալու աւելի խաղաղ, արդար եւ համերաշխ վաղուան տեսլականով, ուր տարեցը չի մտահոգուիր օրուան հացը ապահովելու, ուր պատանին փայլուն եւ յաջող ասպարէզի մը հեռանկարը ունի եւ մահուան արհաւիրքը չ՛ապրիր ամէն վայրկեան, եւ ուր ընտանիքի մը հայրն ու մայրը չեն մտահոգուիր իրենց զաւակներուն նուազագոյն կարիքները ապահովելու արժանավայել կեանքի մը տեսլականով:

Ք. Դանիէլեան շարունակեց` դիտել տալով, որ իւրաքանչիւրը վստահաբար ունեցաւ իր մարտահրաւէներն ու դժուարութիւնները, սակայն համբերութեամբ եւ հաւատքով կրցաւ մնալ ամուր, իր ընտանիքին յոյս ներշնչեց եւ հաւաքական կեանքի մէջ ունեցաւ իր ներկայութիւնն ու ներդրումը: Ան ընդգծեց, որ` «Դուք անցեալ փոթորիկներուն ժամանակ բնաւ չընկրկեցաք, չդժգոհեցաք, այլ միշտ փառք տուիք Աստուծոյ եւ, աւելի՛ն ձեր բաժինը բերիք Լիբանանի հարաւի մեր հայրենակիցներուն օժանդակութեան աշխատանքներուն, երբ ձեր ունեցածէն եւ չունեցածէն բաժին հանեցիք անոնց: Մենք չափազանց հպարտ ենք ձեզմով», ըսաւ ան:

Դիտել տալով, որ Ամանորը նոր յոյսերու, նոր առիթներու եւ լուսաւոր հորիզոններու առիթ կը ստեղծէ, Դանիէլեան յայտնեց, որ միշտ պատրաստ պէտք է ըլլալ մարտահրաւերներու եւ դժուարութիւններու` քաջ գիտակցելով, որ` «Հաւաքական մեր կեանքին մէջ դուք առանձին չէք բնաւ: Մեր եկեղեցիները, միութիւնները եւ կառոյցները միշտ ձեր կողքին են` լսելու ձեզի եւ միասնաբար դիմակալելու ամէն խոչընդոտ»:

Ան յորդորեց Քրիստոսի Ս. Ծնունդը դիմաւորելու քրիստոնէական արժէքներով, հարստանալու իրերօգնութեամբ, մեր շրջապատը լիացնելու յոյսով եւ հաւատքով` մեր փրկչին Յիսուս Քրիստոսի օրինակով:

Քրիստին Դանիէլեան իր խօսքը եզրափակեց` շնորհակալութեան խօսքեր ուղղելով Ազգային առաջնորդարանին եւ սրբազան հօր, ներկայ հոգեւոր հայրերուն, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին «Ճինիշեան»-ի աշխատանքներուն եւ իրենց օրհնութիւններով կը զօրակցին անոր: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Ճինիշեան»-ի վարչութեան եւ Խորհրդատու մարմինի անդամներուն, որոնք մօտէն կը հետեւին հաստատութեան աշխատանքներուն եւ միշտ կը քաջալերեն զայն:

Ապա խօսք առաւ վեր. Հրայր Չոլաքեան, որ առաքեալին խօսքով նախ նշեց. «Աստուած սէր է, եւ ան, որ սիրոյ մէջ կ՛ապրի, կ՛ապրի Աստուծոյ մէջ, եւ այդ սէրը այսօր կը զգանք այս սրահին մէջ ու կը վայելենք այս սեղաններուն շուրջ»: Ան շնորհաւորեց «Ճինիշեան» հաստատութիւնը սիրոյ այս սեղաններուն կազմակերպման առիթով ու հաստատութեան աշխատակիցները կոչեց «սիրոյ ճրագներ»: Վերապատուելի Չոլաքեան աւելցուց, որ արդէն կը պատրաստուինք տօնելու Քրիստոսի ծնունդը, որ առիթ մըն է յիշելու, թէ ասուածային սէրը, յաւիտենական սէրը մեզի փոխանցուեցաւ Յիսուսի ճամբով: Ան շնորհաւորեց բոլորը Սուրբ Ծննդեան առիթով աղօթեց առ Աստուած, որ մեր բոլոր կատարածներուն մէջ, ըլլա՛յ հոս, ըլլա՛յ եկեղեցիներուն մէջ, ըլլա՛յ մանաւանդ մեր տուներուն մէջ, Քրիստոսի սէրը դառնայ ապրող իրականութիւն:

Աւարտին օրհնութեան խօսք արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան` ըսելով. «Փառք կու տամ Աստուծոյ, որ հակառակ մեր դիմագրաւած բազում խնդիրներուն` առիթ կ՛ունենանք իբրեւ մէկ ընտանիք հաւաքուելու եւ ուրախանալու: Կը մաղթեմ, որ դուք ալ ձեր ընտանիքի անդամներով հաւաքուելու առիթ կ՛ունենաք»:

Մերօրեայ կեանքի դժուարին պայմաններուն անդրադառնալէ ետք առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց հոգեւոր ու ընկերային արժէքներու պահպանման կարեւորութիւնը: «Պէտք է մեծ ճիգով պայքարինք` պահպանելու քրիստոնէական մեր հաւատալիքները, ազգային մեր արժէքները եւ ընտանեկան մեր աւանդութիւնները», ըսաւ ան:

Սրբազանը մաղթեց, որ Աստուած բոլորիս աւելի լաւ օրեր պարգեւէ յառաջիկային: «Եղածին համար փառք կու տանք, որովհետեւ, այսպէս կամ այնպէս, մեր կեանքը պահեցինք, բայց գալիքին համար քիչ մը գիտակցութեամբ զինուած, քրիստոնէական հաւատալիքներու յոյսով մեր միտքն ու հոգին լուսաւորած` շարունակենք մեր կեանքի ընթացքը», ըսաւ ան` յոյս յայտնելով, որ բոլորս ձեռք ձեռքի տուած` կը շէնցնենք մեր եկեղեցիները, ազգային մեր կառոյցներն ու հաստատութիւնները, որոնք կան մեր ամրութեան համար եւ ամուր են մեզմով: Առանց մեզի անոնք արժէք չունին:

Երգչուհի Լոռի Կիւլիւմեանի կողքին, գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Մերի Էքմեքճեան (կամաւորի ասմունքը), Ժան Փիեր Վարդանեան (կիթառ), Սէրլի Մուղալեան (երգեհոն), Էնտրու Քիւմպէճեան (հարուածային գործիք) եւ Քեւըն Սոլակեան: «Ճինիշեան»-ի պատանի-պարմանուհիները ներկայացուցին նաեւ երկու պար ` Ճեսի Պաղտիկեան, Փաթիլ Սարգիսեան, Ալիք Սարգիսեան եւ Սելա Շէնզեան:

Հաւաքը շարունակուեցաւ սիրոյ եւ տօնական խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Ընտանիքը Մեծ Շուքով Կատարեց Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 55-Ամեակի Պաշտօնական Վերամուտը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Այս Բոլոր Նախճիրէն Կռուող Կողմերուն Ի՞նչ Մնաց…

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?