Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` ստանալու համար անոր հայրապետական օրհնութիւնն ու քաջալերանքը: Հանդիպման ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ Սեպուհ Այնթէպլեան, Շրջանային վարչութեան մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, մասնաճիւղերու ատենապետներ, վարչութիւններ, խնամակալութիւն եւ գեղարուեստի ղեկավարներ:
Պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեմ Սիմոնեան, որ որդիական երախտագիտական իր խօսքը ուղղեց վեհափառ հայրապետին` դրուատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին միջեւ հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը, որ աւելի եւս զարգացած է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան շրջանին: Շարունակելով իր խօսքը` Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին անունով Սիմոնեան շնորհաւորեց հայոց հայրապետը իր գահակալութեան 30-ամեակին առիթով, Համազգայինի պատրաստակամութիւնը յայտնելով` մասնակցելու այս առիթով կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուելիք նախաձեռնութիւններուն: Ապա, ան ներկայացուց միութեան գործունէութիւնը, յառաջիկայ ծրագիրները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները` ընդգծելով մշակոյթի կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին մէջ:
Ապա, իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց վեհափառ հայրապետը: Ան ըսաւ, որ Համազգայինը երկար տարիներէ ի վեր լիբանանահայ մշակութային կեանքը կը ծաղկեցնէ, սկսած այն օրէն, երբ Հայաստանի անկախ պետականութիւն գոյութիւն չունէր` աւելցնելով, որ տարիներու վրայ միութիւնը ունեցած է գլխաւոր ձեռքբերումներ, օրինակ` «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին բացումը, թատերական ներկայացումները եւ տարուած մշակութային բազմերես գործունէութիւնը: Ապա, վեհափառ հայրապետը վեր առաւ լիբանանահայութեան կարեւորութիւնը, իբրեւ հոգեմտաւոր ժառանգութիւն եւ մշակոյթը պահպանող հաւաքականութիւն, որ կը շարունակէ մարդուժ հասցնել, այս իմաստով կարեւոր նկատելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Համազգայինի միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը: Շարունակելով իր խօսքը, վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ըսելով, որ Համազգայինի կատարած աշխատանքը առաքելութիւն մըն է` աւելցնելով, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող դժուար կացութեան, Համազգայինը հաւատարմութեամբ կ՛իրագործէ ազգապահպանման իր առաքելութիւնը: Ան ըսաւ. «Լիբանանը մշտապէս գտնուած է պատերազմի թէ տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ, սակայն մեր կարելիութիւններով մեր միութիւնները շարունակած են ու կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը», խորհուրդ տալով, որ Համազգայինը իր գործունէութեամբ դառնայ փնտռուած եւ անհրաժեշտ կառոյց լիբանանահայ կեանքին մէջ: Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց մեր ազգի բարերարներուն, որ օժանդակեն մեր միութիւններուն եւ նեցուկ կանգնին անոնց աշխատանքին:


